Խորովածային կերուխումի ու զուարճութեան փիք-նիք Զուարթնոցի հնագիտական հեղինակաւոր սրբավայրին մէջ, այս ամառ: 

Հայաստանի պետական, կառավարական, դատական, համալսարանական, հաղորդակցական ու ժողովրային շրջանակներու օրուայ նիւթ, հարցին պարտադրած բարոյական բնոյթի ճկունութեամբ, կամ արեւելումի զանազանութեամբ:

- Զուարթնոցը փիք-նիքի վա՞յր է: «Այո»ները քիչ. «ոչ»երը աւելի շատ:
Անտեսելով անշուշտ աստուածաբանական, կրօնական, ճարտարապետական, առասպելային, քաղաքակրթական, բարոյախօսական բոլոր ու ամէն տեսակի մակարդակները:
Հասարակական անգիտութիւնը երբ կը շարունակուի սակայն մեր կեանքին մէջ, աններելի կը դառնայ, անհեթեթի թատրոնի կը վերածուի, ազգային տարբեր «մարմնամարզի» բնութագրում մը կը ստանայ:
Ժամանակը ի՞նչպէս, ե՞րբ պիտի հասունցնէ մեզ: Առաջ նայելու համար, քիչ մըն ալ դէպի ետ պէտք է նայինք, այդպէս կÿընեն բոլոր ազգերը որ մոռնալ չեն ուզեր շատ բաներ:
- Բայց, Գառնիի վայրին մէջ երաժշտական համերգներ տեղի կÿունենան:
Ակնարկութիւնը վաղամեռիկ ու տաղանդաշատ ղեկավար Արամ Ղարաբէկեանի՝ Գառնիի մէջ հրապարակային ու բացօթեայ համերգներ կազմակերպելու նուագախմբային յղացքին մասին է:
Գիտէ՞ք, հայը կապուած է իր հնութիւններուն, հնութիւններն ալ հայուն: Կապն ու վերաբերումը փոխադարձ է: Փոխադարձութիւնը ինքնութեան որոնումէն կը բխի, անցեալին հետ կապ ունենալէն կուգայ նախ եւ առաջ:
Իսկ Զուարթնո՞ցը: Յանուն ո՞ր նորաձեւութեան, կամ չեմ գիտեր, յանուն ո՞ր տրամաբանութեան...:
Վայրին հանդէպ անարգանքի չափը կշիռ չունի, տապալելով սրբավայրի կրօնական հովանին եւ իր հնաւանդ խորհրդանշական մակարդակները:
Հոս, մարդիկ՝ արքունիք, ճարտարապետ, հոգեւորական, պարզ բանուոր թէ շինարար անգնահատելի հրաշք մը ստեղծագործեցին. արժէքները իրար լրացուցին. փորձեցին ու փորձուեցան տարբեր ժամանակներու մէջ: Զուարթնոցի ժողովրային աւանդութեան կենսագրութեան մէջ՝ իրենց ինքնակենսագրութիւնը գրեցին, հեռու մարդու, քարի, հողի ու տարածքի չափէն ու չափանիշէն եւ անոր կառուցման հրաշալիքը դարերու մէջ պահպանելու անձկութենէն: Բայց այդ հրաշալիքին հիմնումը միայն իր ժամանակին համար չէր միայն:
Պարտք կը զգամ փնտռելու հետքերը այն ստեղծագործ մարդոց, որոնք կառուցեցին, եւ հետքերը անոնց, որ քանդեցին զայն:
Կար ժամանակ, որ քրիստոնեայ ըլլալը՝ յեղափոխական ըլլալ կը նշանակէր: Մարդուն հաւատքը կը փրկուէր մարդուն հանդէպ:
Ըսէք, խնդրեմ. դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք հրաշալիքները: Կարծես, ընկալեալ սովորութիւն դարձած է. յաճախ կը շուարինք, յաճախ ալ կը տուայտինք: Մէյ մը կÿըսենք, շատ կÿուշանանք ամէն ինչի մէջ. մէյ մըն ալ կ'ըսենք, շատ կ'աճապարենք ամէն ինչի մէջ: Չափ մը դնենք, վերջապէս: Գէշ համբաւի սահմանէն անդին երթանք: Աւանդութեան վերադարձի մասին խօսինք: Սրբութիւններու պատմութեան մասին խօսինք:
Բայց, դարձեալ ըսէք, խնդրեմ. իր հրաշալիքները միայն անցեալի պատմութեան վրայ փակցուած պիտակ մը չեն:
Ժամանակի յեղափոխական երեւոյթ մը չէ՞ր, սիւնասերտ, քառայարկ այս տաճարին կառուցումը: Մարդիկ դարեր առաջ իրենց ստեղծագործ հոգեմտաւոր յեղափոխութիւնը ըրին: Ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս: Ժամանակին հետ մրցելով:
Շատ մը հարցումներու պատասխանը չհասաւ մեր օրերուն, ինչպէս չհասան պատասխանները շատ մը այլ բաներու համար. ինչպէս փիք-նիքը: Մեր քաղաքակրթութիւնը մեր յոյսի մեկնակէտն է, պէտք ունինք անոր: Հոգ չէ թէ ան յաճախ մեզ թիւրիմացութիւններու կը մղէ, հոգ չէ թէ երբեմն քաղաքակրթութեան փոխարէն անոր տագնապները կը նախընտրենք ժառանգել եւ իւրացնել: Յստակ է սակայն, թէ իրմէ շատ բան առած, բայց միաժամանակ շատ քիչ բան տուած ենք իրեն:
Զուարթնոցը՝ փիք-նիքով, մէկ, երկու, երեք անգամ գողածածուկ կրնաս խաբել, այլափոխել իր դիմագիծը, բայց օրը պիտի գայ որ խաբեբայութիւնը պիտի յայտնուի ու դատապարտուի: Ոեւէ մէկը չի կրնար չներդաշնակուիլ բնութեան ու պատմութեան կանոններուն հետ:
Բայց քննենք. հիմա ինչպէ՞ս որդեգրել պատմական առաքելութեան խորհրդանշական նշանակութիւնը: Ո՞ր մտքի ամբարէն դուրս պիտի գայ հաւասարակշռուած ճշմարտութիւնը, իր իսկ ծագման բաղադրութեան վայրի ու ժամանակի համեմատական խորհուրդով: Ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ ճշմարտութեան գինը:
Մենք արդէն, այսօր, առանց Զուարթնոցի ազգովին աւելի որբ ու աղքատ կը զգանք:
Հարցականները երբեմն, լռութենէն աւելի օգտակար ու գործնական կÿըլլան: Զուարթնոցի պէս անուն մը տեւաբար պիտի ապրի իր պատմական անուան հեղինակութեան պարտադրած անսակարկելի արժէքով:

Յովսէփ Պարազեան

(Շար 22)