Համազգային առումով սկսած են արագանալ նախապատրաստութիւնները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան մեկնարկը նշանաւորելով:

Հայկական գաղութներուն մէջ կազմուած են յանձնախումբեր, կը կատարուին հանգանակութիւններ, տարբեր հրատարակութիւններ եւ կ'ամբողջանան կրօնական, քաղաքական, մշակութային եւ ակադեմական բնոյթներ կրող ձեռնարկներու ծրագրումները:

Փարիզի քաղաքապական խորհուրդի բանաձեւ

Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է քաղաքապետարանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին մասին ծրագիրը, որ կը նախատեսէ 2015ին կազմակերպել յիշատակի, տեղեկատւութեան, ժխտողականութեան դէմ պայքարի ձեռնարկներու շարք մը: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Փարիզի քաղաքապետարանին, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) «2015 Յանձնախումբ»ին միացեալ աշխատանքներով կազմուած ծրագիրը, քաղաքապետական խորհուրդի քննարկման ներկայացուած է:
Այդ ծրագրին առանցքային ձեռնարկներէն են Փարիզի քաղաքապետարանի ցուցասրահին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մեծ ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը 2015ի առաջին կիսամեակին: Այդ առիթով, քաղաքապետարանը պիտի հիւրընկալէ Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի հաւաքածոները: Նաեւ Ազգային կրթութեան գերատեսչութեան գործակցութեամբ պիտի կազմակերպուին ուսումնա-դաստիարակչական աշխատանքներ՝ Փարիզի հանրակրթական հաստատութիւններուն մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փըրկուած հայ համայնքի պատմութեան մասին:

Արժանթինի հայ համայնքի ծրագրումը

Արժանթինի հայ համայնքը արդէն ստեղծած է համայնքային յանձնախումբ, որուն որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Պուէնոս Այրեսի Սան Անտրեսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ ձեռնարկներուն նպատակն է քարոզչական լայն արշաւ նախաձեռնել ամբողջ տարուան ընթացքին, հարցին հանրային շեշտադրում տալու համար՝ նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ 2015 թուականին Արժանթինի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն:
«Արժանթինի հայ համայնքը կեդրոնական յանձնախումբին առաջարկած է ձեռնարկներուն մէջ ներառել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ նախագահներ Ռաուլ Ալֆոնսինի եւ Նեսթոր Քիրչների անունով յուշատախտակներու զետեղում՝ իբրեւ շնորհակալութիւն առաջինին՝ 1987ին ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչնալու, իսկ երկրորդին՝ 2006ին Արժանթինի խորհրդարանին ներկայացուցած ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը ընդունելու համար:
Արժանթինի հայ համայնքը ուշադիր պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իրականացուցած ժխտողականութեան փորձերուն եւ պիտի աշխատի անոնց հակազդել: Ըստ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի, արժանթինցի հասարակութիւնը ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան, կը դատապարտէ եւ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին: Ճիշդ ատիկա է պատճառը, որ վերջին շրջանին շատ աշխուժացած է թուրք-ատրպէյճանական քարոզչութիւնը:
Ձեռնարկներու շարքին պիտի ըլլայ Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գործարկումը: Նպատակն է, որ կառոյցը պատրաստ ըլլայ 2015 թուականին:


Գերմանիոյ բոլոր եկեղեցիներու զանգերը միաժամանակ պիտի ղօղանջեն

Գերմանիոյ Միջեկեղեցական խորհուրդի տարեկան նիստին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պաշտօնական յայտարարութիւն մը ընդունուած է, ուր կը նշուի, որ անցած է մէկ հարիւրամեակ, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այեւ միջազգային հանրութեան վրայ:
ԳՄԵԽ-ն յայտնած է թէ Գերմանիոյ եկեղեցիներու զանգերը պիտի ղօղանջեն Ապրիլ 24ին: