Շա­բաթ՝ 18 Յու­լիս 2015ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:00ին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լի­բա­նան ժա­մա­նած օ­տար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ու Միա­բան Հայ­րե­րուն, ժա­մա­նեց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան խնամ­քին ներ­քեւ գոր­ծող «Թռչ­

նոց Բոյն» հաս­տա­տու­թիւ­նը, Ժը­պէյլ, կա­տա­րե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Որ­բե­րու «Ա­րամ Պէ­զի­քեան» թան­գա­րա­նի բա­ցու­մը:

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Մա­րո­նի ե­կե­ղեց­ւոյ Րաի Պատ­րիար­քը, Լի­բա­նա­նի վար­չա­պե­տին եւ խորհր­դա­րա­նի Նա­խա­գա­հին ներ­կա­յա­ցո­ցի­չը՝ Լի­բա­նա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Տիար Րո­նի Ա­րայ­ժի, Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րը ներ­կա­յաց­նող շարք մը հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նուշ Յա­կո­բեան, պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, Ժը­պէյ­լի քա­ղա­քա­պետ Զի­յատ Հաո­ւաթ, թան­գա­րա­նի բա­րե­րար՝ Պէ­զի­քեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ, ազ­գա­յին­ներ, «Թռչ­նոց Բոյ­նի» մէջ պատս­պա­րո­ւած նախ­կին որ­բեր եւ հոծ թի­ւով հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներ:

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց «Թռչ­նոց Բոյն»ի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ տիկ. Սե­դա Խ­տը­շեան: Ան հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցուց պատ­մա­կա­նը Դա­նիա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նա­խա­ձեռ­նած մար­դա­սի­րա­կան հիմ­նար­կին, անդ­րա­դառ­նա­լով «Թռչ­նոց Բոյն»ի հիմ­նա­դիր Մա­րիա Ճէյ­գըպ­սը­նի՝ «­Մա­մա»ին որ­բա­հա­ւա­քի անձ­նո­ւէր ա­ռա­քե­լու­թեան ու ա­նոր թո­ղած վաս­տա­կին հայ որ­բախ­նա­մու­թեան աշ­խա­տան­քին մէջ: Վեր­ջա­պէս, տիկ. Խ­տը­շեան բա­ցատ­րու­թիւն տո­ւաւ թան­գա­րա­նի ի­րա­գոր­ծո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն ու նպա­տա­կին մա­սին:

Թան­գա­րա­նի բա­րե­րար Ա­լեք­քօ Պէ­զի­քեան խօսք առ­նե­լով յայտ­նեց, թէ իր հայ­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քէն ճո­ղոպ­րած հա­զա­րա­ւոր որ­բե­րէն մին ե­ղած է, որ պատս­պա­րո­ւած է այս մար­դա­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թե­նէն ներս: Յու­զում­նա­խառն ձայ­նով ան ը­սաւ, թէ ի­րեն հա­մար բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն էր այս բա­րե­րա­րու­թեան ճամ­բով՝ նախ, իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նել հաս­տա­տու­թեան բո­լոր անձ­նո­ւէր ծա­ռա­յող­նե­րուն եւ, ա­պա, իր հօր յի­շա­տա­կին ընդ­մէ­ջէն յար­գել բո­լոր որ­բե­րը, ո­րոնց դե­րը հսկա­յա­կան ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­տեւ­ման մէջ:

Ժը­պէյ­լի քա­ղա­քա­պետ Զի­յատ Հաո­ւաթ խօ­սե­ցաւ «Թռչ­նոց Բոյն» հաս­տա­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին եւ դրո­ւա­տի­քով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ շրջա­նէն ներս ապ­րող հայ ժո­ղո­վուր­դին բե­րած ներդ­րու­մին՝ պատ­մա­կան Պիպ­լոս (­Ժը­պէյլ) քա­ղա­քի զար­գաց­ման ու բար­գա­ւաճ­ման գոր­ծին: Քա­ղա­քա­պե­տը նաեւ վստա­հե­ցուց, թէ նո­րա­կա­ռոյց այս թան­գա­րա­նը յա­տուկ տեղ պի­տի գրա­ւէ Ժը­պէյ­լի զբօ­սաշր­ջի­կու­թեան ծրա­գիր­նե­րէն ներս:

Խօսք ա­ռաւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Րո­նի Ա­րայ­ժի, որ նաեւ կը ներ­կա­յաց­նէր Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նե­պիհ Պր­րին եւ վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լա­մը: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի խօս­քը ըն­թեր­ցեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նուշ Յա­կո­բեան:

