Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի վարչապետներ Անկելա Մերքել եւ Նիքոլա Սարքոզի շատոնց արդէն հասկցած կը թուին ըլլալ, թէ անկարելի պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան «27» երկիրներու համամտութիւնը ստանալ, Եւրօգօտիէն ներս խստացուած շրջագիծ որդեգրելու կապակցութեամբ:


«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ իր կարեւոր առաքելութիւնը
նոր գիրքեր հրատարակելով 
 

Պոլսոյ գրախանութներուն մէջ պատուաւոր տեղ կը գրաւեն հայկական «Արաս» հրատարակչատան գիրքերը, որ երկար տարիներու փորձառութեամբ կը շարունակէ կարեւոր գիրքեր ներկայացնել Թուրքիոյ հանրութեան, հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով:

Երբ այդ բոլորը
Ինծի ալ թուի շատ սովորական
Պարզ ու ընտանի
Ինչպէս ամենուն, ինչպէս ամէն տեղ
Եւ ես թօթափեմ
Այս ջերմ բայց յոգնած
Վիպական լեզուն
Ու զգաստացած
Ես ալ իմ կարգը
Ինչպէս որ հարկ է
Ու դառնամ «նորմալ»…

12.286.478  ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւններ  կատարուեցան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 14-րդ հեռուստամարաթոնը երէկ երեկոյեան ժամը 18:00ին սկսաւ (Աթէնքի ժամանակացոյցով) եւ աւարտին հասաւ այսօր առաւօտեան ժամերուն:
Հեռատեսիլի արբանեակային կայաններէն Լոս Անճելըսէն ուղղակի սփռուեցաւ մարաթոնը: Հայաստանի մէջ թելեթոնը սփռուեցաւ «Հ1», «Արմենիա», «Շանթ» եւ «Երկիր Մետիա»            կայաններէն:

 Աթէնքի ժամով,  այսօր երեկոյեան ժամը 18:00ին,
պիտի սկսի ԱՄՆի մէջ Հեռուստամարաթոն 2011ը,
որ պիտի ցուցադրուի հայկական արբանեակային
բոլոր կայաններէն: