rober-haddejian_15-7-11«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Լուր ընտրելու խնդիր

Թերթին մէջ հրատարակելի լուրերու խնդրին մէջ ամէն օր, առանց բացառութեան, նոյնը կը կրկնուի։ Ասիկա անփոփոխ արարողութիւն մըն է, որուն վաղուց վարժուած ըլլալու էի, բայց տակաւին չեմ կրցած վարժուիլ։
Ամէն առտու առաջին հարցումս հետեւեալն է.
«Այսօր ի՞նչ հետաքրքրական լուր կրնամ գտնել, ո՞ւրկէ պիտի գտնեմ, ինչպէս թերթը պիտի լեցնեմ»։
Երկու ժամ ետք վերջին հարցումս հետեւեալն է.
«Ես ի՞նչպէս եւ ո՞ւր պիտի հրատարակեմ այսքան շատ լուրը»։
Երկու ժամուան մէջ կարծես լուրերը աշխարհի ամէն կողմէ խուժեցին վրաս եւ զիս դրին ընտրութիւն ընելու, թերթին մէջ այդքան շատ լուրի համար տեղ փնտռելու ստիպողութեան առջեւ։ Ամէն օր նոյնն է որ կը կրկնուի ու ես տակաւին չեմ կրցած քայլ յարմարցնել ամէն օր կրկնուող այս կշռոյթին։
Հրատարակելի լուր ընտրելու խնդիրը ինքնին երբեմն ծիծաղաշարժ, երբեմն լուրջ հարց է, որովհետեւ ամէն լուրին արժէքը ամէն վայրկեան կրնայ փոխուիլ։ Հրատարակելի լուրի մը արժէքը առաւօտեան ժամը ութին տարբեր է, ժամը տասնին տարբեր է, ժամը տասնըմէկին տարբեր պիտի ըլլայ։ Կարծես թէ հոս ալ սակարան մը կայ ուր արժէքները փոփոխական են։ Առաւօտուն խանդավառութեամբ կþընտրեմ լուր մը զոր շատ հետաքրքրական կը նկատեմ, կը թարգմանեմ, կը խմաբգրեմ մեծ հաճոյքով։ Քիչ յետոյ ուրիշ մը ուշադրութիւնս կը գրաւէ ու կը սկսիմ մտածել որ այս մէկը նախորդէն աւելի հետաքրքրական կամ կարեւոր է։ Առաջինը հիմա այնքան արժէք  չունի աչքիս, որքան ունէր քիչ առաջ։ Երրորդ լուր մը, որ աւելի բովանդակալից ու հետաքրքրական ըլլալ պիտի թուի, յանկարծ շուքի մէջ պիտի թողու երկու նախորդները, նոյնիսկ պիտի զղջամ որ անոնց համար աշխատանք տարի, զանոնք հրատարակութեան պատրաստեցի։
Իրականութեան մէջ ամէն լուր ուրոյն արժէք մը ունի եւ կրնայ դասաւորուիլ ամէնէն արժէքաւորէն մինչեւ նուազ արժէքաւորը գացող ցանկին մէջ։ Միայն թէ հոս խնդիր մը կայ։ Միայն ես չեմ որ լուր կþընտրեմ ու կը պատրաստեմ։ Իմ գործակից երկու կամ երեք ընկերներս ալ ունին իրենց ընտրութիւնները, անոնք ալ լուրեր կը խմբագրեն։ Եւ հոս արժէքները կը խաչաձեւուին իրարու հետ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ամէնէն կարեւորը իր պատրաստած լուրն է։ Ամէն մարդ կþուզէ որ իր պատրաստած լուրը պատուոյ տեղի, կամ գոնէ շնորհքով տեղի մը արժանանայ։
Հոսկէ արդէն յայտնի կը դառնայ որ ունինք նաեւ տեղի խնդիր մը։ Աւելի ճիշդ՝ պատուոյ տեղի խնդիր մը։ Առանց վարանելու պիտի համարձակիմ ըսել որ ես կը փափաքիմ որ իմ պատրաստած լուրերը թերթին պատուոյ տեղը գրաւեն։ Գործակից ընկերներս ալ երբեք պիտի չհամարձակին առարկել ու պահանջել որ իրենց պատրաստած լուրը նախամեծար հա- մարուի իմ պատրաստածէն։ Բայց մենք ամէն առտու այդ խնդիրը կը լուծենք առանց իրարու հետ կռիւ ընելու։ Որովհետեւ այսքան երկար տարիներու ընթացքին սորվեցանք նաեւ որ  եթէ օրուան լուրերը հրատարակութեան պահուն տարբեր արժէքներ ունին, յաջորդ օր բոլորն ալ արդէն իրենց ամբողջ արժէքը պիտի կորսնցնեն, զերոյի վրայ իրարու պիտի հաւա-սարին, զամբիւղ պիտի նետուին։
Լուր ըսուածը շատ շուտ կը ծերանայ ու անպէտ կը դառնայ։ Ամէն լուր կարծես քաքթիւսի ծաղիկի մը նման քսանըչորս ժամուան կեանք ունի։ Առտուն կը բացուի, կը շլացնէ իր գեղեցկութեամբ ու յաջորդ առաւօտ կը գոցուի, աղբանոց կ'երթայ։
Լուրերու դասաւորման մէջ յաճախ դէմ յանդիման կը մնանք վերջին վայրկեանի միջամտութեան մը հետ։ Թերթը պատրաստ է ու պիտի ղրկենք տպագրութեան, գոհ ենք, լաւ աշխատանք տարած ենք, ճոխ թերթ մը պատրաստած ենք ու կրնանք հիմա հանգիստ մը խմել մեր սուրճը։ Բայց յանկարծ հեռաձայնը կը հնչէ։ Մէկը կարեւոր լուր մը կը փոխանցէ մեզի։ Լուրը իսկապէս կարեւոր է։ Նոյնիսկ կրնայ տասը հատ լեմոն սեղմել ամբողջ թերթը լեցնող միւս լուրերուն վրայ։ Ես տեղէս կը ցատկեմ, կը սկսիմ տրտռալ, մրմռալ, լեզուիս տալ, բարկանալ որ ինչու այս լուրը աւելի կանուխ  չհաղորդուեցաւ մեզի, նոյնիսկ բարկութեանս մէջ կը հրահանգեմ անտես առնել, թերթը չփոխել։ Բայց բոլոր ընկերներս գիտեն որ երկու վայրկեան վերջ պիտի նահանջեմ, ամէն ինչ պիտի ընեմ որ բոլոր միւս լուրերը հրուին դէպի վար, ու վերի պատուոյ տեղը տրուի սա ուշացած բայց կարեւոր լուրին։
Իրականութեան մէջ այդ լուրը որքա՞ն կարեւոր է, այդ ալ վիճելի է, բայց կարեւոր է մէկ բանով։ Անով՝ որ ան ամէնէն վերջը հասած լուրն է։ Օրուան վերջին լուրն է։ Այդ լուրը այն վերջին ճամբորդն է որ վազելով կը հասնի շոգեկառք ու տեղ մը կը գրաւէ վակոնին մէջ։
Երբ թերթը յագեցած իր այս վիճակով տպագրութեան կը ղրկուի, այնուհետեւ գոնէ երկու ժամ մեզմէ ո՛չ մէկը սիրտ ու տրամադրութիւն պիտի ունենայ նոր լուր մը իմանալու, նոր լուր մը հետապնդելու։
Հիմա լուրերու աշխարհը կրնայ քիչ մը սպասել այլեւս։ Կը նմանինք կուշտ ու կուռ կերած մարդու մը որ սեղանին վրայ ուտելիք բան տեսնել չի ցանկար։
Բայց երկու ժամ վերջ մենք դարձեալ պիտի սկսինք մեր շուրջը նայիլ, որպէսզի տեսնենք թէ ինչեր պիտի ունենանք վաղուան համար։ Հրաշալի է մտածել վաղուան մասին։ Հակառակ որ այն դէպքերը որոնք պիտի ձեւաւորեն  վաղուան լուրերը, այդ պահուն տակաւին չեն պատահած։ 

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)