Երկու հայկական ժապաւէններ Վարշաւայի Միջազգային Փառատօնին արժանացած են մրցանակի
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Վարշաւայի մէջ, Սեպտեմբեր 8ին կայացած Պատմական եւ Ռազմական ժապաւէններու միջազգային 6րդ շարժանկարի փառատօնի մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ, Հայաստանէն ներկայացուած Վրէժ Պետրոսեանի «Ուրիշ Հայրենիք. Մարիա Եաքոպսընի օրագրութիւնը» ժապաւէնը արժանացած է փառատօնի հովանաւոր, Լեհական Բանակի Ուղղափառ Թե մի մրցանակին: Ջիւան Աւետիսեանի Արցախի պատերազմին նուիրուած «Թեւանիկ» ժապաւէնը արժանացած է փառատօնի կազմակերպիչ «Ռազմական Գիտութեան Ընկերակցութեան» մրցանակին: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է Լեհաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Էդգար Ղազարեան: «Ի դէպ, «Թեւանիկ» ֆիլմը ցուցադրուած է նաեւ այս տարի Յուլիսին Լեհաստանի Լիւպլին քաղաքին մէջ «Արեւելքի մշակոյթ» ծրագրի ծիրէն ներս: