10 Հոկտեմբերի այս օրը, 108 տարի առաջ, հայոց հինաւուրց ոստան Շուշիի մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ Մելիք-Փաշայեան տոհմէն արու զաւակ մը, որ կնքուեցաւ Ալեքսանդր անունով եւ, իր երաժշտական ղեկավարի բացառիկ տաղանդով, հայազգի փայլքով զարդարեց քսաներորդ դարու արուեստի երկնակամարը։

Առաւելաբար Ա. Մելիք-Փաշայեւ անունով հըռչակուեցաւ 1953ին՝ Խորհրդային Ձիւնհալի ու Խրուշչովեան իշխանութեան առաջին տարիներուն, Մոսկուայի աշխարհահռչակ Պոլշոյի օփերային թատրոնին գլխաւոր ղեկավարի պատուանդանին բարձրացած հայազգի երաժիշտը։

Խորհրդային եւ արեւմտեան երաժշտագէտներու վկայութեամբ, Մելիք-Փաշայեան մեծարժէք ներ- դրում ունեցաւ խորհրդային օփերային երաժշտութեան պաշտօնական այդ բեմը վերանորոգելու գործին մէջ՝ Պոլշոյի գեղարուեստական յայտագիրը թարմացնելով եւ հարըստացնելով թէ՛ արեւմտեան վարպետներու անմահ գործերուն ներկայացումով, թէ՛ վարչակարգին կողմէ անտեսուած խորհրդային բարձրորակ երաժիշտներու գործերուն առջեւ բեմ բանալով։

Ալեքսանդր Մելիք-Փաշայեան մանուկ տարիքէն ապրեցաւ եւ ուսանեցաւ Թիֆլիսի մէջ, որ անցեալ դարասկիզբին իր փառքի գագաթնակէտին կը գտնուէր՝ իբրեւ արեւելահայութեան մշակութային գլխաւոր օճախը։ Հաւանաբար այդ պատճառով, նաեւ, խորհրդային աղբիւրներու մէջ Ա. Մելիք-Փաշայեւ ներկայացուեցաւ իբրեւ վրացի երաժիշտ ու խմբավար՝ Թիֆլիսը նշելով իբրեւ անոր ծննդավայրը։

Ա.Մելիք-Փաշայեան երաժշտական ղեկավարի իր առաջին քայլերը նետեց Թիֆլիսի Երաժշտանոցին մէջ, Նիքոլայ Չերեփնինի շունչին տակ։ 1921ին միացաւ Թիֆլիսի Օփերային՝ իբրեւ օգնական ղեկավար, մինչեւ որ 1924ին նշանակուեցաւ ղեկավար։

Յաւելեալ մասնագիտացման հետեւելու հրաւէր ստացաւ Լենինկրատի Երաժշտանոցէն, ուր Ալեքսանդր Կոուքի ղեկավարութեան տակ, 1928էն մինչեւ 1930, կատարելագործեց իր տաղանդը։ 1930ին վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր նշանակուեցաւ Թիֆլիսի Օփերային գլխաւոր ղեկավար։ Բայց միայն մէկ տարի մնաց այդ պաշտօնին վրայ եւ 1931ին մեկնեցաւ Մոսկուա, Պոլշոյի Օփերային իբրեւ ղեկավար միանալու հրաւէրին ընդառաջելով։ Պոլշոյի իր մուտ- քը յատկանշուեցաւ Վերտիի «Այտա» գործին ներկայացումով, որ իր գործած մեծ տպաւորութեամբ՝ գեղարուեստական վերելքի ուղին բացաւ հայազգի երաժիշտին առջեւ։

Աւելի քան քսան տարի Պոլշոյի երաժշտական ղեկավարներէն մէկը ըլլալէ ետք, 1953ին բացուեցաւ Ա. Մելիք-Փաշայեանի կեանքին աստեղային պահը, երբ խորհրդային իշխանութիւնը յանկարծ պաշտօնազուրկ ըրաւ Պոլշոյի օփերայի թատրոնին մեծավաստակ գլխաւոր ղեկավարը՝ Նիքոլայ Կոլովանովը։ Խորհրդային ժամանականերուն բնորոշ վարչական չոր ու կտրուկ ոճով՝ Կոլովանով տուն ղրկուեցաւ եւ Պոլշոյի գլխաւոր ղեկավարի հեղինակաւոր դիրքը յանձնուեցաւ հայազգի բարձրատաղանդ երաժիշտին։

Ալեքսանդր Մելիք-Փաշայեան լիովին արժեցուց ինքզինք։ Գլխաւոր Ղեկավարի իր պատասխանատուութեամբ, ոչ միայն թարմացուց ու հարստացուց Պոլշոյի գեղարուեստական յայտագիրը, այլեւ անխոնջ աշխատանքով միջազգային բարձրորակ պատրաստութեան մակարդակին հասցուց իրեն վստահուած երաժիշտներու կատարողութիւնը։

Արեւմտեան երաժշտագէտները կը վկայեն, որ 1950ականներու վերջերուն, երբ գեղարուեստական փոխանակումները թափ առին ու եւրոպացի աշխարհահռչակ ղեկավարներ ելոյթներու համար հրաւիրուեցան Պոլշոյի օփերային թատրոն, ընդհանրապէս բոլորն ալ ապշեցան ի տես տեղական ուժերուն գեղարուեստական բարձրորակ պատրաստութեան, որ արգասիքն էր Մելիք-Փաշայեանի հետեւողական ճիգերուն եւ մեծատաղանդ ղեկավարութեան։

Հայազգի մեծ ղեկավարը միջազգային տարողութեամբ իր փառքը նուաճեց 1961ին, երբ հրաւիրուեցաւ Մեծն Բրիտանիա, որպէսզի Օփերայի Արքայական Տան (Քովենթ Կարտըն) մէջ ղեկավարէ Չայքովսկիի «Սփետեսի Թագուհին»։ Արուեստի բացառիկ տաղանդի ցուցադրութեան օր մը եղաւ ատիկա եւ Ալեքսանդր Մելիք-Փաշայեանին տեղն ու փառքը նուիրագործեց իբրեւ քսաներորդ դարու երաժշտական աշխարհի մեծագոյն ղեկավարներէն մէկը։

Բայց ինչպէս որ պատահած էր Պոլշոյի օփերային թատրոնին գլխաւոր ղեկավարութիւնը ստանձնած իր նախորդներու պարագային, Ա. Մելիք-Փաշայեւ իր կարգին 1962ին, առաւօտ մը, ըստ սովորականին գնաց Պոլշոյի Օփերայի իր աշխատասենեակը եւ շէնքի մուտքին նկատեց, որ գլխաւոր ղեկավարի իր անունը հանուած էր գովազդուած յայտագիրներու ցանկէն։

Այդքան չորութեամբ եւ պարզութեամբ վերջ գտաւ հայազգի մեծ երաժշտական ղեկավարին փայլուն ասպարէզը։

Ալեքսանդր Մելիք-Փաշայեան երկար չապրեցաւ այնուհետեւ։ Վախճանեցաւ Մոսկուայի մէջ, 1964ի Յունիս 18ին։

Իր ծննդեան տարեդարձին նուիրուած հակիրճ այս վկայութիւնը կ'արժէ եզրափակել այն նշումով, որ Ա. Մելիք-Փաշայեան միշտ իր կապերը պահեց հայ իրականութեան հետ եւ կարեւոր դեր ունեցաւ հայազգի արժէքներու առջեւ մոսկովեան բեմը բանալու մարզին մէջ։

Յատկապէս անկրկնելի Գոհար Գասպարեանի արուեստին առաջին գնահատողներէն եղաւ եւ անոր առջեւ բացաւ Մոսկուայի երաժշտական աշխարհին հեղինակաւոր բեմը։

Մելիք-Փաշայեանի կը պատկանի այն վկայութիւնը, թէ՝

«Գոհար Գասպարեանի երգը արուեստի ժպիտն է, զարդարում է կեանքը։ Մեծ երգչուհու անունը բոլոր հայերի մէջ մշտապէս առաջացնում է մեծ հպարտութեան եւ հիացմունքի զգացողութիւն»։

 

 

 

 

Ն.