Սուրիոյ գրողներու միութեան անդամ, ցեղասպանագէտ դոկտոր Նորա Արիսեանի ուսումնասիրութիւնը Սուրիոյ Տէր Զօր Քաղաքի մասին արժանի է մեր ուշադրութեան։ Հեղինակի «Տէր Զօր Պատմական Ակնարկ» խորագրով յօդուածի առաջին բաժինը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։
Տէր Զօրը հայերուն համար պատմական եւ յուզական տեսանկիւնէ մեծ նշանակութիւն ունեցող քաղաք մը կը համարուի, սակայն արդեօք որքանո՞վ ծանօթ ենք այդ քաղաքին:
Սոյն ուսումնասիրութիւնը, որ հիմնուած է սուրիական շարք մը պատմական եւ ուսումնասիրական աղբիւրներու վրայ, մեծապէս կ՛օգնէ ծանօթանալու Տէր Զօրի շրջանին՝ պատմական անուանումէն սկսեալ մինչեւ քաղաքի կազմաւորումը, բնակչութիւնը եւ հնագի- տական վայրերը:
Ընդհանրապէս, արաբ կամ սուրիացի հետազօտողները, Տէր Զօրի շրջանի մասին իբրեւ սկզբնաղբիւր, հիմնուած են օտար ճանապարհորդներու նամակներուն եւ տեղեկագիրներուն վրայ:
Այս իմաստով իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն անգլիացի ճանապարհորդ լէյտի Անն Պլենթի յուշերը, ուր ան կը նկարագրէ պետեւի ցեղախումբերը՝ Ալ-Անեզա, Շըմմար, Ալ-Հատիտի եւ այլն:
Նկարագրելով Տէր Զօրը՝ ան կը գրէ. «Տէրը» բնակուած էր արաբ գիւղացիներով, որոնք քաղաքի հիմնադիրներն էին, մաս մըն ալ եկած էր Մուսուլէն եւ Ուրֆայէն: Անոնք կ՛ապրէին ալ-անեզա ցեղէն անկախ, սակայն կը նեղանային թուրքերու միջամտութենէն: Անոնք պաշտպանեցին քաղաքը»: Ապա «Տէրը» անցաւ փաշաներու հանգրուան, Հալէպի կառավարիչի իշխանութեան տակ, որ յայտարարեց, թէ Եփրատի վերին հոսանքի բաժինը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէ:
Տէր Զօրի Անուանումը
Տէր Զօր քաղաքի ամէնէն հարազատ նկարագրութիւնը ԺԳ. դարու արաբ աշխարհագրագէտ Եաքութ Համուիի յիշատակութիւնն է:
Տէր Զօր անուանումին մասին ուսումնասիրութիւններու ընթացքին կը թելադրուի դիմել անպայման Եաքութ Համուիի բացատրութեան: Ան իր «Երկիրներու հանրագիտարան» աշխատութեան մէջ «Տէր Զօր»ի ակնարկելով՝ առաջին անգամ յիշատակած է «Տէր ար-Ռումման» (նուռի վայր) անուանումը:
Վայրը բացատրելու համար կ՛ըսէ. «…մեծ քաղաք՝ անապատային շուկաներով, Ռագգայի եւ Խապուր գետի միջեւ, ուրկէ կ՛անցնին Իրաքէն Շամ գացող կարաւանները»:
Միւս կողմէ, ըստ ,Արաբական հանրագիտարանեին, մինչեւ 1864 Տէր Զօր ճանչցուած էր միայն «Ատ-Տէր» անունով: Արաբերէն «Տէր» բառը կը նշանակէ վանք, հետեւաբար «Տէր» կոչուած է արուեստական բլուրի մը մէջտեղը գոյութիւն ունեցող հոգեւորականներու վանքին պատճառով:
Հետագային, երբ օսմանցիները քաղաքը ընտրեցին իբրեւ սանճագի վարչական կեդրոն, «Ազ-Զօր» բառը աւելցուցին՝ նկատի առնելով, որ «Զօր» կը նշանակէ խիտ ծառեր՝ Եփրատ գետի եզերքին պարտէզներու եւ ծառերու առկայութեան պատճառով:
Այլ բացատրութեամբ, «Տէր» բառը կը ստանայ վայր իմաստը: Հետեւաբար, ըստ պատմական տուեալներուն, քաղաքը ունեցած է զանազան պատմական անուանումներ: Օրինակ՝ «Տէր ար-Ռահպան» (վարդապետներու վայր), «Տէր առ-Ռումման» (նուռի վայր)՝ նռնենիներու առատութեան պատճառով, իսկ անապատի բնակիչները շրջանը կոչած էին «Տէր աշ-Շու- ար», այսինքն՝ բանաստեղծներու վայր (շուաար, եզակին՝ շաէր, արաբերէնով կը նշանակէ բանաստեղծ), քաղաքին մէջ բազմաթիւ բանաստեղծներու գոյութեան համար. անոնցմէ յայտնի է բանաստեղծ Մոհամետ Ֆուրաթին:
Կայ այլ տեսակէտ մը եւս, թէ Տէր Զօր բառը առնուած է ասորի Տէր Զաուր անուանումէն, որ ճանչցուած էր որպէս փոքր վանք: Հետագային անոր վրայ կառուցուեցաւ Տէր Աթիքը (հին վայր):
Սակայն, օսմանեան վարչական բարենորոգումներու ժամանակ կը կոչուէր «Տէր ար-Ռահպա», մօտակայ քաղաք Մայատինի Ռահպա Մալեք պին Թաուքի համաձայն: Իսկ 1864-ին, օսմանեան երկրորդ վարչական բարենորոգումներու ժամանակ Տէր Զօրը դարձաւ Մութասարիֆիէթ Տէր Զօր, անջատուած Հալէպէն եւ կապուած՝ Պոլսոյ: Ապա ան դարձաւ Լիուա Զօր, իսկ երեսունականներէն մինչեւ օրս՝ Տէր Զօրի նահանգ:
Տէր Զօրի անուանումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են տարբեր տեսակէտներ եւ բացատրութիւններ, զորս կը ներկայացընենք ստորեւ.
- Օմայետներու ժամանակաշրջանին կը կոչուէր Տէր Հաթլիֆ, իսկ տասներորդ դարուն ան կոչուեցաւ Ատ-Տէր:
- Կարգ մը եւրոպացի ճանապարհորդներ զայն կոչած էին Տէր Ասաֆիր (թռչուններու վայր), այդտեղ բազմաթիւ թռչուններու գոյութեան պատճառով:
- Տէր Զօրը անուանուած է նաեւ Աժուժ (արաբերէն «աժաժ» կը նշանակէ մրրիկ), յաճախակի մրրիկի պատճառով:
- Շատեր կ՛ենթադրեն, որ «Զօր» թրքերէն բառ է եւ կը նշանակէ դժուարութիւն, մինչ «Զօր» արաբերէն կը նշանակէ անտառ:
- Օսմանցիները զայն կոչած են որպէս բարդ բառ «Տէր Զօր»՝ հետեւեալ բացատրութեամբ. «Տէր» կը նշանակէ վայր կամ տուն (արաբերէն՝ տար), սակայն պետեւիներուն մօտ ընդունուած էր «Տիրա», որ կը նշանակէ վայր: «Զօր» ունի զանազան բացատրութիւններ.
- Վայր, ուր գետը կը թեքի հակառակ ուղղութեամբ:
- «Զօր» բայէն, որ կը նշանակէ ծուռ կամ կոր՝ մատնանշելով գետի կորութիւնը:
- Սերած՝ «Զաիրա» բառէն, որ կը նշանակէ ջուրէ եւ եղէգէ անտառ:
Տէր Զօր ունեցած է տարբեր անուանումներ. օրինակ՝ «Ազօրա» քաղաքի անունէն:
Սակայն լեզուագէտները «Տէր» բառին կու տան հետեւեալ բացատրութիւնը.
- Աղօթատեղի:
- Արամէական «Ժտերթա» կամ «Ժտերա» քաղաքի անուանման աղաւաղուած ձեւ, հետագային՝ «Տէրթա» կամ «Տէրա», որուն վայրը կը համընկնի Տէր Զօրին:
- Տէրա կամ Տիրա, այսինքն՝ վայր:
Իսկ «Զօր» բառը կը նշանակէ.
- Խիտ ծառեր կամ անտառ:
- Դաշտավայր, նկատի ունենալով Եփրատի դաշտավայրը:
- Խումբի տէր, մատնանշելով այն քաղաքը, որ տիրած էր շրջանին:
Տէր Զօր քաղաքը կը գտնուի այնպիսի վայրի մը մէջ, ուրկէ զանազան քաղաքակրթութիւններ անցած են: Այս անուանումը տրուած է օսմանեան պետութեան օրով, երբ շրջանը Հալէպէն անջատուեցաւ, 1865-ին:
Անհրաժեշտ է յիշել, թէ հռոմէական ժամանակաշրջանին Եփրատ գետի վրայ հին եւ մեծ քաղաք Տէր Զօրը կը կոչուէր «Ազորա» անունով, իսկ յոյները զայն կը կոչէին «Ազուարա»:
Անուանումի զանազան բացատրութիւնները կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ Տէր Զօր բառը երեւան եկած է ԺԹ. դարուն:
Նորա Արիսեանի
Պատմական Ակնարկը