«Լ.Ղ..ի Հարցը ժողովուրդներու ինքնորոշման և մարդու իրաւունքի հարց է»,- անգամ մը եւս կը հաստատեն Ուրուկուէյի քաղաքական շրջանակները։ Նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութները այցելած Աղուան Վարդանեան գտնուեցաւ Մօնթէվիտէօ եւ, շրջանի ընկերներուն հետ տեսնուելէ առաջ, կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ երկրի քաղաքական ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ։ Առաջին հանդիպումը կայացաւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Մարթին Վիտալի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, Աղուան Վարդանեան ողջունեց Ուրուկուէյի ազնիւ կեցուածքը Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի Հարցով՝ նաեւ յոյս յայտնելով, որ Հաաստան-Ուրուկուէյ արդէն ջերմ յարաբերութիւնները աւելի խորանան եւ հասնին բարձրագոյն մակարդակի։ Մարթին Վիտալն ալ, իր կարգին ողջունելով Աղուան Վարդանեանի այցելութիւնը, անգամ մը եւս հաստատեց, թէ Հայատան-Ուրուկուէյ երկկողմ կապերը ոչ միայն կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ, այլեւ անոնք աւանդական են եւ կու գան տարիներու հեռաւորութենէն։ Իսկ Արցախի Հարցով, Վիտալ կրկին վստահեցուց, թէ Ուրուկուէյի կառավարութեան դիրքորոշումը շատ յստակ է եւ մենք սկզբունքային դիրք որդեգրած ենք, որուն հիմքը մարդու իրաւունքներու, արդարութեան, մարդկային հիմնարար արժէքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հարցերն են եւ այս կապակցութեամբ, մեր այս դիրքէն ոչ մէկ ետքայլ, այլեւ դէպի յառաջ քայլեր առնելն է,- հաւաստիացուց Մարթին Վիտալ, որ շատ երիտասարդ դիւաագէտ մըն է եւ իր խօսքերէն ի յայտ եկաւ, որ ան խորապէս ծանօթ է եւ կը տիրապետէ Արցախի հակամարտութեան մանրամասներուն։
Արտաքին գործոց նախարարութենէն ետք Աղուան Վարդանեանի յաջորդ հանդիպումը խորհրդարանին մէջ էր, ուր ան ընդունուեցաւ Հայաստան-Ուրուկուէյ Բարեկամութեան Յանձնախոմբի, ինչպէս նաև Միջազգային Հարցերով Քաղաքական Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի անդամներու կողմէ։ Հանդիպումը գլխաւորեց հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ եւ Հայ Դատի զօրակիցներէն՝ ծերակոյտի անդամ Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմօ, որ ըսաւ թէ մեծ պատիւ մըն է ընդունիլ Հաաստանի Ա.Ժ.ի պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանը եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամերը։ Խօսելով Հայաստանի եւ Արցախի մասին՝ Ուէլմօ շեշտեց, թէ բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք ներկայացուած են օրէնսդիր երկու պալատներուն մէջ, միատեսակ դիրքորոշում ունին։ «Յատկապէս մեզի համար,- ըսաւ ան,- Արցախի կառավարութեան եւ անոր ժողովուրդի մարդու հիմնարար իրաւունքները, ինչպէս նաև անոր ինքնորոշման իրաւունքը, չեն կրնար փոխարինուիլ զուտ շահաբեր յարաբերութիւններով»։ Ծերակոյտի անդամը նաեւ յիշեց տարաբախտ ընկ. Վահան Յովհաննէսեանը, որ իրենց պատգամաւորական խումբին, երկու տարի առաջ, ընկերակցած էր Արցախ այցելութեան ընթացքին։