Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդը մերժեց այն նախագիծը, որ կ՛առաջարկէր քաղաքի Քոլրէի շրջանին մէջ «Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն» անունով հրապարակ մը կառուցել:

Ռապաթի մէջ գտնուող մզկիթը կարող է վերագտնէ իր նախկին տեսքը: Այն ուսումնասիրելու համար պատմական Ռապաթ այցելեց Թուրքիայէն ժամանած պատուիրակութիւնը, որոնց հիւրընկալեց Ախալցխայի եւ Տաօ-Կլարջեթիի միտրոպոլիտ Հայր Թէոդորէն:

Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ բնակող մահմետականները բողոքի ցոյց կատարեցին Ադիգենիի շրջանի Մոխէ գիւղին մէջ: Բողոքի ցոյցին մասնակցելու նպատակով Մոխէի մէջ հաւաքուեցան մահմետականները շրջանի բոլոր գիւղերէն: 

Մարսէյլի մէջ, Սեպտեմբեր 12ին, իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրողներէն՝ 107-ամեայ Ովսաննա Գալուստեանը: 

Ուաշինկթընի մէջ քրիստոնէական համաժո ղովին մասնակցող Միջին Արեւելքի Մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբերին Սպիտակ Տան մէջ շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ: