Վար­շա­ւա­յի մէջ, ­Սեպ­տեմ­բեր 8ին կա­յա­ցած ­Պատ­մա­կան եւ ­Ռազ­մա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին 6րդ ­շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ, ­Հա­յաս­տա­նէն ներ­կա­յա­ցո­ւած Վ­րէժ ­Պետ­րո­սեա­նի «Ու­րիշ ­Հայ­րե­նիք. ­Մա­րիա Եա­քոպ­սը­նի օ­րագ­րու­թիւ­նը» ժա­պա­ւէ­նը ար­ժա­նա­ցած է փա­ռա­տօ­նի հո­վա­նա­ւոր, ­Լե­հա­կան ­Բա­նա­կի Ուղ­ղա­փառ ­Թե­

Հինգ­շաբ­թի՝ 10 ­Սեպ­տեմ­բեր 2015ի ա­ռա­ւօ­տուն, ըն­դու­նե­լով ­Պէյ­րու­թի մէջ գու­մա­րո­ւող եւ գաղ­թա­կան­նե­րու նո­ւի­րո­ւած միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու հրա­մա­յա­կա­նը, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի մէջ։

Օ­գոս­տոս 10ին ան­յայտ յան­ցա­գործ մը «­Մո­լո­թով» տե­սա­կի ռումբ մը նե­տած է Կ­լեն­տէյ­լի ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սու­թեան շէն­քին վրայ, այս մա­սին «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր» թեր­թին յայտ­նած է լա­ւա­տե­ղեակ անձ մը, որ չէ ցան­կա­ցած բա­ցա­յայ­տել իր ա­նու­նը:

­Վեր­ջերս մեծ ջանք թափուե­ցաւ՝ ­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան զարկ տա­լու հա­մար ­Մեք­սի­քօ ­Սի­թիի մէջ. իր նո­ւի­րու­մով այս նպա­տա­կին զօ­րակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց մեք­սի­քաբ­նակ հայ հա­մանյ­քը՝ վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար իր իս­կա­կան եւ հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն: ­Մեք­սի­քա­յի հայ հա­մայն­քը միա­ւո­րե­լու

«Լ.Ղ..ի Հար­ցը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման և մար­դու ի­րա­ւուն­քի հարց է»,- ան­գամ մը եւս կը հաս­տա­տեն Ու­րու­կո­ւէ­յի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը։ Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ու­րու­կո­ւէ­յի Հայ Դատի Յանձ­նա­խում­բին, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րը այ­ցե­լած Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան