Ուրբաթ, Նոյեմբերի 11-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի սրահէն ներս, համատեղ նախաձեռնութեամբ, հայոց ազգային «Կատարինեան» տղոց եւ «Քանանեան» աղջկանց ուղեցոյց եւ միջնակարգ դպրոցներու տեսչութիւններու եւ ծնողական խորհուրդներու համագործակցութեամբ ինչպէս եւ երկու դպրոցներու Աշակերտական խորհուրդներու ջանքով մեկնարկը կատարուեցաւ տարեկան գրքի ցուցահանդէս-վաճառքին, որ այս տարի նուիրուած է «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակին:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ներկայ էին՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Գալստանեանը, Կրթական խորհրդի ներկայացուցիչները, «Քանանեան» դպրոցի տեսչուհի տկն. Սալարիֆարը, երկու դպրոցներու փոխ տեսուչները, ուսուցչական կազմերը, ծնողական խորհուրդները, աշակերտները եւ ծնողները:
Ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը կատարուեցաւ տէր հօր կողմէ, ապա այս առիթով արտայայտուեցան աշակերտներ՝ Շաղիկ Մատթէոսեանը եւ Րաֆֆի Դիլանչեանը: Ելոյթներու շարքին էր նաեւ «Քանանեան» աղջ. դպրոցի փոխտեսչուհի Ռիմա Սիմոնեանի խօսքը, որ շնորհաւորելով «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակը՝ ներկաներին հաղորդեց ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքները:
Քահանայ հօր եւ տեսչութեան կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ նշուած դպրոցներու գրադարանի պատասխանատու Վերգինէ Միրզախանեանին, որ կատարելով իր պարտականութենէն աւելին՝ ջանք չի խնայեր հայ աշակերտի սէրը դէպի ընթերցանութիւն բարձրացնելու եւ գրադարանի գիրքերը նոր ու սակաւագիւտ հրատարակութիւններով համալրելու ուղղութեամբ:
Հանդիսութենէն յետոյ՝ «Քանանեան» եւ «Կատարինեան» դպրոցներու Աշակերտական խորհուրդներու նախաձեռնութեամբ կրթահամալիրի բակին մէջ կազմակերպուեցաւ ուրախ ժամանց եւ ներկայ աշակերտները առիթ ունեցան մօտենալով նախատեսւած կրպակներուն՝ վայելել հաճելի խաղերը:
Յատկանշական է, որ 10 օր տեւողութեամբ սոյն ցուցահանդէս-վաճառքին ընթացքին մանուկներու, պատանիներու եւ մեծահասակներու համար նախատեսուած հայերէն, պարսկերէն եւ անգլերէն լեզուներով գիրքերու ու մտքի խաղերու կրպակներէն զատ՝ տեղադրուած է նաեւ «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակին նուիրուած կրպակ մը, ուր կը ցուցադրուին օրաթերթի երկար տարիներու արխիւներէն, «Մանկական էջ»-էն, «Խաչմերուկ»-էն եւ տարբեր յաւելուածներէ նմուշներ: