19 Սեպտեմբերի այս օր կը լրանայ ծննդեան 144ամեակը հայ գրականութեան մեծատաղանդ արժէքներէն Երուանդ Օտեանի, որ հայկական երգիծանքը բացաւ նոր հորիզոններու՝ այնքան սիրուած ու փնտռուած գրական այս սեռին անվիճելի հիմնադիրին ու հանճարին՝ Յակոբ Պարոնեանի իւրօրինակ, այլեւ արժանաւոր յաջորդը դառնալով։
Օտեան չունեցաւ Պարոնեանի շեշտակի անհատականութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը, իր հաւատացած գաղափարներուն համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու, հալածուելու եւ անօթի մնալու գնով անոնց կառչած մնալու հետեւողականութիւնը։
Բայց Օտեան ունեցաւ կեանքն ու մարդիկը աւելի լայն ընդգրկումով ճանչնալու, երգիծանքը գեղարուեստական բարձրորակ մշակումի արժանացնելու եւ ազգային-հասարակական ամէն կարգի թերութիւններն ու յոռի բարքերը անխնայ ձաղկելու բնատուր տաղանդը։
Երուանդ Օտեանի կերտած «Ընկեր Փանջունի»ի կերպարը առանձինն բաւարար է, որպէսզի հայկական երգիծագրութեան այս մեծատաղանդ վարպետը իր արժանի տեղը գրաւէ հայ ժողովուրդի վաւերական մեծերու եւ անմահներու համաստեղութեան մէջ։
Հայ նահապետական Օտեան տոհմի շառաւիղ էր Երուանդ։ Եղբօրորդին էր արեւմտահայ Զարթօնքի Սերունդի ականաւոր դրօշակիրներէն Գրիգոր Օտեանի։ Ծնած էր Պոլսոյ արուարձաններէն Ենի-Քէոյի մէջ, Վոսփորի ափին։ Հայրը Օսմանեան Կայսրութեան պետական պաշտօնատար էր եւ
հիւպատոսական պաշտօնով յաճախ կը տեղափոխուէր երկրէ երկիր՝ իր հետ տանելով նաեւ ընտանիքը։
Այդ պատճառով ալ, մանուկ տարիքէն, Երուանդ Օտեան ապրած է Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Ռումանիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ։ Նաեւ՝ անհանդարտ մանուկ մը ըլլալով, չէ յաճախած դպրոց եւ տան մէջ ստացած է իր ուսումը, մասնաւոր դաստիարակներու եւ դասատուներու շունչին տակ։ Ազգային-հասարակական իր կազմաւորման վրայ մեծ եղած է ազդեցութիւնը հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի, որուն մօտ ալ քանի մը տարի ապրած է Փարիզի մէջ։ Պայմաններու բերմամբ սորված է տարբեր լեզուներ եւ, թրքերէնի կողքին, տիրապետած է նաեւ ֆրանսերէնի ու գերմաներէնի։ Կազմաւորուելով Գրիգոր Օտեանի մտերիմներու շրջապատին մէջ՝ Երուանդ Օտեան մօտէն ծանօթացած է Մինաս Չերազի, Նահապետ Ռուսինեանի, Թովմաս Թերզեանի եւ Ռեթէոս Պէրպէրեանի տարողութեամբ ազգային գործիչներու հետ։
Թէեւ 1880ականներու վերջերուն, երբ ընտանիքը վերադարձած է Պոլիս, կարճ ժամանակով յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, բայց ընդհանրապէս ինքնաշխատութեամբ Երուանդ Օտեան ապահոված է իր բազմակողմանի զարգացումը։ Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտ եղած շրջանին խմբագրած է «Վառարան» անունով աշակերտական խմորատիպ երգիծաթերթը, որ շուտով արգիլուած է վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ, իսկ Երուանդ Օտեան ձեռնարկած է «Անհաշտ» անունով սեփական երգիծաթերթի հրատարակութեան։
Մինչեւ 1896 թուականի օսմանեան մայրաքաղաքի հակահայ խժդժութիւնները, Երուանդ Օտեան մնաց Պոլիս եւ աշխատակցեցաւ տարբեր թերթերու՝ «Բիւզանդիոն»ի, «Հայրենիք»ի եւ այլոց։ Այդ շրջանի իր կարեւորագոյն գործը հանդիսացաւ «Վաշխառուն» վիպակը, որ կը ձաղկէ դրամապաշտ վաշխառուի մը շահատակութիւնները՝ իրմէ տարիքով շատ փոքր աղջկայ մը հետ առանց սիրոյ ամուսնութեան հետեւող ողբերգութեանց լոյսին տակ։
1896ի աշնան, ատենի պոլսահայ գրողներու եւ մտաւորականներու մեծ մասին պէս Համիտեան հալածանքէն խոյս տալով, Երուանդ Օտեան իր կարգին հեռացաւ Պոլիսէն եւ ամբողջ 12 տարի շրջեցաւ երկրէ երկիր՝ Փարիզէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Հնդկաստան, ապրուստի մնայուն միջոց ունենալով մամուլին աշխատակցութիւնը թերթօններով եւ երգիծական տոմսերով, բայց նաեւ տարբեր ասպարէզներու մէջ իր բախտը փորձելով (Հնդկաստանի մէջ գոհարեղէնի վաճառականութիւն ալ ըրաւ)...
Թափառական հայու այդ կեանքը յաւելեալ պատճառ մը եղաւ, որպէսզի Երուանդ Օտեան չամուսնանայ եւ ընտանիք չկազմէ. մինչեւ վերջ ալ ամուրի մնաց։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Օտեան վերադարձաւ Պոլիս եւ մինչեւ 1915ի հայ մտաւորականութեան աքսորը աշխոյժ ներկայութիւն եղաւ հայ մամուլի էջերուն։ Տարբերութիւն չդրաւ թերթերուն միջեւ եւ միաժամանակ աշխատակցեցաւ գաղափարական տարբեր կողմնորոշումներու տէր թերթերու՝ «Բիւզանդիոն»էն մինչեւ «Ժամանակ» եւ «Ազատամարտ»։
Այս շրջանին գրուեցաւ «Ընկեր Փանջունի»ի եռահատոր շարքը, որ ծաղրանկարի վերածեց «հայ ընկերվարական յեղափոխական»ի այն կերպարը, որ հայ իրականութենէն կտրուած ու գաղափարական-բարոյական սրբութիւններէ զուրկ այլանդակ արարած մըն է։ «Ընկեր Փանջունի»ն քաղաքական երգիծանքի գլուխ-գործոցը դարձաւ հայ գրականութեան մէջ։
Երուանդ Օտեան իր կարգին ձերբակալուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին եւ աքսորուեցաւ։ Բայց հրաշքով փրկուեցաւ հայ մտաւորականութեան եղերական ճակատագրէն, որովհետեւ գերմաներէնի իր իմացութեան շնորհիւ գրակալ դարձաւ գերմանական բանակին եւ անոր պաշտպանութեան արժանացաւ։
Զինադադարէն ետք Օտեան վերադարձաւ Պոլիս եւ նոր թափով լծուեցաւ ժամանակի հայ մամուլին իր աշխատակցութեանց։ Բայց երբ քեմալական իշխանութիւնը եւս սկսաւ զգալի դարձնել իր հակահայ ճնշումներն ու հալածանքները, Օտեան 1922ին վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, շրջան մը ապրեցաւ Պէյրութ՝ Լիբանան, ապա անցաւ Գահիրէ՝ Եգիպտոս, ուր խմբագրեց «Արեւ»ը, մինչեւ 1926ի իր մահը։
Երուանդ Օտեան շատ բեղուն գրիչ մը եղաւ։ Աւելի քան 35 վէպեր, վիպակներ ու պատմուածքներ գրեց, որոնց մեծ մասը այսօր մոռցուած է, բայց 10ի հասնող վէպեր, վիպակներ ու թատերախաղեր մինչեւ այսօր կþարժանանան հայ ընթերցողի գնահատանքին՝ անմահացնելով անունն ու տաղանդը անոնց հեղինակին։
Այդպիսին են «Առաքելութիւն ի Ծապլվար»ը («Ընկեր Փանջունի»ն), հայոց յեղափոխական շարժման պաշտպանութեան դիրքերէն գրուած «Մատնիչ»ը, Պոլսոյ հայ կեանքի ընկերային արատները մերկացնող ու հեգնող «Թաղականին Կնիկը» եւ «Միջնորդ Տէր Պապան» վէպերը, «Չարչըլը Արթին Աղան» եւ «Զավալլըն» թատերախաղերը, ինչպէս նաեւ 12ամեայ իր թափառաշրջիկ կեանքէն վերցուած «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս» յուշագրութիւնը։
Առօրեայ հեւքով գրեց Երուանդ Օտեան եւ թերթօնային եղաւ իր գրականութիւնը, բայց բազմատաղանդ գրողի իր բնատուր արժանիքներով՝ ան կրցաւ մեծ ներդրում ունենալ ոչ միայն հայ երգիծագրութեան գեղարուեստական մշակումին, այլեւ արեւմտահայ աշխարհաբարի յղկումին ու զարգացման, ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան իրապաշտ դպրոցի հարստացման մէջ։
Հայկական երգիծագրութեան «Փոքր Մասիս»ին ծննդեան 144ամեակին նշումը անոր ժառանգութեամբ վերաթարմանալու առիթի մը վերածելու առաջադրանքով՝ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք «Ազգ» օրաթերթէն արտատպուած եւ համացանցի վրայ տարածուած Օտեանի «Հայ Տիասպորա» գործէն հատուած մը՝ նոյն թերթի խմբագրութեան կողմէ տրուած ներածական բացատրութեամբ։
ԱՂԱՆԴԱՒՈՐՆԵՐԸ ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ ԳՐՉԻ ՏԱԿ
Հատուած «Հայ Տիասպորա» գրքից Եթէ աղանդաւորական երեւոյթները յետխորհրդային Հայաստանում նոր են, ապա սփիւռքում դրանք եղել են սկզբից եւեթ, անգամ Մեծ եղեռնից առաջ՝ Կիլիկիայի ու Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր բնակավայրերում: Դրանց անդրադարձել են մեր գրողներից շատերը, տարբեր յօդուածներում եւ հրապարակումներում ձաղկելով օտարամուտ այդ «վարդապետութիւններն» ու դրանց քարոզիչներին, որոնց զոհերից մեկն էլ հայ գրականութեան ամենաինքնատիպ ներկայացուցիչ Ինտրան էր՝ իր տխուր վախճանով: Գրողներից մի քանիսն էլ քարոզիչներին ու ժողովրդի մեջ նրանց թողած աւերներին անդրադարձել են գեղարուեստական երկերում՝ առաւելաբար կոմիկական իրավիճակներում, ինչպէս «սուրբ հոգով փրկուածները» Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ» անմահ յուշագրութեան մեջ: Թեմային անդրադարձել է նաեւ մեր մեծ երգիծաբան Երուանդ Օտեանը 1924-1925 թթ.-ին Կահիրէի ռամկավարական «Արեւ» օրաթերթում որպէս թերթօն հրատարակած իր «Հայ տիասպորան» վէպում (առանձին գրքով հրատարակուել է 1999-ին՝ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի կողմից, խմբագրութեամբ Հենրիկ Բախչինեանի) :
Ստորեւ՝ մի հատուած շուրջ 85 տարուայ վաղեմութեամբ այդ ստեղծագործութիւնից: Դէպքը տեղի է ունենում Բեյրութում, որն այդ ժամանակ մաս էր կազմում Մեծ Սիրիային: Օգտուելով նաւահանգստային այդ քաղաք ապաստանած Եղեռնից մազապուրծ հայերի աղքատ եւ անպաշտպան վիճակից, Օտեանի հերոսներից Եղբայր Բառնաբասը «աշխարհի վէրջի» սպառնալիքով փորձում է նրանց «դարձի» բերել, «Տէրոջ խօսքն» է քարոզում եւ... դրամ վաստակում, նախանձը շարժելով այս վէպում Օտեանի միւս հերոսների՝ Սեւ Կարոյի, Թոմիի եւ Թաթուլի, որոնք կեղծ տեռորիստներ են, կեղծ ֆիդայիներ, պարզապես շուլլերներ:
«ԱԶԳ»
- Ասիկա իմ ընկերս է, Ռումանիայէն միասին եկած ենք... Սեւ Կարօ է անունը, թերեւս լսած ես:
- Կարծեմ թէ այդ անունը լսած եմ,- ըսաւ Թօմի բարեւելով:
- Իսկ միւս պարոնը հոս ճանչցանք,- շարունակեց Թաթուլ,- ի՞նչպէս է ձեր անունը:
- Եղբայր Բառնաբաս,- պատասխանեց անծանօթ երիտասարդը:
- Այո, հիմա յիշեցի,- գոչեց Թաթուլ ժպտելով,- եղբայր Բառնաբաս:
Այն, որ ինքզինք եղբայր Բառնաբաս կ’անուանէր, հազիւ 30-32 տարեկան, համակրելի դէմքով, խելացի աչքերով, խարտեաշ երիտասարդ մըն էր:
- Եղբայր Բառնաբասը,- շարունակեց Թաթուլ,- քարոզիչ է, Քրիստոսի մօտալուտ գալուստը կը պատմէ կոր եւ միեւնոյն ատեն աշխարհ ալ մօտ օրէն պիտի կործանի՝ կ’ըսէ կոր...
- Ո՞ւր է ձեր բուն տեղը,- հարցուց Թօմի՝ երիտասարդին դառնալով:
- Մեր բուն տեղը յայտնի չէ,- պատասխանեց երիտասարդը,- մեր գործերուն համեմատ կա՛մ երկինքի արքայութիւնը պիտի վայելենք եւ կա՛մ դժոխքի կրակին մէջ պիտի այրինք:
- Իմ հարցուցածս այդ չէ, հոս, Սուրիոյ մէջ ո՞ւր կը բնակիս, եղբայր Բառնաբաս:
- Որոշ տեղ մը չունիմ, կը պտտիմ, կը քարոզեմ, որովհետեւ ժամանակ պէտք չէ կորսնցել, նշանները մէջտեղ են, Քրիստոսի գալուստը մօտ է... պէտք է ամէնքս ալ պատրաստ ըլլանք, մեղքի մարդը մեր վրայէն թօթափենք:
- Եղբայր Բառնաբաս, ո՞ւրկէ եկար Բեյրութ,- հարցուց Թօմի:
- Հալէպէն կ’ուգամ եւ Զահլէ կ’երթամ եղբայրներուն եւ քոյրերուն քարոզելու:
- Գիրքեր, տետրակներ ալ ունի պայուսակին մէջ, մեզի տուաւ,- միջամտեց Թաթուլ:
Յետոյ երիտասարդին դառնալով՝ աւելցուց:
- Այս մեր բարեկամին ալ տուր, ան ալ իր մեղքերը քաւելու պէտք ունի:
- Չէ՛, չէ՛,- գոչեց Թօմի,- թող մնայ, ես գիրքի ու տետրակի տալիք դրամ չունիմ:
- Մենք Տէրոջ խօսքը դրամով չենք տար,- ըսաւ երիտասարդը,- ձրի կը բաժնենք:
- Այդ տարբեր:
Եւ ծրար մը գիրք, տետր, ամսաթերթ թխմեց Թօմիի ձեռքը:
Թօմի շնորհակալութեամբ առաւ ծրարը:
- Երբ դուք կարդաք, լմցունէք, ձեր բարեկամներուն տուէք, որ անոնք ալ կարդան ու փրկուին,- ըսաւ եղբայր Բառնաբաս:
- Այնպէ՛ս կ’ընեմ,- խոստացաւ Թօմի:
Բառնաբաս, որ արդէն մեկնելու պատրաստութիւնը տեսած էր, ծառան կանչեց, հաշիւը տեսաւ ու «մնաք բարով» ըսելով՝ մեկնեցաւ ընկերակցութեամբ ծառային, որուն հետ սիրալիր խօսակցութեան մը բռնուեցաւ:
Վայրկեան մը ետքը ծառան վերադարձաւ սուրճ բերելու համար Թօմիի:
- Կ՛երեւայ, որ այդ եղբայր Բառնաբասը առաջուց կը ճանչնաս,- ըսաւ Թաթուլ ծառային:
- Անշուշտ, հին ընկերներ ենք,- պատասխանեց ծառան,- միասին կամաւոր լեգէոնական եղած ենք:
- Վա՛յ,- գոչեց Թօմի,- ես ալ լեգէոնական եմ:
- Խաթրդ չի մնայ, բայց փախուկին մէկը կ’երեւայ կոր,- ըսաւ Թաթուլ:
- Կատարեալ շոշորդ մը,- աւելցուց Թօմի:
- Փախո՞ւկ մի, շոշո՞րդ մի... ի՛նչ կ’ըսէք, շունշանորդի հանած-վարածին մէկն է:
- Հապա այդ վերջնաշխարհի, Քրիստոսի գալուստին քարոզութիւննե՞րը...
- Ատոնք բոլոր խաղ են... ինք ամենէն աւելի կը խնդայ իր ըսածներուն վրայ:
- Այն ատեն ինչո՞ւ այդ քարոզութիւնը կ՛ընէ:
- Ի՞նչ ընէ խեղճը, շատ աշխատեցաւ, ասդին-անդին ինկաւ գործ մը գտնելու համար, կարելի չեղաւ, վերջապէս գնաց այդ ամերիկացիներուն դիմեց, ինքզինք ջերմ հաւատացեալ ցոյց տուաւ եւ յաջողեցաւ այդ քարոզիչի պաշտօնը ձեռք ձգել, հիմա հանգիստ կ’ապրի:
- Ուրեմն ամսականով վերջնաշխարհ կը քարոզէ, ըսաւ Թօմի:
- Հարկաւ, պատասխանեց ծառան, ամիսը 40 դոլար կ’առնէ, ճամբու ծախքերն ալ զատ... այդ ծախքերու հաշիւէն ալ ամիսը 20 սուրիական մը կը շինէ:
- Ծօ, ի՛նչ աղէկ գործ,- գոչեց Սեւ Կարօ,- ես այդչափ ամսականի փոխարէն մինակ Քրիստոսը չէ՝ Աստուածածինը ու Առաքեալնե՛րն ալ կը բերեմ աշխարհ:
- Եթէ յաջողի իր քարոզներով մէկը համոզել ու իրենց դարձնել, ատոր համար ալ զատ նուէր կը ստանայ,- բացատրեց ծառան:
- Համոզուող կ’ըլլա՞յ:
- Շատ, մանաւանդ երբ իր ստանալիք նուէրին կէսն ալ անոր խոստանայ:
- Ի՜նչ գործեր կան աշխարհի մէջ, որմէ տեղեկութիւն չունինք,- ըսաւ Թօմի:
- Մենք ալ զինքը պակասամիտ փախուկի մը տեղը դրինք:
- Մինչ խելացին ինք է, եւ ապուշը մենք ենք եղեր, իրեն պէս ուրիշ քարոզիչներ ալ կա՞ն:
- Շա՜տ,- պատասխանեց ծառան,- ութը-տասը հատ ես միայն կը ճանչնամ... բայց ամենէն վարպետորդին այս եղբայր Բառնաբասն է:
Ծառան դուրս ելաւ սենեակէն:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Ն.