(Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին առիթով)
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 23-26 Փետրուար 2012-ին տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ Ճանաչումէն Հատուցում» թեմայով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ:
Համագումարին մասնակցեցան միջազգային օրէնքի երեսուն օտար մասնագէտներ Եւրոպայի ու Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարաններէն, միջազգային դատական ատեաններու դատաւորներ, պետական երեսփոխաններ, Ցեղասպանութեան ու 20-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ծանօթ անձեր եւ հայ դատի մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Արդարեւ, եզակի նախաձեռնութիւն էր յիշեալ համագումարը: Եզակի՝ մասնակիցներուն ունեցած մասնագիտութեամբ, որակով ու փորձառութեամբ. եզակի նաեւ՝ մեր պահանջատիրութիւնը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ դիտելու ու արժեւորելու իր յստակ նպատակով: Ներկայացուած մասնագիտական զեկոյցներու ու քննարկումներու ճամբով համագումարը երեք օրեր շարունակ համապարփակ հայեցակէտով քննարկեց միջազգային օրէնքի տրամադրութիւնները ընդհանրապէս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու մասնաւորաբար հատուցման գծով: Այս ծիրէն ներս նկատի առնուեցան Մարդկային Իրաւանց Հռչակագիրը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որդեգրած Ցեղասպանութեան Ուխտագիրը, Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի որոշումները, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ու հատուցման առնչուած ՄԱԿ-ի յարակից մարմիններուն յայտարարութիւնները ու որոշումները:
Անհրաժեշտ կը նկատենք մի քանի ընդգծումներ կատարել՝
ազգային պահանջատիրութեան նոր շեշտաւորում եւ աշխատանքներուն
նոր հունաւորում տալու հեռանկարով.-
Ա.- Անցնող տասնամեակներուն հայ դատի մարմինները, քաղաքական կուսակցութիւնները ու մեր եկեղեցին հսկայ աշխատանք կատարեցին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ մեր արդար իրաւունքները օտարներուն ծանօթացնելու իմաստով: Քարոզչական այս աշխատանքները իրենց դրական արդիւնքը ունեցան եւ մեր ժողովուրդին դատը սկսաւ ծանօթ դառնալ օտար ազգերուն. եւ աւելին՝ պետութիւններ ու կրօնական կազմակերպութիւններ սկսան պաշտօնապէս ճանչնալ մեր ժողովուրդին դատը: Այս ուղղութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատկանշական դեր կատարեց միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական իր լայնածաւալ գործունէութեամբ: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայաստանի պետութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան արծարծումը արտաքին քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու ճամբով, նոր հունաւորում տուաւ մեր պահանջատիրութեան: Ցարդ կատարուած աշխատանքը առաւելաբար քարոզչական, քաղաքական ու դիւանագիտական բնոյթ ունէր. կը պակսէր իրաւական տարածքը: Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած համագումարին նպատակը փաստօրէն ա՜յս էր.- մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը քննարկել, ուսումնասիրել ու հետապնդել իրաւական գետնի վրայ:
Բ.- Վեհափառ Հայրապետը համագումարի ընթացքին կարեւոր հաստատում մը կատարեց ըսելով.- Անհրաժեշտ է քարոզչական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ իրաւական տարածքներու միջեւ սերտ առնչութիւն ստեղծել եւ ներդաշնակում յառաջացնել, որովհետեւ անոնք զիրար կþամբողջացնեն ու կը զօրացնեն: Ռազմավարական ու մարտավարական այս մօտեցումը կը նկատենք խիստ հրամայական, որ կÿենթադրէ իւրայատուկ մտածելակերպ ու գործելակերպ: Արդարեւ, իրարմէ անջատ ու հեռու աշխատանքներ պէտք չէ դառնան մեր իրաւունքներու հետապնդման առընչըւած ծրագիրներն ու ճիգերը: Անոնք պէտք է երբեմն ըլլան իրարու զուգահեռ, երբեմն պէտք է կատարուին միասնաբար, համաձայն պայմաններուն, սակայն միշտ ներդաշնակաբար: Նման գործելակերպ իր բարերար արդիւնքը պիտի ունենայ ազգային պահանջատիրութեան մեր աշխատանքներուն մէջ:
Գ.- Նման գործընթացք բնականաբար կþենթադրէ դերերու յստակեցում ու աշխատանքի բաժանում: Վեհափառ Հայրապետը բազմիցս Անթիլիասի թէ Երեւանի մէջ, իր պատգամներուն ու գրութիւններուն մէջ շեշտած է ազգային պահանջատիրութեան աշխատանքներու շրջագիծէն ներս դերերու բաշխում կատարելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: Այսպէս, Հայաստանի պետութիւնը իր իւրայատուկ դերը պէտք է ունենայ. Սփիւռքը՝ իր իւրայատուկ դերը. եկեղեցին՝ իր իւրայատուկ դերը: Հարկ է հեռու մնալ խաչաձեւումներէ ու կրկնութիւններէ: Դերերու տարբերութիւնները անհրաժեշտ է պահել, որովհետեւ անոնք զիրար կþամբողջացնեն: Անհրաժեշտ է սակայն հիմնական հարցերու շուրջ հաւաքական տեսակէտներ ունենալ ու կեցուածքներ ճշդել: Հո՜ս կը կայանայ մեր դատին հզօրութիւնը: Չմոռնանք, որ մեր պահանջատիրութիւնը մէ՜կ է եւ այդ մէկութիւնը պէտք է մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտուի: Չմոռնանք, որ վերջին շրջանին ցեղասպանը սկսած է օգտագործել ազգային պահանջատիրութեան գծով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ երբեմն երեւան եկող տարբեր շեշտաւորումները: Հարկ է ըլլալ զգո՜յշ եւ արթո՜ւն:
Դ.- Փաստօրէն ազգային պահանջատիրութեան մեր հաւաքական ըմբռնումը ու սահմանումը տակաւին կը մնան ընդհանրութեան սահմաններէն ներս: Այսպէս, ի՞նչ կը պահանջենք ցեպասպանէն.- Ցեղասպանութեան ճանաչում, հողային պահանջք, կալուածներու վերադարձ, նիւթական հատուցում, եւայլն.: Ոմանք կը մտածեն որ անհրաժեշտ է յստակեցում կատարել այս ուղղութեամբ: Ուրիշներ կը խորհին թէ մեր պահանջատիրութիւնը այս հանգրուանին առաձգական պահելը կրնայ մեզի աւելի նպաստաւոր ըլլալ: Երկու մօտեցումներն ալ կարելի է նկատել շինիչ: Միաժամանակ անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել դուրս գալու այս նեղ օղակէն ու ընդհանրացումներէն: Այլ խօսքով, առանց անտեսելու ճանաչման գծով կատարուող աշխատանքները, ժամանակը հասած է այլեւս ճանաչումէն անդին մեր աշխատանքը ուղղելու դէպի հատուցում: Ա՜յս հեռանկարով կազմակերպուեցաւ Անթիլիասի համագումարը:
Ե.- Անթիլիասի համագումարը լուսարձակի տակ բերաւ ընդհանրապէս հատուցման ու մասնաւորաբար եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձի խնդիրը: Ինչո՞ւ այս շեշտադրումը ա՜յս հանգրուանին.- ա) Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը անցեալ տարի որոշում առաւ, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող փոքրամասնութիւններու եկեղեցապատկան ինչքերը, շարժուն եւ անշարժ, վերադարձուին իրենց իրաւատէրերուն: բ) Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւս վերջերս որոշում առաւ 1929-էն ասդին պետութեան կողմէ բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու իրենց սեփականատէրերուն: Այս երկու որոշումները որոշ իմաստով արթնութեան կոչ էին ուղղուած մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, գործնապէս արտայայտելու իր պահանջատիրութիւնը՝ Կիլիկիոյ մէջ ունեցած իր կալուածներուն գծով:
Զ.- Համագումարին ընթացքին պարզուեցաւ թէ միջազգային օրէնքի տուեալները կալուածներու վերադարձին գծով երբեմն նպաստաւոր էին ու երբեմն՝ ո՜չ-նպաստաւոր: Սակայն, համագումարը մեր առջեւ բացաւ նոր հորիզոններ՝ մեր պահանջատիրութիւնը ու մանաւանդ կալուածներու վերադարձի հարցը ներկայացնելու միջազգային ատեաններուն, հակառակ գոյութիւն ունեցող անպատեհութիւններուն եւ քաղաքական ոչ-նըպաստաւոր պայմաններուն: Վեհափառ Հայրապետը իր փակման խօսքին մէջ անդրադառնալով այս կացութեան, ըսաւ.- Եկեղեցապատկան ու ազգապատկան հազարաւոր կալուածներ ունինք Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Չենք կրնար անտարբեր ու ձեռնածալ մնալ. մենք պահանջատէր ենք: Որքան ալ դժուար ու երկար ըլլայ մեր առջեւ բացուող ճամբան, մենք պարտաւոր ենք քալելու այդ ճամբէն: Մեր նահատակներուն կտակը մեզի համար նուիրական է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայ Կաթողիկէ ու Բողոքական եկեղեցիներուն եւ մեր կուսակցութիւններուն հետ գործակցաբար յառաջիկային պիտի պատրաստէ աշխատանքային ծրագիր: Բնականաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած այս համագումարը ազգային պահանջատիրութեան դիմաց նոր հորիզոններ կը բանայ: Անհրաժեշտ է շարունակել այս աշխատանքը պատասխանատու մօտեցումով, հետեւողական ճիգով ու միասնական ոգիով: