­Վեր­ջերս մեծ ջանք թափուե­ցաւ՝ ­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան զարկ տա­լու հա­մար ­Մեք­սի­քօ ­Սի­թիի մէջ. իր նո­ւի­րու­մով այս նպա­տա­կին զօ­րակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց մեք­սի­քաբ­նակ հայ հա­մանյ­քը՝ վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար իր իս­կա­կան եւ հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն: ­Մեք­սի­քա­յի հայ հա­մայն­քը միա­ւո­րե­լու ջան­քին մէջ, ա­ռաջ­նորդ ­Յով­նան Արք. ­Տէր­տէ­րեան միշտ շեշ­տած է ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան Գ­րի­գոր ­Յով­հան­նի­սեա­նի կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ ­Կի­րա­կի՝ Օ­գոս­տոս 30ին, ա­ռաջ­նոր­դը Ս. ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցեց ­Մեք­սի­քօ ­Սի­թիի «Our Lady of Lebanon» մա­րո­նին­նե­րու ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ ­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցո­ւէր ­Մեք­սի­քա­յի մէջ: ­Մեք­սի­քօ ­Սի­թի կա­տա­րուած ա­ռաջ­նոր­դին այս հին­գե­րորդ հո­վո­ւա­կան այ­ցե­լու­թեան, Ա­ռաջ­նոր­դին կ­՛ըն­կե­րա­նա­յին ­Ներ­սէս Քհնյ. ­Հայ­րա­պե­տեան եւ Ար­տակ Սրկ. ­Խա­չի­կեան: ­Տա­ճա­րը գրե­թէ լե­ցո­ւած էր հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով, ո­րոնք հո­գե­կան վե­րա­ցում ապ­րե­ցան՝ ա­կա­նա­տես դառ­նա­լով մա­տու­ցո­ւած Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ­Պա­տա­րա­գին: Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, Սր­բա­զա­նը կա­տա­րեց խա­ղո­ղի օրհ­նու­թիւ­նը եւ բա­ցատ­րեց ա­նոր հո­գե­ւոր նշա­նա­կու­թիւ­նը:

Իր խօս­քին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց ­Ճորճ ­Սաատ Ա­պի Եու­նես Սր­բա­զա­նին, որ ե­պիս­կո­պոսն է ­Մեք­սի­քա­յի ­Մա­րո­նի ե­կե­ղեց­ւոյ, իր ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար: Սր­բա­զան ­Հայ­րը խօ­սե­ցաւ հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քին հա­մար ­Լի­բա­նա­նի ու­նե­ցած ճա­կա­տագ­րա­կան դե­րին մա­սին՝ նշե­լով.- «­Կաս­կած չկայ հայ եւ լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն փո­խա­դարձ սի­րոյն եւ յար­գան­քին մա­սին: 1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, ­Լի­բա­նան մեծ սի­րով ըն­դու­նեց տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հայ գաղ­թա­կան­ներ եւ ա­նոնց ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը»: