Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի «9րդ Ա­լիք» (1850) ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ընդգր­կո­ւած է ցան­կին մէջ Աշ­խար­հի 10 Լա­ւա­գոյն այն Կ­տաւ­նե­րուն, ո­րոնք կը պատ­կե­րեն ծո­վու ա­լիք­նե­րու ան­հա­ւա­նա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ծի­րին մէջ, վի­րա­հա­յոց թե­մը կազ­մա­կեր­պած է եր­կօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան վայ­րեր:

Շա­բաթ՝ 18 Յու­լիս 2015ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:00ին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լի­բա­նան ժա­մա­նած օ­տար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ու Միա­բան Հայ­րե­րուն, ժա­մա­նեց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան խնամ­քին ներ­քեւ գոր­ծող «Թռչ­

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մէ­նէն նո­ւի­րա­կան ու հո­գե­թով ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը` սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը, որ, ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, եօ­թը տա­րին ան­գամ մը կը կա­տա­րո­ւի, հո­գե­ւոր վե­րա­նո­րո­գու­թիւն կ’առ­թէ եւ Սուրբ Հո­գիի շնոր­հա­բաշխ ներ­կա­յու­թեամբ կը հզօ­րաց­նէ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:

Ֆրանսացի բեմադրիչ, դերասան եւ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի պատուոյ հիւր Ռոպեր Գետիկեան պարգեւատրուած է «Եղիցի Լոյս» մրցանակով։ Մրցանակը Յուլիս 16ին անուանի բեմադրիչին յանձնած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։