Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման միջոցառումներու ծիրին մէջ, վիրահայոց թեմը կազմակերպած է երկօրեայ ուխտագնացութիւն դէպի Արեւմտեան Հայաստանի պատմական վայրեր:
2015 թուականի Յունիսի 24ին, Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Ղուշչեանի գլխաւորութեամբ, ուխտաւորներու շուրջ 40 հոգիէ բաղկացած խումբը ուղեւորուած է դէպի պատմական հայրենիքի Կարս, Սարիղամիշ եւ Անի քաղաքներ:
Ուխտաւորներուն մէջ մեծամասնութիւն կազմած են Մեծ Եղեռնի տարիներուն մազապուրծ փրկուած եւ Վրաստան, մասնաւորաբար Թիֆլիս հաստատուած հայորդիներու սերունդները:
Ուխտագնացութեան նպատակն էր ոտք դնել այն հողին վրայ, ուր սուրով ու հուրով վտարուած են մեր նախնիները, խոնարհիլ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին առջեւ ու իրականացնել փրկուած նախնիների անկատար փափաքը` քալել 100 տարի առաջ բռնագրաւուած հայրենիքին մէջ: Ուխտաւորներուն աղօթքը հայոց պատմական եկեղեցիներուն մէջ դարձած է այդ փափաքին կատարումը, քանզի անոնց աղօթքը միախառնուած է հրեշտակներ դարձած սուրբ նահատակներու աղօթքին հետ:
Ուխտագնացութեան ընթացքին վիրահայոց թեմի հաւատացեալները այցելած են Կարսի բերդը, տպաւորուած են թանգարանային նմոյշներով, դիտած են աւերակներու վերածուած Եղիշէ Չարենցի տունը, խոնարհած են Հայաստանի 12 մայրաքաղաքներէն մէկուն` Անիի փլատակներուն առջեւ:
Հաւատարիմ իրենց առաքելութեան` Նարեկ Քհնյ. Ղուշչեանի գլխաւորութեամբ, հայ հաւատացեալները աղօթած են Կարսի 10րդ դարու Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ, մոմեր վառած են ու մասնակից դարձած եկեղեցական արարողութիւններուն, իսկ Անիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեւոր աղօթքէն ետք, ուխտաւորները ստացած են նաեւ սուրբ հաղորդութիւն: Իրականացուած ուխտագնացութիւնը թէեւ տպաւորիչ էր, սակայն` հոգեցունց ու յուզառատ: