Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ twitter-ի միջոցաւ երէկ յայտարարեց, թէ որոշուած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպման թուականը:

Երկու կարեւոր լրատուամիջոցներ՝ Euronews եւ CNN տարբեր նիւթերով անդրադարձ կատարած են հայկական մշակոյթին։

ՓԻՈՆԿ ԵԱՆԿ
Հարաւային Քորէայի նոր ղեկավար՝ նոր մահացած Քիմ Եոնկ Իլի որդին՝ Քիմ Եոնկ Ուն, իր առաջին ելոյթը ունեցաւ երէկ, կառավարութեան  եւ իր կուսակցութեան պատկանող անդամներու հետ միասին: Իր հօր թաղման արարողութիւնը նախատեսուած է կատարել 28 Դեկտեմբերին:

ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԺԱՄԿԷՏԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

ՉԻՉԵՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՀԱՐՑՈՎ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ
ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ

Ըստ լրագրող Ժան Էքեանի, Ֆրանսայի խորհրդարանը 22 Դեկտեմբերին պիտի քննարկէ  ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին նոր օրինագիծը, իսկ այդ օրը Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները խորհրդարանի շէնքին առջեւ ցոյց պիտի կատարեն:

ՔԱՊՈՒԼ
Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ,  ներում շնորհեց աֆղան կնոջ մը, որ բռնաբարուած ըլլալով բանտարկուած էր 2009էն ի վեր: Տուեալ դէպքը բաւական մեծ արձագանգի արժանացաւ օրին, երբ Կիւլնազ դատապարտուեցաւ 12 տարուայ բանտարկութեան,