ՓԻՈՆԿ ԵԱՆԿ
Տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ այսօր առաւօտուն հրաժեշտ տուին հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ-Իլին, որ սրտի տագնապի հետեւանքով մահացաւ շաբաթ մը առաջ:
Միջազգային ընտանիքը մտահոգուած կը դիտէ երկրի նոր ղեկավար 29ամեայ Քիմ Եոնկ Ունը, որ բաւարար փորձառութիւն չունի՝ «հիւլէական» ծրագիրներով յառաջացող երկիրը կառավարելու գործին մէջ:
ԴԱՄԱՍԿՈՍ
Հ ազարաւոր սուրիացիներ ողողեցին Հոմսի փողոցները, բողոքելով Պաշար Ալ Ասատի վարչակարգին դէմ: Անոնք կոչ ուղղեցին Արաբական Լիկայի դիտորդներուն, որպէսզի հետաքրքրուին իրենցմով եւ բացայայտեն բռնութեան դէպքերը որ կ'իրագործուին Սուրիոյ մէջ: Reuters գործակալութիւնը երիզ մը հեռասփռած է, ուր ցուցարարները արցունքոտ աչքերով մօտեցած են դիտորդներն, խնդրելով վերջ տալ ստեղծուած կացութեան:
ՃԱԳԱՐԹԱ
Չորս հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ 12 հոգի վիրաւորուեցան, Ինտոնէզիոյ մէջ հրաբուխի մը պայթումին հետեւանքով: