Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի «9րդ Ա­լիք» (1850) ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ընդգր­կո­ւած է ցան­կին մէջ Աշ­խար­հի 10 Լա­ւա­գոյն այն Կ­տաւ­նե­րուն, ո­րոնք կը պատ­կե­րեն ծո­վու ա­լիք­նե­րու ան­հա­ւա­նա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը:

Ցան­կը, որ նո­ւի­րո­ւած է ա­րո­ւես­տին` հիմ­նա­կա­նօ­րէն լու­սան­կար­չու­թեան ու գե­ղան­կար­չու­թեան, կազ­մած է մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր «The Creative Business» blogը: Գեր­մա­նա­ցի յայտ­նի ա­րո­ւես­տա­բան, նկար­չու­հի Անտ­րէա Պեք­լենտ կազ­մած է ցան­կը, ուր բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանք­ներ ընդգր­կո­ւած են Գեր­մա­նիոյ պե­տա­կան, Հաա­կի, Փա­րի­զի, Լոն­տո­նի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծու­նե­րէն: Տաս­նեա­կին մէջ ընդգր­կո­ւած են Ապ­րա­համ Ո­ւի­լա­րեթ­սի «­Փո­թոր­կոտ Ծո­վը» (1629թ), Հո­քու­սա­յի «­Կա­նա­գա­ւա­յի Հս­կայ Ա­լի­քը» (1829-1832թթ), Ո­ւի­լիըմ Թըր­նե­րի «­Սա­ռոյ­ցէ Փո­թո­րիկ» (1842թ.), Ք­լոտ Մո­նէի «Էտ­րե­տա­տի Փո­թոր­կոտ Ծո­վը» (1883թ.) եւ այլ աշ­խա­տանք­ներ: «The Creative Business» blogը ստեղ­ծած են Եւ­րո­պա­յի եւ Ա.Մ.Ն.ի մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող խումբ մը լու­սան­կա­րիչ­ներ, նկա­րիչ­ներ եւ ա­րո­ւես­տա­բան­ներ: Blogի նպա­տակն է ըն­կե­րա­յին հա­ղոր­դա­մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նել ըն­թա­ցիկ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, աշ­խար­հի ա­մե­նա­յայտ­նի թան­գա­րան­նե­րու եւ պատ­կե­րաս­րահ­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:

Միա­ժա­մա­նակ՝ blogի հա­մա­հիմ­նա­դիր­նե­րը ա­րո­ւես­տը կը ներ­կա­յաց­նեն գոր­ծա­րա­րա­կան տե­սան­կիւ­նէ եւ տա­րա­տե­սակ՝ ըստ նիւ­թի ընտ­րո­ւած տաս­նեակ­նե­րու կի­րար­կու­մով, վեր­լու­ծա­կան յօ­դո­ւած­նե­րու մի­ջո­ցով կը փոր­ձեն ա­պա­ցու­ցել, որ ա­րո­ւես­տի գոր­ծեր գնե­լը լա­ւա­գոյն ներդ­րումն է: