Պել­ճի­քա­յի հա­յերն ու ա­րա­մեա­ցի­նե­րը խոր ան­հանգս­տու­թիւն  յայտ­նած են ­Պել­ճի­քա­յի կող­մէ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծին մէջ տեղ գտած ձե­ւա­կերպ­ման ա­ռի­թով, որ ­Յու­լիս 7ին ըն­դու­նուած է ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Պա­լա­տի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ:

­Պել­ճի­քա­յի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը եւ ­Պել­ճի­քա­կան ա­րա­մեա­ցի­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը դա­տա­պար­տած են եր­կի­մաստ բա­նա­ձե­ւը, մաս­նա­ւո­րա­պէս` 2րդ­ եւ 9րդ ­կէ­տե­րը:

­Բա­նա­ձե­ւի 2րդ ­կէ­տին մէջ ­Պել­ճի­քա­յի դաշ­նա­յին կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջո­ւի «­Ճանչ­նալ, որ ներ­կա­յիս ­Թուր­քիան չի կրնար բա­րո­յա­կան եւ պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կրել ող­բեր­գու­թեան հա­մար, որ հա­յե­րը ապ­րած են Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ»: Իսկ 9րդ ­կէ­տին մէջ կոչ կ’ը­նեն սա­տա­րե­լու ­Թուր­քիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կ’աշ­խա­տին եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ:

­Հայ­կա­կան եւ ա­րա­մեա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը 2րդ ­կէ­տը ան­յա­ջող  ա­նո­ւա­նած են` նշե­լով, որ ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ու մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հա­մար­ձակ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հան­դէս կու գան ար­դա­րու­թեան օգ­տին եւ, հա­կա­ռակ սպառ­նա­լիք­նե­րուն, կը պայ­քա­րին ի­րենց երկ­րին կող­մէ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար: «Իսկ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ընդ­հա­կա­ռա­կը, կը շա­րու­նա­կեն ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, կը հեր­քեն հա­յե­րու եւ ա­րա­մեա­ցի­նե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­պա­ցոյց­նե­րը: ­Ծայ­րա­յեղ պա­րա­գա­յին, պաշ­տօ­նա­կան ­Թուր­քիան  բա­րո­յա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կը կրէ: Կր­նա՞ք պատ­կե­րաց­նել ­Պեր­լի­նի մէջ ­Հիթ­լե­րի դամ­բա­րան կամ ­Կիմ­լե­րի ա­նո­ւան պո­ղո­տայ: ­Գեր­մա­նիա ինք­զինք պա­տաս­խա­նա­տու կը հա­մա­րէ ռէյ­խին կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար»,- ը­սո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի 9րդ ­կէ­տին, յայ­տա­րա­րու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րը նշած են.- «­Նախ անհ­րա­ժեշտ է նպաս­տել մեր­ձեց­ման հայ­կա­կան եւ ա­րա­մեա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան հետ թրքա­կան ծագ­մամբ պել­ճի­քա­կան այն ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը ճանչ­նան ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը` երկ­խօ­սու­թիւն սկսե­լու փորձ ը­նե­լու հա­մար: Այդ­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը հա­մար­ձա­կու­թիւն կու տան թրքա­կան ծագ­մամբ պել­ճի­քա­ցի­նե­րուն հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն ճանչ­նա­լու հա­յե­րու եւ ա­րա­մեա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»: