- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, վեհարանին մէջ ընդունելով սիւննի եւ շիի բարձրաստիճան հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց երկու միաստուածեան կրօններուն ունեցած հասարակաց արժէքները եւ աւանդութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Թուրքիոյ պետութեան կողմէ պատրաստուող նոր սահմանադրութեան համար, երկրի ոչ-մահմետական համայնքներու հոգեւոր պետերն ու ներկայացուցիչները Դեկտեմբերի վերջաւորութեան ի մի հաւաքուեցան Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Նախապէս մրցակից տասնմէկ լրագիրներ կը միացնեն իրենց ջանքերը Սլովենիոյ մէջ, միացեալ համացանցային ծաւալուն կայքէջ մը ստեղծելով:
Piano Media անունով ծանօթ դարձած այս ծրագրին մէջ պիտի ներառնուին երկրի բոլոր թերթերը, որու սկզբնական փորձը Սլովաքիոյ մէջ կատարուած է, Ապրիլ 2011էն սկսեալ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
6 Յունուարին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին նշեց Ս. Ծննդեան տօնը:
Հայաստանի եւ համայն հայաշխարհի մէջ հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցի,
սուրբ պատարագի համար, որ պատկերասփիւռի արբանեակային կայաններուն ճամբով
սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կÿողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ ձեզի կը մաղթենք աստուածային բարիքներով լեցուն եւ հոգեւոր արժէքներով ու ազգային իրագործումներով հարուստ տարի մը։