- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Երեսունըհինգ հազար եւրոն նկատառելի գումար է եթէ նուիրողը անհատ անձ մըն է: Միեւնոյն գումարը չնչին կարելի է համարել, եթէ Յունաստանի հայութեան նման բազմամարդ համայնքի մը մէջ կատարուած հանգանակութեան արդիւնքն է:
Սակայն...
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն

Մկրտութիւնը այն խորհուրդն է որ մեզ մեր ադամական մեղքէն կը սրբէ, Աստուծոյ որդի եւ քրիստոնեայ կը դարձնէ, Ս. Հոգիի ընդունարան եւ եկեղեցւոյ անդամ կ'ընէ:
Մկրտութիւնը խորհուրդներու առաջինն է զոր Քրիստոս հաստատեց որպէսզի մեղքերէ սրբուինք եւ դառնանք «Տաճար հոգւոյն սրբոյ»: Եթէ մէկը մկրտուած չէ ուրիշ խորհուրդ կարելի չէ կատարել անոր վրայ:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Եւ այսպէս լրացաւ մեր դարերով երազած Ազատ, Անկախ հայրենիքի 20 տարին: Որեւէ
ժողովրդի, մանաւանդ հայ ժողովրդի համար, անկախութիւնից աւելի թանկ ոչինչ չկայ:
Աւա՜ղ, այսօր, շատերը եւ որ ցաւալի է, երիտասարդութեան մի մասը (յատկապէս յետպատերազմեան սերունդը), այն ընկալում է որպէս երկնքից իջած մանանա:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտըլիզա Ռայս, վերջերս հրապարակած «Ուաշինկթընի Մէջ Անցուցած Տարիներուս Յուշագիրը. Չկայ Աւելի Մեծ Պատիւ» խորագիրով իր 750 էջնոց գիրքին մէջ հպարտութեամբ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւներու տապալման ուղղութեամբ իր մղած պայքարին մասին, երկու տարբեր առիթներով: Ան մեծ գոհունակութեամբ կը նշէ, թէ յաջողած է խոչընդոտել ԱՄՆ Քոնկրեսին կողմէ 1991 եւ 2007 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Վերջին շրջանին ակներեւ եռուզեռ կը տիրէ լիբանանահայ գաղութի ազգային-մշակութային կեանքին մէջ: Համասփիւռքեան համաժողովներէն սկսեալ մինչեւ միութենական եւ հայրենակցական միութիւններու աշխուժ ձեռնարկներ, անցնելով՝ մամլոյ եւ հրատարակչատուներու նախաձեռնութիւններէն, մեր գաղութը կը վերահաստատէ համայնքայինէն անդին ներազգային քաղաքականութեան մէջ եղանակ ճշդելու յաւակնութիւնը ունեցող իր հանգամանքը: