ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ «VIZA» նուագախումբին հետ համագործակցաբար ու «Broadcause» համացանցային կայքին միջոցաւ, նախաձեռնած է համացանցային արշաւի մը, որուն նպատակն է՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական եկեղեցիներու, եկեղեցական կալուածներու եւ ստացուածքներու վերադարձը ապահովել:

Դեկտեմբեր 23ի երեկոյեան, փարիզեան արուարձաններէն Վիթրիի մէջ, չորս հայ երիտասարդներ հայերէն խօսելով կայարան մօտենալու պահուն, երեք երիտասարդ անձերու կողմէ հարցապնդուած են, իրենց խօսած լեզուին մասին։

Ֆրանսայի  «Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող օրէնքի հեղինակ Վալերի Պոյէր Թուրք կայքահէններու կողմէ իր կայքին վրայ յարձակումէն ետք, կը շարունակէ բազմաթիւ սպառնալիքներ ստանալ թուրքերէն:

ՓԻՈՆԿ ԵԱՆԿ
Տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ այսօր   առաւօտուն հրաժեշտ տուին հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ-Իլին, որ սրտի տագնապի հետեւանքով մահացաւ շաբաթ մը առաջ:

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Խալուք Քոչ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումով հասկնալի դարձաւ, որ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ չի կրնար չէզոք ըլլալ: