16 Յուլիսին սկսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական 18րդ մշակութային համաժողովը (ֆորում):

Համաժողովին կը մասնակցին Սփիւռքի տասը տարբեր գաղթօճախներ՝  ԱՄՆ, Լիբանան, Իրան, Սուրիա, Ֆրանսա, Աւստրալիա, Գանատա, Վրաստան, Արցախ, Հայաստան, ներկայացնող շուրջ 35 հայ ուսանող երիտասարդներ: Համաժողովի նպատակն է համախմբել աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ ուսանողները՝ հաղորդակցելու ազգային արմատներուն եւ մշակութային ժառանգութեան:
Ծրագիրի 14 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, լսելու պատմամշակութային թեմաներով դասախօսութիւններ, իրենց հայաստանցի հասակակիցներու հետ քննարկելու ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ, ինչպէս նաեւ այցելելու Հայաստանի տեսարժան վայրեր:
Երկշաբաթեայ այս համահաւաքի օրերուն սփիւռքահայ ուսանողները պիտի հիւրընկալուին  Սուրբ Էջմիածինի, Երեւանի Պետական համալսարանի, ՀՀ Ազգային բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ, պիտի լսեն դասախօսութիւններ, ծաւալեն քննարկումներ «Հայոց գրերը, մշակոյթն ու պատմութիւնը», «Տպաւորութիւններ Կարս եւ Անի ուղեւորութենէն», «Արցախ-Հայաստան», «Եղեռնի ազդեցութիւնը հայ գեղանկարչութեան վրայ», «Հայաստանի մէջ հաստատուած սփիւռքահայեր»  եւ այլ թեմաներով:
Ծրագրի համաձայն Ֆորումի մասնակիցները երէկ այցելեցին Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ «Վեռնիսաժ»։ Այսօր անոնք այցելեցին Օշական, Աշտարակի եկեղեցիներ, իսկ իրենց ազատ ժամերուն իրենց նախաձեռնութեամբ այցելած են այլ վայրեր։
Համաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ 29 Յուլիս: