Ֆրանսացի բեմադրիչ, դերասան եւ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի պատուոյ հիւր Ռոպեր Գետիկեան պարգեւատրուած է «Եղիցի Լոյս» մրցանակով։ Մրցանակը Յուլիս 16ին անուանի բեմադրիչին յանձնած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ Հայաստանի հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսած է Տէրունական աղօթքով։ «Կը ցաւիմ, որ հայերէն չեմ խօսիր։ Ես շատ երջանիկ եմ այս մրցանակին համար։ Յատկապէս, որ միայն բառը՝ լոյսը, ուղղակիօրէն կապուած է շարժանկարին հետ։ Շարժանկարը ինծի համար լոյս է մթութեան մէջ։ Ան կրնայ օգնել մարդոց դուրս գալու մթութենէն։ Ես միշտ համոզուած եմ, որ շարժանկարը ուղղակիօրէն կապուած է կրօնի հետ։ Հաւատացած եմ, որ այն փառատօնը, որու քննադատական կազմին նախագահն եմ այսօր, լոյսով լեցուն է»,- «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ նշած է Ռոպեր Գետիկեան, շնորհակալութիւն յայտնելով մրցանակին համար։
Ռոպեր Գետիկեան այս տարի կը գլխաւորէ «Ոսկէ Ծիրան»ի միջազգային խաղարկային մրցոյթի քննադատական կազմը։ Գետիկեան արդէն 35 տարի է, որ կը ստեղծագործէ շարժանկարի ասպարէզին մէջ եւ հաստատուն տեղ ունի իր սերունդի լաւագոյն՝ ֆրանսական շարժանկարի գործիչներու շարքին։ Անոր հեղինակած շուրջ երկու տասնեակ ժապաւէնները կատակերգութիւններ, տռամներ, պատմական ժապաւէններ են։ Գետիկեանի ժապաւէնները միշտ կþընդգրկուին եւրոպական հեղինակաւոր Քաննի, Պերլինի Սան-Սեպասթեանի եւ այլ փառատօններու մրցութային ծրագրերուն մէջ։ Ժապաւէններու շարքով մը Գետիկեան անդրադարձած է Հայկական նիւթերու։ Այս տարուայ Քաննի փառատօնի յատուկ ցուցադրութիւններու շարքին մէջ ընդգրկուած էր Գետիկեանի «Խենթ պատմութիւն»ը, որ բարձրաձայնեց Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը։
2006 թուականին Գետիկեան իր «Ուղեւորութիւն դէպի Հայաստան» ժապաւէնի համար արժանացած է «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի «Արծաթէ Ծիրան» յատուկ մրցանակին։