images/stories/oxi1940oktobrio28a-27-10-2011.jpgՆացիական ֆաշական բռնատիրութեան դէմ իր պայքարի խորհրդանշական թուականը կը տօնէ Յունաստանը, վաղը Հոկտեմբեր 28ին:
Պատմական այս թուականը, իր բազմապիսի խորհուրդներով, նոր իմաստ եւ բովանդակութիւն կը ստանայ յոյն ժողովուրդը ճնշող ճակատագրական տագնապի այս օրերուն: Ամբողջ սերունդ

մը կոչուած է դարձեալ դիմադրելու իր դէմ գործուած յարձակումներուն, որոնք կը սպառնան երկրի ազգային գերիշխանութեան, աշխատաւորական-աշակերտական նուաճումներուն եւ, մանաւա՛նդ, իր ապագան իւրովի վճռելու այսօրուան երիտասարդութեան  անբռնաբարելի իրաւունքին:
Եթէ պատմական թուականներու նշումն ու վկայակոչումը անցեալի վերաբերեալ անհրաժեշտ յիշեցում մըն են՝ ի սպաս ազգային աւանդներու սերունդէ-սերունդ փոխանցումին, անոնք նոյն ատեն նաեւ ազգային ինքնագիտակցութեան ու զարթնումին նպաստող կարեւոր ազդակ են:
Ազատութիւնը եւ անկախութիւնը սիրող ու յարգող մարդոց եւ ազգերու կողմէ նուիրականացուած տօներ են ազգային պայքարներու եւ յաղթանակներու յիշատակումները: Երբ 71 տարիներ առաջ յոյն ժողովուրդը «Ո՛չ» ըսաւ իտալական-գերմանական յարձակողապաշտութեան դէմ, ոչ միայն հաւաքական ու միասնական ուժ եւ արիութիւն ցուցաբերելու աւանդը նուաճեց, այլ նաեւ յոյս ու վճռակամութիւն ներշնչեց հետագայ իր սերունդներուն՝ սեփական ու միասնական ուժերով յաղթահարելու ազգային ճգնաժամերը եւ կերտելու սեփական ապագան:
Բոլորս կը գիտակցինք Յունաստանի անկախութեան թուականին խորհուրդը, որ իր պատմական կշիռով վե-րածուեցաւ բոլոր ժամանակներուն վրայ տարածուող ազգային արժէքի, ներշնչման աղբիւրի եւ դէպի լաւագոյն ապագան առաջնորդող գաղափարի: Ներշնչման աղբիւր մը, որ ազգային ժառանգութեան իմաստ ստացաւ, հելլէն ազգային ապրումներուն թափ տուաւ եւ ուղղութիւն լուսաւորող փարոս մը դարձաւ խիզախօրէն արտայայտուած հելլէնական իղձերու իրականացման ճամբուն վրայ:
Յունաստանի պատմութեան վերջին 200 տարիները եղան ազգային վսեմ իտէալներու նուաճման ի խնդիր մղուած անդուլ պայքարներու՝ հերոսական ծառացումներու, անձնուէր մարտիրոսացումներու եւ ապագայ կերտող յաղթանակներու մարմնաւորման ժամանակաշրջան մը: Ազգային հպարտութեան անսպառ այդ աղբիւրին ներշնչումով է, որ կեանքը անըմբռնելի է հելլէն ժողովուրդին համար՝ առանց ազատութեան, առանց ազգային անկախութեան եւ առանց անձեռնմխելի սահմաններով հայրենիքի:
Այսօր չկայ Իփիրոսի լեռներուն վրայ, 1940ին, իտալացի, ալպանացի եւ գերման դաշնակից ներխուժողներուն նահանջ պարտադրող հելլէն սերունդը: Բայց կայ ու յաւերժ պիտի մնայ այդ սերունդին անձնազոհ ու վեհ պայքարին պատգամը, որ ազգային արժանապատուութիւն ապահովեց յաջորդական սերունդներուն: Այսօր նորերը կÿապրին՝ հիներու քաջագործութեամբ սնած արդար հպարտութեամբ:
Ազգերու ազատութեան եւ անկախութեան կերտումին համար նախապայման է համազգային արժէքներուն ու նպատակներուն հանդէպ անբեկանելի հաւատքը: Նոյնպէս կարեւոր է արի եւ գիտակից կեցուածքը, որ «Ո՛չ» պիտի ըսէ ազգային ազատ եւ ինքնանկախ կեանքի իրաւունքը գերեվարել փորձող օտար ուժերուն:
Արի եւ գիտակից ա՛յդ կեցուածքն է, որ յոյն ժողովուր-դը անգամ մը եւս կը պահանջէ մեր սերունդէն:

Հ.