Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Համազգայինի Օրենճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը, հաւատարիմ տոհմիկ երեկոներ ներկայացնելու իր աւանդութեան՝ այս տարի ներկայացուց Պոլիսը։

«Յ. Պարսամեան» կեդրոնի «Ղազարեան» սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր «Սիամանթօ» մասնաճիւղի գործը գնահատող համակիրներով եւ սակաւաթիւ պոլսահայերով։ Մասնաճիւղի ատենապետ Զարեհ Սափսզեանի բացման եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք, մատուցուեցան Պոլսոյ հայ խոհանոցին պատկանող համեղ ճաշերը՝ պատրաստուած կամաւոր տիկիններու կողմէ։
Ճաշէն ետք սկսաւ յայտագիրը։ Օրուան բանախօս Զարեհ Սափսզեան ներկայացուց Պոլիսը՝ Բիւզանդական կայսրութեան օրերէն, Օսմանեան շրջանէն, մինչեւ մեր օրերը։ Աւելի ծանրանալով Օսմանեան շրջանին վրայ՝ բանախօսը վաւերագրականօրէն եւ թիւերով ներկայացուց հայոց բերած մեծ նպաստը Օսմանեան կայսրութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս. Սուլթանի գանձապետի պաշտօնէն մինչեւ վառօդապետի պաշտօն, երկրագործական դպրոցներու հաստատումէն մինչեւ պետական եւ իրաւագիտական համալսարաններու մէջ մեծ ներդրում ունեցող դասախօսներն ու այդ մարզերու հայ մասնագէտները, մանաւանդ՝ Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ թրքերէնի եւրոպականացման գործին մէջ իր անուրանալի նպաստը բերած եւ գլխաւոր լեզուաբանը հանդիսացած Յակոբ Մարթայեանը (Տիլաչարը)։
Ապա Սափսզեան շեշտեց 1850ականներէն մինչեւ 1915 թուականներուն հայկական Պոլսոյ ունեցած քաղաքական, հասարակական եւ ազատագրական ազդեցութիւնը՝ հայ բոլոր գաղութներուն եւ զան-գուածներուն վրայ՝ նշելով, որ այդ սերունդը լեզուական բծախնդրութիւնը պաշտամունքի վերածելով՝ Արեւմտահայ լեզուն հասցուց փառքի ու նուաճումներու գագաթներու։
Արմէն Արոյեան սահիկներով (slide) ցոյց տուաւ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիները, հայ հանրածանօթ անձանց գերեզմաններն ու քաղաքի պատմական ու յատկանշական վայրերը։ Ապա յաջորդեցին մենապարեր եւ ասմունքներ:
Աւարտին, Սեդրակ Պռոնզեան, Պարոնեանէն պոլսական կեանքը ներկայացնող երեք «սքեչ»երով եւ իր դերասանական ուրոյն դիմագիծով ու ձայնով, զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծեց։