
Մկրտութիւնը այն խորհուրդն է որ մեզ մեր ադամական մեղքէն կը սրբէ, Աստուծոյ որդի եւ քրիստոնեայ կը դարձնէ, Ս. Հոգիի ընդունարան եւ եկեղեցւոյ անդամ կ'ընէ:
Մկրտութիւնը խորհուրդներու առաջինն է զոր Քրիստոս հաստատեց որպէսզի մեղքերէ սրբուինք եւ դառնանք «Տաճար հոգւոյն սրբոյ»: Եթէ մէկը մկրտուած չէ ուրիշ խորհուրդ կարելի չէ կատարել անոր վրայ:
Մկրտութիւնը քրիստոնէականացած ձեւն է հրեայ ազգին մէջ գոյութիւն ունեցող լուացումի մը:
Քրիստոնէական դաստիարակութեան համաձայն, ամէն մարդ որ աշխարհ կուգայ իր վրայ կը կրէ Ադամական կամ Սկզբնական ըսւած մեղքը: Մեր նախածնողները՝ Ադամ եւ Եւա դրախտին մէջ անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ պատւիրանին եւ մեղանչեցին ու իրենց այդ անհնազանդութեան որպէս արդիւնք վը-տարուեցան դրախտէն: Անոնց այդ մեղքը ժառանգաբար սերունդէ-սերունդ փոխանցուեցաւ մարդկութեան:
Ըսենք նախ, որ մկրտութիւն կը նշանակէ լուացում, մաքրութիւն: Կրօնական իմաստով կը նշանակէ այն արարողութիւնը, որ ջուրով կը կատարուի, սրբելու եւ մաքրելու համար մկրտուողին մեղքը: Հետեւաբար, մկրտութեան ատեն Աստուծոյ փրկարար շնորհքին ազդեցութեամբ ադամական մեր մեղքը կը ջնջուի եւ կը դառնանք Աստուծոյ որդեգիրները ու մեզի համար կը սկսի նոր կեանք մը: Այս իսկ պատճառով մկրտութիւնը կոչուած է նաեւ Վերստին ծնունդ:
Մկրտութեան համար կարեւոր է մկրտուողին հաւատքը:
Մկրտուող անձը եթէ չափահաս ըլլայ այդ պարագային ադամական մեղքին հետ կը ջնջուին նաեւ մանկութենէն մինչեւ այդ օրը գործած մեղքերը: Անհաւատ մարդը չի կրնար մկրտուիլ:
Մանուկներու պարագային որոնք չեն գիտեր թէ ի՞նչ է հաւատքը, ծնողն ու կնքահայրը պատասխանատու կÿըլլան մանուկին: Կնքահայրութեան պաշտօնը կրնայ ստանձնել ազգական մը եւ կամ բարեկամ մը:
Մկրտութիւնը մէկ անգամ միայն կը կատար- ւի ոչ միայն հայ եկեղեցւոյ այլեւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու զաւակներուն համար:
Մկրտութիւնը կատարող պաշտօնեան պէտք է քահանայական կարգ ունենայ: Նկատի ունենալ, որ կուսակրօն եկեղեցականները, այսինքն վարդապետներն ալ միաժամանակ քահանաներ են եւ կրնան մկրտութիւն եւ այլ խորհուրդներ կատարել: Ան որ քահանայական կարգ չունի չի կրնար խորհուրդ կատարել հայ եկեղեցւոյ մէջ: Հայ եկեղեցին նոյնիսկ Սարկաւագներուն արգիլած է խորհուրդ կատարել: Ս. Սահակ հայրապետի ԺԷ. կանոնը հետեւեալը կÿըսէ այս մասին.- «Սարկաւագի մկրտութիւն մի իշխեսցեն առնել ապա թէ արասցէն, լուծեալ լիցին ի սարկաւագութենէ հանդերձ պատուհասիւ, զի ոչ է սարկաւագն քահանայ այլ սպասաւոր քահանայի»:
Հայ եկեղեցին բացարձակապէս կը մերժէ այն տեսակէտը, թէ ոեւէ մէկը այր կամ կին, քրիոստոնեայ կամ հեթանոս, հերձուածող կամ հերետիկոս հարկադրական պարագայի տակ, այլ խօսքով եկեղեցականի բացակայութեան կրնայ վաւերականօրէն խորհուրդ կատարել, պայմանաւ որ գործածէ մկրտութեան ուղիղ ծէսը, նիւթը եւ ձեւը: Պէտք է յստակ ըլլայ այն իրողութիւնը «որ եկեղեցին է որ կը կատարէ խորհուրդը քահանային ձեռքով: Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է եւ բուն խորհրդակատարը՝ Քրիստոս ինքն է: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ կենդանի գործարանաւորութենէն դուրս ոչ քրիստոնէական խորհուրդ կայ եւ ոչ ալ խորհրդակատար»: Ինչպէս Դուինի Բ. ժողովի ԺԷ. կանոնը նոյնպէս Պարտաւի ժողովի Ի. կանոնը կÿըսէ, որ նոյնիսկ երեխայի մահամերձ ըլլալու պարագային, քահանայէ զատ ուրիշ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի խորհուրդ կատարելու:
Չափահաս անձ մը, որ չէ մկրտուած եւ կը փափաքի մկրտուիլ եւ չի յաջողիր մկրտուիլ ու կը մեռնի, իր փափաքին համաձայն մկրտուած կը համարուի, որով կարելի է անոր վրայ թաղման կարգ կատարել: Իսկ պատերազմներու ժամանակ, երեխաներ որոնք հակառակ իրենց ցանկութեան չեն մկրտուած կամ չեն կրցած մկրտուիլ, իրենց մահով անոնց մեղքերը կը ներուին եւ անոնք կը մկրտուին «ի հուր եւ ի հոգին Սուրբ» - կանոնք Աթանասի ԶԷ. -:
Աւետարանականները կամ այլ խօսքով բողոքականները երբ փափաքին հայ եկեղեցւոյ անդամի մը հետ ամուսնանալ, հարկ է մկրտուին կամ նուազագոյնը գոնէ Ս. Միւռոնով դրոշմուին:
Հայ եկեղեցւոյ մկրտութիւնը կը կատարուի եկեղեցւոյ վիմակերտ աւազանին մէջ եւ ոչ թէ եկեղեցւոյ դասին մէջ դրուած մետաղեայ կաթսայի մը մէջ, ինչ որ հիները կÿընէին: Տեսէք թէ ինչ կÿըսէ Դունի Ե. ժողովի ԺԳ. կանոնը.- «Ոչ է պարտ գաւազանն յայլ իմեքէ նիւթոյ պատրաստել եւ կամ ուրանօր եւ կամեսցի այլ աւազան քարեղէն հաստատել ի նմին իսկ յեկեղեցւոջն»:
Այն պարագային որ երեխան հիւանդ է եւ մահուան վտանգ գոյութիւն ունի, եթէ տունն է մկրտութիւնը թոյլատրելի է տան մէջ ընել. «Ի տուն ... քահանայք մկրտութիւն մի իշխեսցեն առնել բայց վասն երկիւղի մահու թէ վտանգ ինչ իցէ» -Դուինի Բ. ժողով, ԺԵ. կանոն-: Եթէ հիւանդանոցն է կարելի է հիւանդանոցին մէջ ընել, իսկ եթէ հիւանդութեան եւ կամ այլ պատճառներով ջուրի մէջ ընկղմամբ կարելի չէ ընել, թոյլատրելի է խորհուրդը կատարել հեղմամբ կամ սրսկումով: Եթէ պատահի որ երեխան տարափոխիկ հիւանդութիւն ունի, զայն կարելի է եկեղեցւոյ աւազանին մէջ մկրտել պայմանաւ որ մկրտութենէն յետոյ աւազանը լաւ մը տաք ջուրով եւ օճառով լուացուի: Նման պարագա- ներուն յարմար է որ երեխան տաշտի մը մէջ մկրտուի:
Պատահի որ մկրտուողը չափահաս է, պէտք է մերկացնել, շապիկ մը հագ-ցընել եւ խոշոր տաշտի մը մէջ նըս- տեցնել: Մեր օրերուն դժուար է նման կարգադրութեամ մը մասին մտածել, տրուած ըլլալով, որ եկեղեցիները հարկ եղած յարմարութիւնները չունին: Նման պարագաներու մկրտութիւնը կարելի է սրսկումով այսինքն գլխուն ջուր թափելով կատարել, գործադրելով մկրտութեան խորհուրդի բոլոր արարողութիւնը:
Մկրտութեան աւազանը բաւականին խորունկ պէտք է ըլլայ, այնքան որ երեխան մէջը թաղուի: Հիմնուելով Դունի Բ. ժողովի ԺԵ. կանոնին վրայ, կÿըսէ. «... Զի բաւականաբար ծածկեսցէ ջուրն զհասակ մանկացն որք մկրտեցինն»: Մկրտութեան աւազանին սրբագործուած ջուրը պէտք չէ փողոց կամ կոյուղի թափուի այլ երթայ հողին մէջ հոն ուր ոտքի կոխան չի դառնար: Եթէ մկրտուողները քանի մը հոգի են, կարելի է զանոնք նոյն աւազանին մէջ եւ նոյն ջուրով մկրտել:
Յաճախ հարց տրուած է թէ ինչո՞ւ կիներ չեն կրնար երեխայ մկրտել եւ կամ այլ խօսքով կնքահայր ըլլալ: Հայ եկեղեցին կնքահայրութեան պաշտօնը վերապահած է այր մարդուն իսկ կնկան ալ երեխան հանուեցնելու եւ հագուեցնելու եւ մինչեւ որոշ ատեն մը գիրկը առնելու պարտականութիւնը: Իսկ թէ մայր մը կամ կիներ ինչո՞ւ չեն կրնար մկրտութեան ատեն ներկայ գտնուիլ, Երուսաղէմի ձեռագրատան թիւ 289 Մաշտոցը, կանոն մկրտութեան էջ 123, հետեւեալը կÿըսէ. «Եւ բացեալ զդուռն մտանեն յեկեղեցին, երթան առաջի սրբոյ աւազանին եւ կին բնաւ մի մտցէ յեկեղեցին ի ժամ մկրտութեան եւ զի որպէս այր մարդ ի մարմնաւոր ծննդեան ժամանակն ոչ մտանէ ի տունն նոյնպէս եւ ոչ ի հոգեւոր ծնունդն չէ պարտ կին մարդոյ մտանել յեկեղեցին կամ տեսանել զարգանդն աւազանին»: Այսինքն ինչպէս այր մարդը ներկայ չի գտնուիր հոն ուր որ կինը զաւակ կը ծնի, այնպէս ալ մկրտութեան ժամանակ կինը պէտք չէ ներկայ գտնուի որովհետեւ մկրտութիւնը հոգեւոր ծնունդ է եւ կինը պէտք չէ եկեղեցի մտնէ եւ կամ աւազանին արգանդը տեսնէ: Այս պարագան այժմ փոխուած է, որովհտեւ մեր կարգ մը եկեղեցիներու մկրտութեան աւազանները փոխադրուած են եկեղեցւոյ ա-ջակողմեան պատին մէջ, հետեւաբար թէ՛ երեխային մայրը եւ թէ՛ կիներ ներկայ կÿըլլան եւ կը տեսնեն իրենց զաւկի մկրտութիւնը եւ միաժամանակ կÿօգնեն կնքամօր:
Հայ եկեղեցւոյ մէջ կնքահայր չեն կրնար ըլլալ նաեւ օտար կրօններու եւ դաւանանքներու պատկանող անձեր ինչպէս նաեւ տհաս պատանիներ: Կնքահայրը պէտք է նոյն եկեղեցւոյ անդամ եւ չափահաս այր մարդ ըլլայ, որուն պարտականութիւնն է դաստիարակել մանուկը եւ զայն քրիստոնէական հաւատքով մեծցնել: Կնքահայր եւ ծնողք իրարու գործակից պէտք է ըլլան: Եթէ պատահի անոնցմէ մին մահանայ, երեխայի դաստիարակութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը միւսը պէտք է ստանձնէ:
Եւ վերջապէս, եթէ պատահի որ մկրտող քահանան մկրտութեան անհրաժեշտ նիւթը կամ բանաձեւը չգործածէ, այդ պարագային թէեւ մկրտութիւնը քահանայի ձեռքով կատարուած կը համարուի բայց անվաւեր կը նկատուի եւ երեխան պէտք է կրկին մկրտուի:
Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեան