Սեպտեմբեր 28ի այս օրը, 139 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհն ու համայն հայ ժողովուրդը բախտաւորուեցան ծնունդովը վերածնուող մեր ազգի ու հայրենիքի լուսաւորութեան սրբազան գործը կազմակերպական ամուր հիմերու վրայ դնող ուսումնական սերնդակերտ Օճախով մը։

1874ի սեպտեմբերեան այս օրը, Հայոց Հաւատքի խորհրդանիշ օրրանին՝ Ս. Էջմիածնի մէջ, պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ հոգեմտաւոր ուսման անզուգական կեդրոնի մը, որ «Գէորգեան Ճեմարան» անուանուեցաւ ի պատիւ եւ ի երախտագիտութիւն իր հիմնադրին՝ Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։

19րդ դարու վերջին քառորդին հայոց Ազգային Զարթօնքը արդէն կը գտնուէր իր յաղթարշաւի փուլին մէջ։ Թէ՛ արեւմտահայութիւնը եւ թէ արեւելահայութիւնը յաջողութեամբ նուաճած էին արդէն աշխարհաբար հայերէնի նուիրագործումը՝ իբրեւ հայ հոգեմտաւոր բազմադարեան հարուստ ժառանգութիւնը սեփական ժողովուրդին մատչելի դարձնելու եւ վերանորոգելու ազգային լուսաւորութեան ու վերածնունդի սրբազան զէնքի։

Այդ առումով ալ թէեւ Ս. Էջմիածնի մէջ հիմնուեցաւ եւ բացառապէս ռուս ցարական իշխանութեանց արտօնութեամբ իր առաքելութեան ձեռնարկեց Գէորգեան Ճեմարանը, այդուհանդերձ՝ համայն հայութեան սեփականութիւնը եւ օրհնաբեր օճախը դարձաւ ան՝ Հայաստան Աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքելով թէ՛ իր բաշխած լոյսին ծարաւ սաները, թէ՛ հայոց սերունդներուն ազգային հոգեմտաւոր ուսում ջամբելու առաքելութեան նուիրեալները - անձնդիր, գիտուն եւ մեծարդէք ուսուցիչներն ու դաստիարակները։

Գէորգեան Ճեմարանի սերնդակերտ առաքելութիւնը անխափան շարունակուեցաւ մինչեւ 1917 թուականը եւ աւելի քան քառասնամեայ այդ ճառագայթման շրջանին Գէորգեան Ճեմարանը, իր պատրաստած սերունդներով, բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի պատմակերտ վերածնունդին մէջ։

Հանրագիտական ամփոփ տեղեկանքով՝ այսօր Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան անունով ճանչցուող Աստուածաբանական Համալսարանը 139 տարի առաջ հիմնուեցաւ իբրեւ դպրեվանք։ Ատենի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցին էր, որ 1866ին օգտուելով Ցարական Ռուսաստանի մէջ որդեգրուած կրթական համակարգի եւ կրօնական ազատութեանց կարգաւորման կայսերական հրամանագրէն (Պոլոժենիայէն), նախ ձեռնամուխ եղաւ Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ բոլոր վիճակները (թեմերը) յատուկ՝ թեմական ու ծխական դպրոցներով օժտելու մեծ գործին, ապա՝ նորաբաց ազգային վարժարաններուն հայ ուսուցիչներ պատրաստող ուսուցչանոցի մը՝ Ճեմարանի ստեղծման։

1866ին Հայոց Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի Ալեքսանդր II ցարին հետ, որմէ արտօնութիւն ստացաւ հիմնադրելու հոգեւոր կրթական հաստատութիւն մը Էջմիածնի հովանիին տակ: Ճեմարանի շինարարութիւնը սկսաւ 1869ի Մայիսի 25ին, իսկ բացումը կատարուեցաւ 1874ի Սեպտեմբեր 28ին: Բացումէն քանի մը օր ետք, Ռուսաստանի լուսաւորութեան նախարարութեան վաւերացուցած կանոնադրութեամբ՝ Ճեմարանը պէտք է ունենար երկու բաժին՝ դասարանական 6ամեայ եւ լսարանական 3ամեայ ուսուցմամբ, նպատակ ունենալով ջամբումը հոգեւոր բարձրագոյն կրթութեան:

Հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 1882 թուականը, որպէսզի Ճեմարանը ամբողջացուէր Էջմիածնի Ժառանգաւորաց Դպրոցով։ Կարճ ժամանակի մը համար Էջմիածնի Ժառանգաւորաց Հոգեւոր Ճեմարան կոչուելէ ետք, 1884էն սկսեալ հայոց սերնդակերտ օճախը վերջնականապէս ստացաւ իր հիմնադրին անունը եւ վերանուանուեցաւ Գէորգեան Ճեմարան:

Հանրագիտական աղբիւրները դիտել կու տան, թէ սկզբնական շրջանին եւ հակառակ Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի թափած ջանքերուն, նորահաստատ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն ոեւէ մէկը կուսակրօն հոգեւորական չդարձաւ։ Ճեմարանէն ներս սկզբնական այդ տապիներուն կը տիրէր աշխարհական ոգին: Ճեմարան իր կոչման եւ ծառայութեան տէր դարձնելու ուղղութեամբ հիմնական դեր ունեցաւ յաջորդ՝ Մակար Ա. Թեղուտցի Կաթողիկոսը: Հայոց նորօծ Հայրապետը ուժեղացուց Ճեմարանի ուսուցչական կազմը՝ աշխատանքի հրաւիրելով Ա. Նահապետեանի, Ա. Մանդինեանին, Փ. Վարդանեանին, Ս. Պալասանեանի, Մ. Պալեանին, Մ. Օրմանեանի օրինակով հայագիտական ու աստուածաբանական պատրաստութեանմեծ կշիռ ներկայացնող հեղինակութիւններ։ Յատկապէս հիմնական դեր խաղացած է Օրմանեանի նշանակումը իբրեւ Ճեմարանի աստուածաբանական առարկաներու ուսուցիչ: Օրմանեանի ջանքերով Ճեմարանի 1888ի շրջանաւարտներէն չորսը, առաջին անգամ ըլլալով, ձեռնադրուեցան կուսակրօն հոգեւորական:

Ճեմարանը դարձաւ բազմակողմանի ընդհանուր կրթութիւն ջամբող օճախ:

- Դպրոցական բաժնին մէջ կը դասաւանդուէին հայոց պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, ընդհանուր պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, հայ մատենագրութիւն, հայոց եւ օտար լեզուներ (ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն), բնագիտութիւն, տիեզերագիտութիւն, ուսողութիւն (մաթեմատիկա), Ս. Գիրք, եկեղեցական երաժշտութիւն, տրամաբանութիւն եւ այլն:

- Լսարանական բաժնին մէջ կը դասաւանդուէին հայոց լեզու (աշխարհաբար ու գրաբար՝ քննական), հայոց պատմութիւն, եկեղեցական մատենագրութիւն, հայ գրականութիւն, ընդհանուր եւրոպական գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, քաղաքատնտեսութիւն, Հայ եկեղեցու պատմութիւն, հայ եկեղեցական իրաւունք, ծիսագիտութիւն, հին յունարեն եւ այլն: Շրջանաւարտները պարտադիր պէտք է ներկայացնէին աւարտական շարադրանք եւ զայն պաշտպանել քննիչ յանձնաժողովի մը առջեւ, որմէ ետք միայն կուսակրօն ձեռնադրուած են կամ ուսումը շարունակելու ղրկուած են։

Հանրագիտական աղբիւրները նաեւ կը հաստատեն, թէ տարբեր տարիներու Ճեմարանին մէջ դասախօսած են Մանուկ Աբեղեանը, Հրաչեայ Աճառեանը, Եղիշէ Թադեւոսեանը, Լէոն, Ս. Լիսիցեանը, Ք. Կարա-Մուրզան, Կոմիտասը, Կ. Կոստանեանցը, Ս. Յարությունյանը, Ա. Յովհաննիսեանը, Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, Յակոբ Մանանդեանը, Մեսրոպ Արք. Տէր-Մովսիսեանը (Մագիստրոս) եւ այլք: Դասախօսներուն կարեւոր մէկ մասը եղած են Ճեմարանէն շրջանաւարտ սաներ:

Ճեմարանին հոգեմտաւոր լուսաւորութեան աւանդոյթը մեծարժէք է նաեւ այն առումով, որ հոն մշակուեցան հայկական դպրոցներու կրթական՝ հայեցի՛ ուսման ծրագիրները, կազմուեցան համապատասխան դասագիրքերը, գրուեցան պատմագիտական, բանասիրական, մանկավարժական, աստուածաբանական բազում աշխատասիրութիւններ, որոնց շատերը հայագիտութեան մնայուն արժէքներ են: Շուրջ 50 տարի ատենի հայկական դպրոցներուն ուսուցչական կազմերը համալրուած են Ճեմարանի շրջանաւարտներով:

1917ի վերջերուն, մէկ կողմէ Ռւսաստանը եւ ամբողջ տարածաշրջանը ալեկոծած պոլշեւիկեան յեղաշրջման ու Ա. Աշխարհամարտի ռուս-թրքական ճակատէն ռուս զինուորներու տուն կանչին հետեւած օրհասական պայմաններուն մէջ, օրուան Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի որոշումով, Ճեմարանը Դեկտեմբեր 21ին առժամապէս դադրեցուց իր պարապմունքները եւ շէնքը տրամադրեց Հայ Կամաւորական Շարժման զինուորական հրամանատարութեան։

Թէեւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն ետք, 1919-20ին, ՀՀ իշխանութիւնները որոշ փորձեր կատարեցին Գէորգեան Ճեմարանը վերաբանալու ուղղութեամբ, այդուհանդերձ՝ այդ ճիգերը չարդիւնաւորուեցան: Միւս կողմէ, սակայն, Ճեմարանի դասախօսները վճռորոշ դեր խաղացին Հայաստանի Ազգային Համալսարանի ստեղծման գործին մէջ: Ճեմարանի գրադարանին եզակի եւ հարուստ հաւաքածուն (45 հազար գիրք) դարձաւ Ազգային Գրադարանի եւ Մատենադարանի հիմնարար ֆոնտերէն մէկը։

20րդ դարասկզբին Ճեմարանը ունէր 230 ձրիավարժ եւ 20 թոշակառու սաներ: Վերատեսուչը Հայոց Հայրապետն էր, որ Ճեմարանի գործերը կը ղեկավարէր Ուսումնական Խորհուրդի եւ գլխաւոր Տեսուչին հետ:

Խորհրդային տասնամեակներուն խօսքն անգամ չէր կրնար ըլլալ Գէորգեան Ճեմարանը վերաբանալու անհրաժեշտութեան մասին։ Բայց Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, օգտուելով ազգային տրամադրութիւնները քաջալերելու եւ խորհրդային քաղաքականութեան հաշիւներուն ծառայեցնելու ընդհանուր բարենպաստ մթնոլորտէն, 1945ի Նոյեմբեր 1ին, ճեմարանական նախկին սան Գէորգ Զ. Չորեքչեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ջանքերով, բացուեցաւ Էջմիածնի հոգեւոր Ճեմարանը։ Սկզբնապէս համեստ, ապա Վազգէն Ա. Վեհափառի ջանքերով աշխոյժ կեդրոն մը դառնալու իր հունը վերագտաւ Ճեմարանը, որ մեր օրերուն, օգտուելով Հայաստանի վերանկախացումին հետեւած ազգային պետականութեան նեցուկէն, քայլ առ քայլ զարգացում կ'ապրի։ Մերօրեայ վերանորոգման մէջ օրհնաբեր եղաւ Գարեգին Ա. Սարգսեան Վեհափառի ծառայութիւնը։ 

Ն.