- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Խորհուրդ կը նշանակէ իրողութիւն մը, որ մարմնական աչքերով չենք տեսներ ու չենք զգար եւ ոչ ալ կրնանք հաստատել անոր գոյութիւնը յայտնապէս այլ հոգիի աչքերով ու հաւատքի ճամբով միայն ըմբռնելի կը դառնայ: Օրինակ մկրտուողին Աստուծոյ որդեգիր դառնալը, Ս. պատարագի ընթացքին օրհնուած հացն ու գինին Յիսուսի մարմնին եւ արեան գոյափոխումը չենք կրնար մարմնական աչքերով տեսնել այլ հաւատքով միայն կ'ըմբռնենք:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Նացիական ֆաշական բռնատիրութեան դէմ իր պայքարի խորհրդանշական թուականը կը տօնէ Յունաստանը, վաղը Հոկտեմբեր 28ին:
Պատմական այս թուականը, իր բազմապիսի խորհուրդներով, նոր իմաստ եւ բովանդակութիւն կը ստանայ յոյն ժողովուրդը ճնշող ճակատագրական տագնապի այս օրերուն: Ամբողջ սերունդ
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Յունահայ համայնքը մեծ ոգեւորութեամբ նշեց Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը՝ Սեպտեմբերի մէջ իրագործուած երգահանդէսով, որ համատեղ կազմակերպուեցաւ ՀՅԴի, ՌԱԿի եւ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ: 20-ամեայ անկախութեան տօնը համայն հայութեան համար առիթ էր քննարկումն ու գնահատականը կատարելու կտրուած ճամբուն՝ յուզումի ու հպարտութեան զգացումներով, այլ նաեւ գիտակից եւ հաստատակամ կեցուածքով հայեացքները ուղղած դէպի աւելի փայլուն ապագայի օրեր:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
ՀՅԴ 31-րդ Ընդհանուր ժողովից յետոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համապետական երկու կարեւոր ընտրութիւնների նախընտրական ժամանակահատուածում, առիթ կայ, ահա, անդրադառնալու իշխանական համաձայնական դաշինքի գլխաւոր ուժի՝ ՀՀԿ-ի պատկերացումներին՝ ՀՅԴ դերի ու անելիքի մասին, եւ թափանցելու այդ պատկերացումների ու