
Օրերս Ջաւախքի մէջ տեղի ունեցաւ միջոցառում-մրցանակաբաշխութիւն: ՎՀՕՄ-ը հայոց պատմութեան եւ ստեղծագործական շարադրութեան մրցոյթներ կազմակերպած էր, որոնց մասնակցեցան Ջաւախքի չորս շրջաններու աշակերտներ: Մրցոյթներու արդիւնքները ամփոփուեցան այդ միջոցառման ընթացքին։
Ախալքալաքի մշակոյթի տանը տօն էր այդ օրը: Հրաւիրուած հիւրերու ցանկին մէջ էին Ջաւախքի տարբեր դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցիչներ, Ախալքալաքի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Տաթեւը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններ եւ մշակոյթի գործիչներ:
Միջոցառման բոլոր ներկաներուն իր օրհնութիւնը տուաւ Տէր Տաթեւը: Այնուհետեւ հիւրերէն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ախալքալաքի շրջանային վարչութեան կրթութեան, մշակոյթի, սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերով ծառայութեան պատասխանատու Վալերի Ստելմաշովը, եւ ուրիշներ: ՎՀՕՄ-ի ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեան իր ողջոյնի խօսքէն ետք անմիջապէս անդրադարձաւ «Լաւագոյն ուսանող» մրցոյթին:
Կառոյցը ամէն տարի Հայաստանի եւ Վրաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ յաճախող հինգ լաւագոյն ուսանողներ կը պարգեւատրէ դրամական պարգեւով: Այս տարի եւս պարգեւատրուեցան հինգ լաւագոյն ուսանողներ: 2014թ. կառոյցը երկու մըրցոյթներու մասնակիցներուն պարգեւատրեց միաժամանակ: Լաւագոյն աշխատանքներ ներկայացնող աշակերտները պարգեւատրուեցան պատուոյ գիրերով եւ յուշանուէրներով:
Միջոցառումը ալ աւելի գեղեցկացուցին պարային համոյթներն ու մենակատար երգիչները:
Երկու մրցոյթներուն ալ կային աշակերտներ, որոնք բաւական տարբեր աշխատանքներ ներկայացուցած էին:
Հայոց պատմութեան արդիւնքները ամփոփեց Ախալքալաքի ճանչցուած մանկավարժ, պատմաբան եւ բանասէր Վաչագան Ռստակեան: Իսկ ստեղծագործական շարադրութեան արդիւնքները, որու խորագիրն էր «Այլեւս երբե՛ք Ցեղասպանութիւն», ամփոփեց Ախալքալաքի Ռուբէն Տէր-Մինասեանի անուան թիւ հինգ հանրային դպրոցի տնօրէն Էմմա Նահատակեան: Ան մասնակիցներու աշխատանքներէն հատուածներ կարդաց: Ինչպէս նաեւ նշեց, որ մրցոյթին մասնակցած աւելի քան 150 մասնակիցներէն իւրաքանչիւրի մօտ կար շատ հետաքրքիր միտք: Սակայն, քանի որ թէժ մրցակցութիւն էր մասնակիցներու միջեւ, մրցանակներու արժանացան միայն լաւագոյն աշխատանքներ շարադրողները:
Հայոց պատմութեան մրցոյթի գլխաւոր մրցանակակիրը Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի սաներէն Հերմինէ Գրիգորեանն էր: Մրցանակակիրը Ծալկայի շրջանի Ղուշչի գիւղի հանրային դպրոցի աշակերտուհի Անուշիկ Ադամեանն էր: Մրցոյթներուն մասնակցած էին նաեւ քսան փոքր աշակերտներ, որոնցմէ միայն ինը լաւագոյն աշխատանքներ մրցանակներու արժանացան: