Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբան հայրերէ եւ դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ կաթողիկոսարանի շրջափակը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած Հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին:


Մայր տաճարին մէջ ներկայ ժողովուրդը մօտեցաւ այն հսկայ տաղաւարին, որուն մէջ բացումը պիտի կատարուէր ցուցահանդէսին: Ներկայ մշակութասէր բազմութեան իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով՝  Արամ Ա. կաթողիկոս վեր առաւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ հայ գիրքին դրական ներկայութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Վեհափառը հայ գիրքին իսկական տեղը նկատեց հայ ընտանիքը, որ «կոչուած է պահապանն ու տարածիչը ըլլալու հայ գիրքին»: Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն անդրադառնալով հայ ընտանիքին առողջ պահպանման, յիշեց, թէ այլ առիթներով բազմիցս շեշտած է անոր կարեւորութիւնը հայ ազգի գոյատեւման իմաստով: Այսօր, սակայն, հայ ընտանիքը եւս ունի կարեւոր դերակատարութիւնը հայ գիրքին նկատմամբ: Ան ըսաւ. «Հայ գիրքին տեղը հայ ընտանիքն է»:
Վեհափառը խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հաստատուած հայ գիրքի ցուցահանդէսներու շղթային մասին, ըսաւ, թէ անոր «33-րդը կու գայ հաստատելու մեր Ս. աթոռին նախանձախնդրութիւնը հայ գիրին ու գիրքին նկատմամբ: Սիրտս ուրախութեամբ կը լեցուի, երբ կը լսեմ կամ կը տեսնեմ, որ հայ ծնողներ իրենց զաւակներուն ձեռքէն բռնած մայրավանք կու գան ու հայ գիրք կ՛առնեն: Կ՛ուրախանամ, երբ կը լսեմ կամ կը տեսնեմ, որ հայ դպրոցներու աշակերտներ խմբովին այստեղ կու գան ու իրենց փոքրիկ լումաները տալով հայ գիրք կը գնեն, ու իրենց ծնողներուն կը տանին»:
Կարեւոր երեւոյթներէն մէկն ալ, զոր վեհափառը իր պատգամին ճամբով շեշտեց, հայ տուներուն մէջ գրադարան ունենալու երեւոյթն է: Ան մաղթեց, որ ամէն տուն ունենայ իր գրադարանը, եւ նոյնիսկ երբ հայերէնի իմացումը կը գտնուի տկար աստիճանի վրայ, «հայ գիրքը տեսնելով կշտանան անոնք», ըսաւ վեհափառը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անցնող տասնամեակներու ու յատկապէս վերջին շրջանին ցուցաբերած բծախնդրութեան անդրադառնալով հայերէն լեզուի ու մանաւանդ արեւմտահայերէնի նկատմամբ՝ վեհափառը յայտնեց, որ քանի մը ամիսներ առաջ այս առաջադրանքով տեղի ունեցած համագումարին իբրեւ բնական հետեւութիւն, որոշած է կազմել «Արեւմտահայերէնի պաշտպան խորհուրդ»՝  հովանաւորութեամբ Ս. աթոռին եւ մասնակցութեամբ սփիւռքահայ մասնագէտներու:
Ի վերջոյ, Արամ Ա. կաթողիկոս նշելով, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն որոշած է 2012-ին գիրքի միջազգային մայրաքաղաք կոչել Հայաստանի  մայրաքաղաք Երեւանը, ըսաւ, թէ Հայրապետական գիրով 2012 տարին կը հռչակէ «Հայ գիրքի տարի»:
Իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս բացուած յայտարարեց Հայ գիրքի համասփիւռքեան ցուցահանդէսը: Ապա, ներկայ մշակութասէր բազմութիւնը մօտեցաւ հին թէ նոր հրատարակութիւններուն, որոնք սփիւռքի զանազան թեմերու մէջ հրատարակուած հատորներ են, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներու լոյս ընծայած գիրքեր: