Յուլիս 14ին վիեթնամական «ANTG» հեռատեսիլի ալիքով կը մեկնարկէ հայկական մշակութային շաբաթը` նուիրուած Հայաստանի եւ Վիեթնամի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 23ամեակին: Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցմամբ` մշակութային շաբաթի ծիրէն ներս «ANTG»ով պիտի ցուցադրուի Վիեթնամի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ռայիսա Վարդանեանի ելոյթը, հայ-վիեթնամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ անցեալ 23 տարիներու ընթացքին երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն վերաբերեալ: Մշակութային շաբաթի երաժշտական հատուածին մէջ պիտի ցուցադրուին Շարլ Ազնաւուրի, «ԳՈՀԱՐ» Սիմֆոնիկ Նուագախումբի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբի եւ Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի համերգները: Առանձին հաղորդումով պիտի ներկայացուին Արամ Խաչատրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները: Շաբաթի աւարտին պիտի ցուցադրուին «Հայաստան` Նոյի երկիր» եւ «Հռոմէն աւելի հին մայրաքաղաքը» փաստավաւերագրական շարժանկարի ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ «Արտոյտներու ագարակը»: Հայկական մշակութային շաբաթ` վիեթնամական «ANTG» հեռատեսիլի ալիքով
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Յուլիս 14ին վիեթնամական «ANTG» հեռատեսիլի ալիքով կը մեկնարկէ հայկական մշակութային շաբաթը` նուիրուած Հայաստանի եւ Վիեթնամի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 23ամեակին: Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցմամբ` մշակութային շաբաթի ծիրէն ներս «ANTG»ով պիտի ցուցադրուի Վիեթնամի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ռայիսա Վարդանեանի ելոյթը, հայ-վիեթնամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ անցեալ 23 տարիներու ընթացքին երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն վերաբերեալ: Մշակութային շաբաթի երաժշտական հատուածին մէջ պիտի ցուցադրուին Շարլ Ազնաւուրի, «ԳՈՀԱՐ» Սիմֆոնիկ Նուագախումբի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբի եւ Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի համերգները: Առանձին հաղորդումով պիտի ներկայացուին Արամ Խաչատրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները: Շաբաթի աւարտին պիտի ցուցադրուին «Հայաստան` Նոյի երկիր» եւ «Հռոմէն աւելի հին մայրաքաղաքը» փաստավաւերագրական շարժանկարի ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ «Արտոյտներու ագարակը»: