Երբ Երեւանեան շէնքերու բակերուն մէջ կը մտնես, առնուազն կ'ապշիս: Հոն, ամէն ինչ կը գտնես՝ կառատուն, խանութ, պարտէզ, ուրիշ ինչ որ կ'ուզես: Մէկ յարկանի տուն, յարկուկէս բնակարան, պեթոնով, երկաթով, ապակիով, ալիւմինիոնով, վարագոյրով, պատուհանով, լուսաւոր, անլոյս, մութ, գունաւոր, գորշ:
Յոյսի պատուհան մը դէպի յաւելեալ կեանք: Հոն՝ վայրն ու ժամանակը որակականօրէն կը տարբերին իրարմէ եւ իրարմով: Երկուքն ալ կը պարտադրեն իրենց իրապաշտական պայմաններէն բխող ճշգրտութիւնը, թէ անճշգրտութիւնը, որ դրոշմուած է իւրաքանչիւրն իր ծագման պահանջի բաղադրութեան մէջ, կիսափուլ թէ ամբողջացած ձեւի մէջ: Թերեւս օրագրութեան մը, կամ գրքի մը հրատարակութեան համար շատ էջերու պէտք պիտի ըլլայ բակի աշխուժ պատմութիւնը, բակի հոգեբանութիւնը նկարագրելու համար:
Երեւանեան բակը իր նկարագիրն ու պատմութիւնը ունի. բակին մէջ, բակէն դուրս, ամբողջ երկրին մէջ:
Բայց մարդիկ ծնած ու մեծցած են այդ բակերուն մէջ. այդ բակերը իրենց առօրեայ թէ տասնամեակներու կեանքին մէջ տեղ ու ապրում ունեցած են, ունին: Բակը՝ կեանքի իշխանութեան, կեանքի շարունակականութեան պէս բան մըն է իրենց համար: Հոն՝ իրականութիւն մը կայ որ դժուար կրնաս բացատրել: Երեւանեան բակը միշտ երեխայ կը մնայ:
Վերոյիշեալ հաստատումներն ու վկայութիւնները ի վիճակի չեն շօշափելի բան մը փոխել հայաստանեան բակի իրավիճակէն: Այդպիսի բան ուզող ալ, հետապնդող ալ չկայ, քանի հին թէ աւելի մօտիկ սովորութիւնները աւանդութիւն դարձած են, եւ մարդ չի համարձակիր անոնց դպչիլ, ոեւէ մէկը չի փափաքիր նուազ աւանդութեամբ ապրիլ, քանի աւանդութիւնը հայու մօտ իր քաղաքակրթութեան շարունակութեան արտայայտիչն է:
Լաւը գէշին եւ գէշը լաւին հետ ինչպէ՞ս կարելի է համեմատել այդ բակերուն եւ իրենց հիւրընկալող տուներուն մէջ: Գիտնականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, քաղաքագէտներ հասակ առած են այդ բակերուն մէջ. հոն զտած են իրենց ապագայ գաղափարները. հոն սորված են հայերէն լեզուն: Հայոց լեզուն քանի՞ հազար բառերէ կը բաղկանայ: Հոն մեծցող երեխաները ի՞նչ մակարդակի բառեր ու նախադասութիւններ սորված են, գործածած են:
Հայաստանի սեփականութեան, սեփականատիրութեան ձեւը, օրէնքը, կանոնը, ընդհանրապէս այս բոլորին իրականութիւնը ինչպէ՞ս կը ձեւաւորուի: Կÿուզեմ հաւատալ, որ գէշին զուգահեռ բնականաբար լաւ օրէնքներ ալ կան, որոնց գործադրութեան համար ճիգ կը թափուի: Վստահաբար որ գէշ օրէնքը արդարօրէն կը բորբոքեցնէ ժողովուրդը, մանաւանդ աղքատը, մանաւանդ անգործը: Աղքատներուն սրտցաւութեան հանդէպ ինչպէ՞ս վարուիլ: Սրտցաւութեան օրէնք կա՞յ Հայաստանի մէջ: Ուրիշ երկիրներու մէջ կա՞յ:
Շինարարական մարզէն ներս մասնագիտական մարմիններ կան, որոնց իմացականօրէն յղկուած եզրակացութիւնները չեն երեւիր, չեն ներգործուիր: Ասոնց կողքին, նոյն մարզի ու մասնագիտութեան խորհրդակցական մարմիններ ալ կան, որ չես գիտեր ինչի՞ մասին խորհուրդ կուտան, իրենց շուրջ ստեղծելով ճարտարապետական կատակերգութիւն, խեղկատակութիւն մը:
Ճիշդ պիտի ըլլար, որ պետութիւնն ու ժողովուրդը ճարտարապետի կողքին ըլլային, ճարտարապետն ալ ժողովուրդին ու պետութեան:
Որակական կառոյցներ կա՞ն. շինարարական որակը կարեւոր կը համարուի՞. մէկը միւսին համապատասխան ըլլալու համար, մէկը միւսին համապատասխան կապտումներ պէտք է ստեղծէ:
Վերջին շրջանին ապօրէն շինութիւններու, կողմնակի սեփականատիրութիւններու թէ սեփականաշնորհումներու շուրջ շատ կը խօսուի. մանաւանդ՝ գէշ կը խօսուի. յանկերգային աղմուկ կը յարուցուի: Այդ ուղղութեամբ, օրին, շատ խօսուեցաւ՝ Երիտասարդական Պալատի, Երեւանի Փակ Շուկայի, 1983ին Համալիրի կառուցման, 1988ի երկրաշարժի շէնքերու խնդրայարոյց պարագաներու շուրջ:
Շէնքեր կը փլին առանց նախագիծի: Շէնքեր կը կառուցուին դարձեալ առանց որեւէ լուրջ ճարտարապետական նախագիծի: Ըսողներ կան. հոս Հայաստան է, ուզողը ուզածը կÿընէ:
Ճարտարապետական մշակոյթ կա՞յ, կը զարգանա՞յ: Անցնող տարիները մեզի բան մը սորվեցուցի՞ն:
Շինութիւններ կան որ կÿորոշուին բայց տարիները կÿանցնին եւ որոշումը չի գործադրուիր: Շինութիւններ ալ կան, որ հազիւ որոշուած, յաջորդ օրը աշխատանքները կը սկսին:
Յոյս կա՞յ, որ կացութիւնը կրնայ փոխուիլ, կամ մասամբ բարեփոխուիլ: Կարեւորը՝ ինչ որ օրինականութեան սահմաններուն մէջ կ'արտայայտէ ժողովուրդը, եւ ոչ թէ ինչ որ կը նմանի ժողովուրդի պարտադրածին: Հայաստան պէտք ունի մէկ ու միակ հիմնական օրէնքի մը, որ պիտի հսկէ ու պարտադրէ քուէարկուած մնացեալ բոլոր օրէնքներուն: Բայց շատեր կը տարակուսին որ այդ օրէնքը կրնայ կիրարկուիլ:
Կը թուի թէ, շինարարութեան մէջ ունակութիւնը, կարգապահութիւնը, օդոլորտին հանդէպ յարգանքը ուրիշ հասկացողութիւններ ունին: Հոն ուրիշ իմաստներ կը տիրապետեն: Մասնագիտական խնդիրները ինչպէ՞ս կÿընկալուին: Օրէնքները, պայմանագիրները կը յարգուի՞ն:
Հայաստանը՝ կÿըսեն, տասը մարդու կը պատկանի: Ո՛վ որ չըսեր, թող բարձրաձայն ըսէ, որ բոլորս լսենք:
Քիչ մը անդին երթալով, հարց տամ զիս մտահոգող այլ կենսական հարցի մը մասին.- Յուշարձաններու պահպանութեան օրէնք կա՞յ. կամ՝ մասամբ կա՞յ: Կը յարգուի՞. կամ մասամբ կը յարգուի՞: Պետական կառոյցները կը հետեւի՞ն որ քուէարկուած օրէնքները յարգուին: Հայաստանեան ընկերութիւնը օրէնք ընդունելու համաձա՞յն է, որովհետեւ մեր բոլոր հարցերը միայն քաղաքականութեամբ չեն լուծուիր:
Հայաստանի մէջ, ոչ միայն շատ յուշարձան կայ, այլ շատ ալ արձան կայ: Ինքնուրոյն ստեղծագործութեան արձանը կը հպատակացնէ նոյնիսկ Աստուծոյ, Աստուածներու:
Հայրենիքը կը մարմնաւորէ դարեր եւ կը գոյատեւէ գաղափարական ազգակցութիւններով:
Այդ արձաններուն ճարտարապետական ենթահող տալու համար լոյս ու մաքուր օդ տալու, արժէքներ ծնելու նոր նախապայմանը դուռ ու պատուհան բանալու մէջ կը կայանայ: Բանանք պատուհանները:
Յովսէփ Պարազեան
(Շար 19)