ԼՈՆՏՈՆ
Եւրոպայի մէջ տիրող իրավիճակին անդրադարձաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, դիտել տալով թէ իր երկրին համար առիթ կը ներկայանայ այս ձեւով Պրիւքսելի հետ կապերը զարգացնելու:

Ուրբաթ, Նոյեմբերի 11-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի սրահէն ներս, համատեղ նախաձեռնութեամբ, հայոց ազգային «Կատարինեան» տղոց եւ «Քանանեան» աղջկանց ուղեցոյց եւ միջնակարգ դպրոցներու տեսչութիւններու եւ ծնողական խորհուրդներու համագործակցութեամբ ինչպէս եւ երկու դպրոցներու Աշակերտական խորհուրդներու ջանքով մեկնարկը կատարուեցաւ տարեկան գրքի ցուցահանդէս-վաճառքին, որ այս տարի նուիրուած է «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակին:

Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը՝  Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան համագործակցութեամբ կը կազմակերպէ հերթական միջազգային գիտաժողով Նոյեմբեր 14-էն 15, առաւօտեան ժամը 11-ին:

ՀՅԴ-ի 121-ամեայ անցած ուղին

Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահը  մարդաշատ էր: Տօնուեցաւ 121-ամեայ կուսակցութեան յոբելեանը, որի հիմքում նախնիների թողած աւանդի շարունակականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, սոցիալիզմը եւ ինչպէս նշեց օրուայ բանախօս ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, գործն ու հաւատքն է։

Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբան հայրերէ եւ դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ կաթողիկոսարանի շրջափակը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած Հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին: