ԼՈՆՏՈՆ
Եւրոպայի մէջ տիրող իրավիճակին անդրադարձաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, դիտել տալով թէ իր երկրին համար առիթ կը ներկայանայ այս ձեւով Պրիւքսելի հետ կապերը զարգացնելու:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց թէ «հիմնական փոփոխութեան» որպէս արդիւնք՝ եւրոպական որոշ պատասխանատուութիւններ պէտք է Պրիւքսելէն փոխանցել Ուէսթմինսթըրի...
Քամերոն ներքին հարցեր կը դիմագրաւէ «Թորիս»ներու շարքերէն ներս, ուր Մեծն Բրիտանիոյ տկար դերակատարութեան մասին մտահոգիչ ձայները կը բազմանան:

ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Ցուքոթի հրապա-րակի մաքրութեան արշաւ մը սկսած է Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը, ուր երկու ամիսէ ի վեր Occupy Wall Street շարժման ցուցարարները վրաններ լարած են: Քաղաքապետութեան գրասենեակէն հաղորդուած է թէ ցուցարարները պէտք է վրանները վերցնեն, բայց դիտել կը տրուի թէ անոնք կրնան վերադառնալ՝ հազիւ ամբողջանայ մաքրութեան աշխատանքը: