Եղեգնաձորի շրջանի Քարագլուխ գիւղը կը բնակի Հայաստանի ամէնէն տարեց կինը՝ Մարթա Ասկանդարեան, որ 120 տարեկան է։ Ունի ինը զաւակներ՝ հինգ աղջիկ եւ չորս տղայ։

Անոր կրտսեր տղան՝ Սիրական այժմ 73 տարեկան է։ 120 տարեկան կնոջ լսողութիւն լաւ է։ Կը մասնակցի տնային գործերու, կենսուրախ, աշխուժ խօսակից է։ Գոհ է իր տեսողութենէն, ասեղնագործութիւն կ'ընէ առանց դժուարութեան։

Ազգ. պատկերասրահի հայկական արուեստի բաժնին մէջ կազմակերպուած է նոր ցուցահանդէս մը, ուր առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուած են մեծ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Նոյ նահապետը՝ Արարատէն իջնելու ատեն» գործը, ինչպէս նաեւ Գէորգ Բաշինջաղեանի «Բացարձակ լռութիւն» ու «Քարիւղաքարեր» գործերը։ Նոյնպէս առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուած է Մարտիրոս Սարեանի «Հայաստան» հոյակապ գործը, որ նկարիչը պատրաստած է Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնի վարագոյրին համար։ Ցուցադրուած են նաեւ սփիւռքահայ կարգ մը նկարիչներու գործերը։

18-րդ եւ 19-րդ դարերու պատկանող հետաքրքրական եւ միաժամանակ արժէքաւոր առարկաներ հաւաքուած են հայ ազգագրագէտներու կողմէ, Հայաստանի կամ հայաբնակ վայրերու մէջ։ Հաւաքուած եւ Երեւանի Պատմական թանգարանին ազգագրական բաժինը տեղաւորուած իրերուն մէջ կան զանազան տեսակի ասեղնագործութիւններ եւայլն։ Այս իրերը ցոյց կուտան մեր ժողովուրդին կենցաղը եւ արուեստին նըրբութիւնը։

Խաչատուր Աբովեանի անունով հաստատուած է շքանշան մը, որ պիտի տրուի վաստակաւոր ուսուցիչներու, մանկավարժներու, դպրոցական կամ մանկական դասագիրքեր հրատարակողներուն եւ մշակողներուն, եւայլն։