Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի հրա­ւէ­րով ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սի եւ Աւստ­րա­լիոյ ­Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վը գու­մա­րո­ւե­ցաւ 5-6 Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ժան­թի­նի մայ­րա­քա­ղաք ­Պո­ւե­նոս Այ­րե­սի մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի, Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի, ­Հայ Դա­տի Ո­ւա­շինկ­թը­նի գրա­սե­նեա­կի եւ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սի ու Աւստ­րա­լիոյ կազ­մա­ կեր­պա­կան հինգ շրջան­նե­րու մար­մին­նե­րէն 22 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու: Իր չորս նիս­տե­րու ըն­թաց­քին, ­Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վը բազ­մա­կող­մա­նի քննու­թեան տակ ա­ռաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, ­Ջա­ւախ­քի, Ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ եւ այ­լուր, ինչ­պէս նաեւ լսեց իւ­րա­քան­չիւր մար­մի­նի գոր­ծու­նէու­թեան զե­կու­ցու­մը եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րը: Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու շե­մին տե­ղի ու­նե­ցած այս քննար­կում­նե­րը յատ­կա­պէս կեդ­րո­նա­ցան ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­Ջա­ւախ­քի զօ­րակ­ցու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հո­լո­վոյ­թին, ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րաց­ման, ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման, ­Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու հու­նա­ւոր­ման եւ ազ­գա­յին նե­րու­ժի ամ­րապնդ­ման խնդիր­նե­րուն վրայ: