- Հայ բուսաբաններ գտած են հարիւրակ մը նոր տեսակի բժշկական բոյսեր, որոնց հայթայթած հիւթերը կը գործածուին սրտանօթային հիւանդութիւններ, արեան գերճնշումը եւ ուրիշ հիւանդութիւններ դարմանելու համար։ Հաստատուած է, որ Հայաստանի բժշկական բոյսերը խիստ բազմատեսակ են։ Նմանապէս հաստատուած է, որ մօտ երեք հազար տեսակ բոյսերու մեծագոյն մասը բուժիչ բացառիկ յատկութիւններ ունի։ Հայաստանի բոյսերուն հարիւրին քառասունը պաշտօնապէս ընդունուած է իբրեւ բժշկական նախանիւթ՝ Խորհ. Միութեան մէջ։ Մասնագէտներու համաձայն, այս զանազանութիւնը արդիւնք է բնական եւ կլիմայական բացառիկ պայմաններու։

- Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը ամիս առաջ մրցանակաբաշխութեան դատական կազմը վաւերացուցած էր Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձանի մը նախագիծը։ Յուշարձանը չորս հեկտար տեղ պիտի գրաւէ եւ երեք մասերէ պիտի բաղկանայ։ Կեդրոնը պիտի գտնուին յաւիտենական բոցին վրայ հակած եւ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն հայ զոհերուն ի պատիւ տեսակ մը դամբարան կազմող թակեր։ Հրապարակի կողմէն վեր պիտի բարձրանայ կրանիթեայ պատ մը՝ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Գրիգոր Զոհրապի եւ հայկական մշակոյթի ուրիշ ականաւոր ներկայացուցիչներու հարթաքանդակներով, իսկ դիմացը պիտի բարձրանայ հայ վերածնած ժողովուրդը խորհրդանշող կոթող մը։ Յուշարձանին հեղինակներն են՝ երիտասարդ ճարտարապետներ Արթիւր Թարխանեան եւ Սաշուր Կալաշան, իսկ քանդակագործն է՝ Յովհ. Խաչատրեան։

- Ֆրանսական «Էքոնոմի է Փոլիթիկ» պարբերականը իր վերջին թիւին մէջ հրատարակած է խորհրդահայ յայտնի գիտնական Ա. Արզումանեանի մէկ յօդուածը՝ «Յեղափոխական շարժումը եւ աշխարհի այժմէական հարցերը» խորագրով։