Վերջին շրջանին ակներեւ եռուզեռ կը տիրէ լիբանանահայ գաղութի ազգային-մշակութային կեանքին մէջ: Համասփիւռքեան համաժողովներէն սկսեալ մինչեւ միութենական եւ հայրենակցական միութիւններու աշխուժ ձեռնարկներ, անցնելով՝ մամլոյ եւ հրատարակչատուներու նախաձեռնութիւններէն, մեր գաղութը կը վերահաստատէ համայնքայինէն անդին ներազգային քաղաքականութեան մէջ եղանակ ճշդելու յաւակնութիւնը ունեցող իր հանգամանքը:

Եւ մինչ ամբողջ գաղութի կուսակցական, յարանուանական եւ միութենական ներկայացուցչութեամբ կառուցակարգուած գործունէութեան փաստը կը տրուի, համասփիւռքեան եւ համահայկական տարողութիւն եւ հնչեղութիւն ունեցող խորհրդակցութիւններ եւ քննարկումներ Լիբանանէն կը բացուին դէպի հայրենիք եւ դէպի սփիւռքեան այլ գաղութներ:
Մանրամասնենք աւելի: Արեւմտահայերէնի ներկայացուցած պատկերին, անոր կապուած դժուարութիւններուն, լեզուի պահպանման եւ ընդհանրապէս արձանագրուող նահանջին հետ առնչուած խնդիրներու քննարկումները կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը անցնող ամրան ընթացքին: Համաժողովը ունեցաւ համասփիւռքեան տարողութիւն՝ նկատի ունենալով թէ՛ ընդառաջումները, թէ՛ զեկուցաբերները եւ թէ՛ քննարկուած նիւթերը: Յուսադրիչ է, որ արդէն իսկ նախաձեռնուած է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ պաշտպանութեան խորհուրդի կազմութեան քայլերուն: Այս մէկը անկախ համաժողովներու ընթացքին քննարկուած նիւթերը գործնապէս հետապնդելու եւ աշխատանքներուն շարունակականութիւն ապահովելու մօտեցումէն կարեւոր է այն առումով, որ առաջին անգամ ըլլալով կը զգացուի, որ արեւմտահայերէնի նահանջին դէմ պայքարելու համար մնայուն հունի վրայ կը դրուի գործը, համապատասխան կառուցակարգում տեղի կ՛ունենայ եւ այսպիսով տակաւ կը ստեղծուի մեր լեզուի գործածութեան ուղղումներ կատարող, անոր գրական-ստեղծագործական դաշտը հարթող, մաքրող եւ այդ ուղղութեամբ եզրայանգումներ բանաձեւող հեղինակաւոր կեդրոն մը: Նախադրեալները կը յառաջանան փաստօրէն «արեւմտահայերէնը իր բախտին ձգուած է» կամ «մեր լեզուն անտէր» է ըսող հարցումներ-հաստատումներուն ուղիղ պատասխան տալու:
Նոյն շրջագիծին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ Հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին ընդգծելիօրէն համասփիւռքայնացումը, 2012-ը՝ հայ տպագրութեան 500-ամեայ յոբելեանին գիտակից զուգադիպեցումով,  «Հայ գիրքի տարի» հայրապետական հռչակումը եւ անոր կապուած հետագայ ծրագիրներուն կեանքի կոչումը: Արտակարգ միջոցառումներ կ՛ուրուագծուին հայկական կեանքի երկնակամարին վրայ հայ գիրը, գրականութիւնն ու լեզուն պահելու, պաշտպանելու եւ անոր յարատեւման ի խնդիր ամէն զոհողութիւն կատարելու:
Այս բոլորը յայտարարուած առաջադրանքներու գործնականացման հիմնական բաժիններ են՝ մամուլի, հրատարակչատուներու, մշակութային միութիւններու ցուցաբերած արտակարգօրէն աշխուժ գործունէութիւնը առաջնորդող: Ախտաճանաչումներու նշումը, ահազանգերու բարձրաձայնումը, ժողովական բանաձեւերը, բոլո՛րը կը փոշիանան, եթէ չհետեւի գործը: Իսկ գործը փաստօրէն ներկայ է ցուցահանդէսով, գիրքերու հրատարակութիւններով, լեզուի  պահպանման խորհուրդներու կազմութեամբ, անոնց գործունէութեան դաշտի սահմաններու յստակացումով եւ հայ մտաւոր ներուժի սփիւռքեան ներկայացուցիչներու համախմբումով:
Այս գործընթացներն են, որոնք մեր ազգային, մշակութային եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն համար կ՛ունենան պարտաւորեցուցիչ հանգամանք՝  ցոյց տրուած գործին ընդառաջ աշխուժանալու, համա¬ խմբուելու, դժուարութիւններուն առջեւ չընկրկելու եւ անկարելին կարելի դարձնելու:
2012-ին Երեւանը կը դառնայ գիրքի մայրաքաղաք: 2012-ը Անթիլիասը կը յայտարարէ «Հայ գիրքի տարի»: Յառաջիկայ տարին համահայկական եւ համասփիւռքեան առումով հայ գիրքը արժեւորելու եւ այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ իրականացնելու տարի է: Միասին՝  հայ գիրքի դարաւոր ժառանգութիւնը աշխարհին ներկայացնելու տարին է:


«Ազդակ»