Մա­րո­նի ե­կե­ղեց­ւոյ Րաի Պատ­րիարք, որ նախ­քան պատ­րիարք ընտ­րո­ւի­լը եր­կար տա­րի­նե­րու ա­ռաջ­նորդն էր Ժը­պէյ­լի Մա­րո­նի հա­մայն­քին, յայտ­նեց թէ ինք լաւ կը ճանչ­նայ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը եւ ա­նոր տա­րած մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, շեշ­տե­լով թէ մար­դա­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ան­բա­ժան մասն է: Պատ­րիար­քը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ Լի­բա­նա­նի հայ հա­մայն­քին կա­րե­ւո­րու­թեան՝ իբր ան­բա­ժան մա­սը լի­բա­նա­նեան ըն­կե­րու­թեան, եւ իր ու­նե­ցած եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թեան Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ: Վեր­ջա­պէս, Պատ­րիար­քը յի­շեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, նշե­լով թէ Լի­բա­նա­նի ժո­ղո­վուր­դը ան­մասն չէր մնա­ցած Օս­մա­նեան պե­տու­թեան սփռած ար­հա­ւիր­քէն եւ ան եւս են­թար­կո­ւած էր սո­վի ու կո­տո­րած­նե­րու: Պատ­րիար­քը եզ­րա­փա­կեց՝ ը­սե­լով, թէ դժբախ­տա­բար այ­սօր եւս պատ­մու­թիւ­նը ինք­զինք կը կրկնէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը խօսք առ­նե­լով գնա­հա­տեց «Թռչ­նոց Բոյն»ի ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող բո­լոր անձ­նո­ւէր ծա­ռա­յող­նե­րը եւ բա­րե­րար­նե­րը: Ա­պա, անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Որ­բե­րու «Ա­րամ Պէ­զի­քեան» թան­գա­րա­նի իւ­րա­յատ­կու­թեան, վստա­հեց­նե­լով թէ թան­գա­րա­նի բա­ցու­մը պար­զա­պէս սկիզբ մըն է: Ար­խիւ­նե­րու հա­ւաք­ման աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին եւ մեր յա­ջորդ քայ­լը պի­տի ըլ­լայ ստեղ­ծել ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան յա­տուկ կեդ­րոն մը: Ան գնա­հա­տեց Պէ­զի­քեան ըն­տա­նի­քը եւ բո­լոր ճար­տա­րա­պետ­ներն ու մաս­նա­գէտ­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­կա­նա­ցու­ցին այս ար­դիա­կան եւ պա­տո­ւա­բեր թան­գա­րա­նին ի­րա­գոր­ծու­մը:

Ող­ջու­նե­լով հո­գե­ւոր պե­տե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, դես­պան­նե­րու եւ պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց՝ ը­սե­լով, որ ա­նոնք մաս­նա­կից կը դառ­նան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին, գործ­նա­պէս ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին։ Այ­նու­հե­տեւ, անդ­րա­դառ­նա­լով 100ա­մեա­կի ի­մաս­տին ու պատ­գա­մին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ, թէ թան­գա­րա­նը մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կոչ մըն է յի­շե­լու մեր նա­հա­տակ­նե­րը ու իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­լու ա­նոնց սրբա­զան կտա­կին նկատ­մամբ, միան­գա­մայն՝ յի­շեց­նե­լու հա­մայն մարդ­կու­թեան, թէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ու դա­տա­պար­տու­մը հրա­մա­յա­կան է, կան­խե­լու հա­մար այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջե­լու ցե­ղաս­պան Թուր­քիա­յէն։ Խօ­սե­լով թան­գա­րա­նին մա­սին, Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րուն նո­ւի­րո­ւած այս թան­գա­րա­նը նկա­տեց կեն­դա­նի յի­շա­տա­կա­րան մը մեր մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րուն, ո­րոնք զո­հը դար­ձան Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ կող­մէ ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Ան ա­ւել­ցուց՝ ը­սե­լով, թէ «­Թան­գա­րա­նը նաեւ կեն­դա­նի յու­շա­րար մըն է հա­զա­րա­ւոր որ­բե­րու, ո­րոնք Լի­բա­նա­նի մէջ խնամք ու դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­ցան՝ ա­մե­րի­կեան, զո­ւի­ցե­րիա­կան ու դա­նիա­կան մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ։ Թան­գա­րա­նը խօ­սուն վկա­յու­թիւն մըն է այն նշա­նա­կա­լից դե­րին, զոր Լի­բա­նա­նը ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րածնն­դեան մէջ։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դը ա­տե­լու­թիւն ու ջարդ տե­սաւ. սա­կայն, ընդ­հան­րա­պէս ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի ու յատ­կա­պէս Լի­բա­նա­նի մէջ ան սէր ու կեանք գտաւ։ Ա­հա, թէ ին­չու Լի­բա­նա­նը դար­ձաւ սիր­տը Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան։ Թռչ­նոց Բոյ­նի եւ Լի­բա­նա­նի այլ որ­բա­նոց­նե­րուն մէջ պատս­պա­րո­ւած մեր որ­բե­րը ի­րենց գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րածնն­դեան՝ Լի­բա­նա­նէն սկսեալ մին­չեւ սփիւռս աշ­խար­հի»։

Եզ­րա­կաց­նե­լով իր խօս­քը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ, թէ Թռչ­նոց Բոյ­նին մէջ խնա­մո­ւած ու դաս­տիա­րա­կո­ւած որ­բե­րէն Ա­րամ Պէ­զի­քեա­նի զա­ւա­կը՝ Ա­լեք­քօ Պէ­զի­քեան, ա­հա­ւա­սիկ, այս թան­գա­րա­նին բա­րե­րա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած է, որ­պէս յի­շա­տակ իր հօր եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն՝ Լի­բա­նա­նին նկատ­մամբ։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, բո­լոր հիւ­րե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան թան­գա­րա­նին մուտ­քը, ուր Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը, հա­տե­լով ժա­պա­ւէ­նը, բա­ցու­մը կա­տա­րեց որ­բե­րու պատ­մու­թեան վկա­յա­րա­նին: Ա­պա, ներ­կայ պատ­րիարք­նե­րը եւ հիւ­րե­րը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան թան­գա­րա­նէն ներս ցու­ցադ­րո­ւած ի­րե­րուն եւ նկար­նե­րուն: