Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան - Կիրակի 3 Յունիս 2012-ին, Թաւրիզի Լիլաւա թաղամասի «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Գոհաբանական Մաղթանք, Հայաստանի Անկախութեան 94-րդ տարեդարձի բարեբաստիկ առիթով:

«ԱԼԻՔ»- Հայաստանի Կամերային նուագախումբը, բաղկացած 20 հոգիէ, 14 գիշերներ համերգներ պիտի ունենայ «Վահդաթ» (Ռուդաքի) դահլիճին մէջ՝ ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Լորիս Ճգնաւորեանի:

ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Քոֆի Անան ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով դատապարտեց Սուրիոյ Հուլա եւ Քուպէյր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերը, առանց նշելու, թէ որո՞նց կողմէ գործադրուած են անոնք:

ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրո-պայի եւ Եւրասիայի հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն մասնակցած է «Ամերիկայի թուրքերու խորհուրդի» 31-րդ ժողովի բացման արարողութեան եւ իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցին:

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի նպաստեր անվտանգութեան հաստատման տարածաշրջանէն ներս: Այս մասին այսօր յայտարարեց Վրաստանի արտաքին գործերու փոխ նախարար Նինօ Քալանդաձէն: