Կիրակի 27 Յուլիս 2014¬ը, Ատրպատականի հայութեան համար եղաւ կրկնակի իմաստով տօնական օր, երբ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի առիթով քահանայական իր անդրանիկ ս. պատարագը մատուցեց Թաւրիզի նորաօծ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Առաքել քհնյ. Տմտմեանը:
Լիլաւայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. եպս. Չիֆթճեան: «Հայր Մեր»էն առաջ նորաօծ Տ. Առաքելը տուաւ իր անդրանիկ քարոզը, վեր առնելով օրուան խորհուրդը, ու խորհրդածական մտածումներով պարզաբանեց իսկական մեծութիւնը՝ Քրիստոսի կեանքին օրինակով տրուած:
Իր քարոզին մէջ, նորընծայ Տէր Հայրը, որ իր պահեցողութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին յարկին տակ աւարտած ըլլալով, առաջին անգամ կը ներկայանար հաւատացեալներուն, հրապարակաւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց իր հոգեւոր ծնողին՝ Առաջնորդ սրբազանին, ինչպէս նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Ազգային Իշխանութեան, իրեն վստահուած այս կարեւոր առաքելութեան համար:
Սոյն անդրանիկ պատարագով իսկապէս Պայծառակերպուեցաւ մասնաւորաբար Թաւրիզահայ գաղութը, երիտասարդ նոր շունչով լեցուելով, որ իր նուիրեալ ծառայութեամբ նոր էջ պիտի բանայ Թեմի հոգեւոր ծառայութեան մէջ:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք Վարդավառի աւանդական ջրցանը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարդներու համար հաճելի պահեր ստեղծուեցան, իրար վրայ ջուր լեցնելով, որով անոնք յիշեցին մեր հեթանոս հայրերը, որոնցմէ ժառանգուած է հնաբոյր բայց կենսունակութիւն բերող սոյն աւանդութիւնը:
ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԸ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՒՐԻԶԻ ՄԷՋ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր