Հռչակաւոր բեմադրիչ Իլիա Գազանի կողմէ պատրաստուած «Ամերիկա, Ամերիկա» գեղեցիկ ժապաւէնը, մէկ քանի շաբաթէ ի վեր կը ներկայացուի Աթէնքի լաւագոյն սինեմաներուն մէջ։
Ժապաւէնին նիւթը՝ 1896-ին թուրքերու կողմէ հայերու դէմ գործադրուած խժդժութիւններու մէկ փոքրիկ պատմութիւնն է միայն։ Բայց, Իլիա Գազան ջանացած է կարելի եղածին չափ հարազատօրէն ներկայացնել այդ փոքր պատմութիւնը, որպէսզի քաղաքակիրթ մարդկութիւնը որոշ գաղափար մը կազմէ թրքական վայրագութեանց մասին։ Ինչպէս մեր պատմութեան ընթացքին գրեթէ միշտ բախտակից եղած ենք հելլէններուն հետ, այս ժապաւէնին մէջ ալ հայ եւ հելլէն երիտասարդներ սիրալիր կապերով իրարու հետ միացած՝ կը ջանան ազատիլ ոճրագործ թուրքերու ձեռքէն եւ ապաստանիլ Ամերիկա։ Խժդժութիւններ, ոճիրներ, անմեղ կիներու եւ պատանիներու դէմ - ծրագրուած եւ կանխամտածուած։ Կ'արժէ որ ամէն հայ տեսնէ «Ամերիկա, Ամերիկա» ժապաւէնը եւ յիշէ թէ ինք այդ խաչուած սերունդի ժառանգորդն է։ Ժապաւէնը առաջին անգամ կը ներկայացուի Յունաստանի մէջ, որովհետեւ, մեծ մասը պատրաստուած է հոս եւ հայեր ալ դեր վերցուցած են անոր մէջ։
«Նիւ Եորք Թայմզ» իր Մարտ 18ի թիւի առաջին էջին վրայ կը հրատարակէ թէ «այս 165 հայերը (20 ընտանիք) մաս կը կազմեն 312 հայերու այն խումբին, որ 1947էն 1949 հեռացան Միացեալ Նահանգներէն, հայրենադարձի շրջանին։ «Ամերիկայէն մեկնող հայերը, կը շարունակէ թղթակիցը, համայնավարութենէն հրապուրուած չէին, այլ՝ հայոց հայրենիքի գաղափարէն, դարերով հալածուած եւ տարագիր հայրենակիցներու հետ միասին ապրելու, իրենց վաղեմի մշակոյթն ու լեզուն յաւերժացնելու գաղափարին։ Ներգաղթած 312 հոգիէն աւելի քան հարիւրը մեռած են. անոնցմէ շատերը ծեր էին արդէն՝ երբ Հայաստան կը հասնէին։ Այժմ, 165 հոգի կը փափաքին վերադառնալ Ամերիկա։ Թղթակիցը կ'եզրակացնէ թէ հայրենադարձներու այս պատմութիւնը սրտաբեկիչ է։ Անոնցմէ գրեթէ ոչ ոք ազգական ունի Հայաստանի մէջ։