Հայ նորահաս սերունդինառողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցի ամուր դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն  մէկը եղած է միշտ:

Երկրի նախագահական ընտրութիւններու երկու թեկնածուներն ալ՝ Նիքոլա Սարքոզի եւ Ֆրանսուա Հոլանտ, ներկայ եղան Փարիզի Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած ոգեկոչական արարողութեան:

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ

Ապրիլեան նահատակաց տօնին, 24 Ապրիլ 2012-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ՝ Թաւրիզ եւ Ուրմիա, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, եւ ապա հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու հոգւոց խաղաղութեան համար:

Միլիոնաւոր հայեր, ամբողջ աշխարհի տարածքին, ոգեկոչեցին Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի ը: Ծիծեռնակաբերդէն արկայծող ջահերն ու անմար կրակը տարածուեցան հայկական բոլոր գաղութներուն վրայ, համայն հայութեան հսկայ ներուժը համախմբելով՝ մեր արդար դատի միջազգային ճանաչման եւ քաղաքական արդար հատուցման պահանջներուն շուրջ:

Պոլսոյ  Ս.Խաչ Դպրեվանքի  նախկին սաներէն Վահրամ  Մարտինեան ու Այգ Գատըեանի «Հայ Տպագրութեան 500-ամեակը միասնաբար նշելու եւ Ս. Յարութեան  տօնը Ս.Ղազար վանքի մէջ տօնելու  նպատակաւ, 5-9  Ապրիլին  կազմակերպուած Վենետիկի  ուխտագնացութեան մասնակցեցան Թուրքիայէն,  Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն,  Գերմանիայէն եկող, Ս.Խաչ Դպրեվանքի նախկին սաներ ու դպրեվանքի համակիրներ, աւելի քան 80 ուխտաւորներ, որոնք չորս օրերու ընթացքին  Վենետիկի Մուրատ Ռաֆաէլեան վարժարանի մէջ  ապրեցան  պատմական օրեր։