Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը՝  Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան համագործակցութեամբ կը կազմակերպէ հերթական միջազգային գիտաժողով Նոյեմբեր 14-էն 15, առաւօտեան ժամը 11-ին:


«Գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Գահիրէի համալսարանի նախագահ Հուսամ Քամէլի հովանաւորութեամբ, թիւով 4-րդն է», կը տեղեկացնէ Սմբատ Խաչատրեան, Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեանի օգնականը:
Այս տարուան գիտաժողովի թեման է «Հայաստանը Արեւմտեան եւ Արեւելեան Աղբիւրներում», եւ նուիրուած է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին: «Յատուկ դարաշրջան չենք ընտրած, որպէսզի ներկաները աւելի մեծ հնարաւորութիւն ունենան ծանօթանալու նշուած թեմային», կը տեղեկացնէ Խաչատրեան, «իսկ դասախօսները ճանաչուած գիտնականներ են Եգիպտոսէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն»:
Դասախօսութիւնները տեղի պիտի ունենան Գահիրէի Համալսարանի Բանասիրութեան կաճառի ժողովներու դահլիճին մէջ, արաբերէն լեզուով: «Հաւանաբար յարգարժան դեսպան Մելքոնեան ելոյթ պիտի ունենայ բացման խօսքով», կþըսէ Խաչատրեան: