Ժամանակին հայ մը հայու մը հետ կը հանդիպէր, վայրկեանաբար իրար հետ կը ծանօթանային եւ սրտակցական կապ մը, բարեկամութիւն մը կը ստեղծուէր իրարու միջեւ: Յիշեցէք Ուիլիամ Սարոյեանի խորիմաստ գրութիւնը թարգմանուած Սիմոն Վրացեանի կողմէ:

Առանց որեւէ նախապաշարումի կրնամ խոստովանիլ թէ բարեկամութիւնները պատահական են եւ չեն, խորունկ են, թէ մակերեսային, երկար կամ կարճ կը տեւեն, համոզելով մեզ տիրող այն վարկածին շուրջ, թէ բոլորս հաւասար ենք իրարու, բայց բոլորս նոյնը չենք:
Մեզմէ ո՛վ ինքզինքին հարց տուած չէ, եթէ ժողովուրդներու մշակած բարեկամութիւնները անկեղծ, գաղափարական ու երախտաբեր եղած են, թէ ոչ: Եթէ այդ բարեկամութիւնը ժամանակին մէջ արժէ՞ց, ինքզինք արդարացո՞ւց: Երբ ազգերու բարեկամութեան մէջ սակայն, երկընտրանքի թերահաւատութիւնը թափանցէ, իրական հաղորդակցութիւնը կը կոտրտի, երախտագիտութեան զգացումը կը չգանայ:
Իշխանաւորներ կը մտաբերեն՝ ես քեզի այս կուտամ, դուն ինծի ի՞նչ կուտաս: Կշիռքի հաշիւը բարեկամութեան ձեւ մըն է կÿերեւի: Բարեկամութիւններն ալ փորձութեան կը մատնուին, ինչպէս անխուսափելիօրէն ամէն ինչ մեր կեանքին մէջ:
Անհատներու բարեկամութենէն անկախ սակայն, կան նաեւ ազգերու, ժողովուրդներու բարեկամութիւնները, որոնք հիմնուած պէտք է ըլլան փոխադարձ արժէքային վերաբերումներու վրայ: Անոնք մեր պատմութեան մէջ պարտադիր ու պարտադրող եղած են, առանց դիցաբանական որեւէ կախարդանքի ու կապտումի.- Բիւզանդիոն, Հռոմ, Պարսկաստան, Ասորեստան, Արաբներ եւ տարբեր մակերեսներու վրայ՝ ռուսեր, օսմանցիներ, սելճուքներ, թաթարներ, իրենց տիրապետող արշաւանքներով, իւրաքանչիւրն իր պատճառով ու համեմատութեան կարճ թէ երկար սահմաններով ու սահմանումներով. կեանքի ու ժամանակի շահու օգտակարութեան հարկով, հարկադրանքով, քաղաքական պատշաճեցումներով, իրական թէ կեղծ խորհրդանիշներով:
Վարդանանց օրերուն հայերը երեսանց յօժարեցան ընդունիլ պարսիկներու զրադաշտական կրօնքը, զայն անցողակի երեւոյթ մը համարելով: Վերադարձան Հայաստան ու վճռակամօրէն պատերազմի պատրաստուեցան յանուն ազգի, կրօնքի, հաւատքի: Պարսիկները մեր հաւատքէն, ուղեղէն ու մտածելակերպեն բան չկրցան առնել: Տեղ մը դաստիարակենք բոլորին հայրենիքին համար կամովին նահատակուելու գաղափարի գերագոյն արժէքին շուրջ:
Ըմբոստութեան, ինքնապաշտպանութեան հակազդեցութեան ու շահի վրայ հիմնուած բարեկամութիւնը գովասանքի պէտք չունի. ընդհակառակը վախ պէտք է ազդէ, որովհետեւ հոն կը տիրապետէ գաղափարներու անհաշտ տագնապը, որ ինքնաբերաբար կ'օրինականացնէ թշնամութիւնը:
Հասկցա՞ծ ենք, որ հոն ուր գովասանքն ու փառաբանանքը շռայլ է, անկեղծ պատմութիւն չկայ: Իրական բարեկամութիւնը ցաւը կÿամոքէ: Բարեկամութիւնները չեն շռայլուիր: Իրական բարեկամութիւնը փոխադարձութեան կարիք չզգար, որովհետեւ փոխադարձութեան վրայ հիմնուած չ'ըլլար: Իրական բարեկամութիւնը արժանի բան չունի ինքզինք փաստելու համար: Ուժ ունի հաւասարակշռուածօրէն արդար ըլլալու համար. զսպել ու զսպուիլ գիտէ: Տոկալ ու դիմանալ գիտէ:
Բարեկամութիւնը կը գեղեցկացնէ հայրենիքն ու իր մարդիկը: Հայրենասիրական բարեկամութեան մէջ, շատ սէր, քիչ սէր հասկացողութեան չափանիշ չկայ. չափանիշի արժէքը, հոս՝ գերակշռող չէ. բարեկամութիւնը՝ հայ մարդն ու հայրենիքը ուրիշ աչքով կը տեսնէ:
Բարեկամութեան սիրոյն ու անունով քանի-քանի անհամար արշաւանքներ եղած են դարերու ընթացքին: Հայերը Տրովատայի պատերազմին յոյներու կողքին չկռուեցան, այլ իրենց դաշնակից Տրովատացիներու, Զարմայր անունով զօրավարի մը գլխաւորութեամբ, որ 300 զինուորներ առաջնորդեց Փոքր Ասիոյ ծովեզերեայ ափերուն տեղադրուած Իլիոնի համբաւաւոր բերդի ու Տրովատայի ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան զօրակցելու համար: Բայց այսօր, դարեր վերջ՝ Հայաստանն ու Յունաստանը քանի մը տասնեակ ռազմավարական ու բազմակողմանի համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրած են:
Պատերազմական իրավիճակներ խրախուսած են աշխարհակալ արշաւանքներ: Զինուորը յառաջ քշած են, իր հոգեկան ու ֆիզիքական ուժէն ու կարողութենէն աւելի անդին. իրենց տրամաբանութենէն ալ անդին: Ասոր բացատրութիւնը կայ ու չկայ:
Զարմանք չի պատճառեր այն համոզումը թէ՝ ազգերու բարեկամութիւնը իրական բարեկամութեան տարբեր համեմատութիւններ ու չափանիշներ կը դրսեւորէ եւ տարբեր գնահատականներու կ'ենթարկուի: Կը լուսաւորէ պայքարի ճանապարհները, կը լուսաւորէ նաեւ հայրենիքը. լոյսը աւելի զօրաւոր կը դարձնէ, որպէսզի պահեստի բաժին ալ ունենայ ապագան լուսաւորելու համար: Երբ երկու երկիրներ բարեկամութեան դաշինք մը կը կնքեն իրար միջեւ, նոյնիսկ միջազգային օրէնքը չի կրնար միջամտել անոր հարցով:
Ազգերու բարեկամութիւնը շօշափելի վկայութիւններով կը փաստուի. զգացական յիշատակներու վրայ չի հիմնուիր երբեք:
Հայաստանի դաշնակից Ռուսաստանը զէնք կը ծախէ Հայաստանի թշնամի Ատրպէյճանին: Ռուսը իր մեծաքանակ առուծախը կը պատճառաբանէ. «Եթէ մեզմէ չգնեն, ուրիշէն պիտի գնեն»: Հետեւաբար, այս տրամաբանութեամբ հանգիստ սրտով կրնայ զէնք ծախել: Միաժամանակ սակայն, կը սպառնայ, որ եթէ Ատրպէյճանը յարձակի Նակորնօ Ղարաբաղի վրայ, ինքնաբերաբար պիտի ճանչնայ Արցախը, հայերու հաշւոյն «բարեկամութիւն» հասկացողութեան քաղաքառազմական տարբեր մակարդակ մը հանդիսադրելով ու պարտադրելով:
Տրամաբանութեան ի՜նչ յայտնաբերող չափանիշ...:
Ազգերու բարեկամութիւնները անմահ չեն եւ անմահութեան չեն առաջնորդեր, որովհետեւ զուրկ են իրենք զիրենք բացատրող հաւասարակշռութիւններէ, բայց իրենց վախը կը բուժեն. այդ ալ ժամանակաւոր կերպով. կը սորվեցնեն նախ թէ կեանքն ու մահը երբեմն իրարմէ չեն տարբերիր. թերեւս, իրար կը լրացնեն: Թէ՝ միայն միտքը արթուն պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ ու մանաւանդ խիղճը:
Բարեկամութիւնը իրեն համար օգուտ չի փնտռեր. ոչ պաշտօն, ոչ տիտղոս, ոչ շահ, ոչ ալ օգուտ: Անպայման անցեալի վրայ չի հիմնուիր, չի ճգնիր բան մը փաստել, արարողակարգայիին կարգապահական կանոններու չի հետեւիր: Անոնք որ այս բաները կը փնտռեն, ուշ թէ կանուխ պիտի յուսախաբուին, քանի պիտի գայ այն օրը, երբ պիտի անդրադառնան, թէ այդ բոլորը անցողակի երեւոյթներ էին, անցողակի երեւոյթներ են նաեւ այսօր ալ: Վստահաբար նաեւ վաղը:
Նոյնն է պատկերը հայրենիքներուն համար: Հայրենիքին ամէնամեծ հարազատ բարեկամը իր հողն է: Հողը՝ որ երբեք չի վերջանար:
Հող եւ հայրենիք: Ի՜նչ գեղեցիկ: Այնքան նման են իրարու եւ երբեմն այնքան տարբեր են իրարմէ:
Հայը՝ յաճախ պատմութեան ընթացքին հնարամտօրէն պահուըտած է իր բարեկամութիւններուն ետին, իբրեւ պաշտպանութեան թէ ինքնապաշտպանութեան արդարացող, կամ արդարացնող միջոց, քան թէ իբրեւ ներշնչման սկզբնաղբիւր: Որքան փափաքելի պիտի ըլլար որ բարեկամութեան հաւատացողը պահպանէր իր անմեղութեան անաղարտ դիմագիծը եւ խորապէս դէմ ըլլար մաշող ու մաշեցնող դաւադրութիւններու եւ դաւաճանութիւններու պատեհապաշտ տեսաբանութիւններ գործնականացնելէ:
Երբ քունիդ մէջ մղձաւանջ մը կը տեսնես, ատկէ ձերբազատուելու լաւագոյն ձեւը անմիջապէս արթննալն ու սթափիլն է:
Բարեկամութիւնը յաճախ բոլորէս վրէժ կը լուծէ, որովհետեւ լաւ հասկցած չենք իր զգայուն դերը. կը կարծենք թէ լոկ փրոթոքոլային յարաբերութիւն է, բայց բացարձակապէս այդպէս չէ: Բարեկամութիւնը զգացումներու վերջնական զտումն է, որ մեր մէջ պէտք է ապրի եւ մեր հոգեկան պարապները լրացնէ: Հոգիի ամէնաթանկ օժիտն է մարդոց ապագայ կեանքին մէջ:
Բարեկամութիւնը՝ բարեկամութեան պէտք ունի եւ կը զանազանէ իր լաւ կամ վիրաւոր «սովորութիւններէն»: Կը փրկէ մարդուն հաւատքը մարդուն հանդէպ: Ան՝ անգիր օրէնքի պէս բան մըն է. գիր ունի օրէնք չէ, օրէնք է, գիր չունի:
Իրական բարեկամութիւնը հոգեմտաւոր հաւասարակշռութիւններ պահպանելու մէջ կը կայանայ: Եւ այդ հաւասարակշռութեան մէջ մոլեռանդութեան, ուժի, ցուցադրութեան միտումնաւոր մշակումներ ու դրսեւորումներ տեղ չունին բնաւ:
Բարեկամութիւնը աւելի հասուն ու իմաստուն կը դարձնէ մարդս: Ամէն բանէ առաջ ալ՝ մարդը մարդ կը դարձնէ:
Քաղաքական բարեկամութեան պարագային ալ՝ քաղաքական ինքնավարութեան լաւագոյն դաշնակիցը կը համարուի:

Յովսէփ Պարազեան

(Շար 21)