­Սեպ­տեմ­բեր 8ին, ­Թո­րոն­թո­յի ­Հայ ­Կեդ­րո­նին մէջ կա­յա­ցած հա­մայն­քա­յին հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին, ­Գա­նա­տա­յի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Ճէյ­սըն ­Քէ­նի յայ­տա­րա­րեց, թէ ­Գա­նա­տա­յի ­Պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ե­թէ յա­ռա­ջի­կայ ­Հոկ­տեմ­բե­րին կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վերս­տին իշ­խա­նու­թեան գլուխ գայ, ո­րո­շած է ­ Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Գա­նա­տա­յի պե­տու­թեան հիւ­պա­տո­սա­րան հաս­տա­տել։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Hayernaysor.am՝ վկա­յա­կո­չե­լով ­Հայ­կա­կան ­Գա­նա­տա­կան ­Պահ­պա­նո­ղա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը: Ան նաեւ յայտ­նեց, թէ հիւ­պա­տո­սա­րա­նի կող­քին պի­տի հիմ­նո­ւի եւ գոր­ծէ գա­նա­տա­կան ա­ռեւտ­րա­կան գրա­սե­նեակ։