Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գտնուող փոքր Նեմրութ լերան (Մեծ Նեմրութը կը գտնուի Վանայ լիճի արեւմտեան կողմը, բարձրութիւնը՝ 3050 մ.) վրայ գտնուող հայ հեթանոսական աստուածներու յուշարձաններու խումբը կը գրաւէ Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը։
Սակայն թէ՛ ցուցանակներուն վրայ, թէ՛ զբօսաշրջիկներուն ընկերակցող առաջնորդներուն պատմածներուն ընթացքին ամբողջովին կը բացակայի «հայ» անունը՝ շեշտը դնելով միայն յունական աստուածներու անուններուն վրայ:
Հայկական Երուանդունիներու թագաւորութեան կրտսեր ճիւղի՝ Կոմմագենէի կամ Կամախի արքայ Անտիոքոս Ա.ը, որ Ն. Ք. 70 թուականին Հայոց արքայ Տիգրան Մեծի կողմէ թագադրուած էր Տիգրանեան թագով, 2150 մեթր բարձրութիւն ունեցող Նեմրութ լերան վրայ կառուցած էր իր դամբարանը եւ անոր շուրջ տեղադրած հեթանոսական աստուածներուն եւ իր արձանը:
Նեմրութ լերան գագաթին կը գտնուի Անտիոքոս Ա.ի դամբարանը, որ կը ներկայացնէ մօտ 50 մեթր բարձրութեամբ աւազաբլուր, որուն մէջ, ըստ պնդումներուն, թաղուած է Անտիոքոսը: Աւազաբլուրներու արեւելեան եւ արեւմտեան կողմը Անտիոքոս Ա.ի կողմէ կանգնեցուած են Արամազդի, Անահիտի, Միհրի, Տիրի եւ Վահագնի մօտ 9 մեթր բարձրութեամբ արձանաշարերը: Բացի իր եւ աստուածներու արձաններէն՝ Անտիոքոս հոն կանգնեցուցած է նաեւ թագաւորութեան խորհըրդանիշ առիւծի եւ արծիւի արձանները, որոնց մերձակայքը կը գտնուի Անտիոքոսի նախնիներուն պատկերները՝ քանդակուած ժայռաբեկորներուն մէջ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Նեմրութ լերան դամբարանաբլուրը մեծ վէճի առարկայ դարձած է Թուրքիոյ Ատըյաման եւ Մալաթիա նահանգներուն միջեւ: Նեմրութ լեռը կը գտնուի Ատըյաման նահանգի տարածքին մէջ, սակայն Մալաթիոյ նահանգապետարանը կը պնդէ, որ լերան վրայ կան յուշարձաններ, որոնք Մալաթիոյ նահանգին սահմաններուն մէջ կ՛իյնան:
Տարիներ տեւող այս վէճը տակաւին վերջնական լուծում չէ գտած: Ատըյամանի նահանգապետարանը բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուցած է՝ զգուշացնելով Մալաթիոյ նահանգապետարանը Նեմրութ լերան աստուածներուն պատկերները իբրեւ Մալաթիոյ խորհրդանիշ օգտագործելէ: Այս վէճին պատճառն այն է, որ Նեմրութ այցելող զբօսաշրջիկները մեծ գումարներ կը ծախսեն, ուստի, ամէն նահանգ աշխատանք կը տանի զբօսաշրջիկները իր նահանգին միջոցով ուղղորդել դէպի Նեմրութ:
Լերան վրայ տիրող անբարենպաստ եղանակային պայմանները՝ ուժեղ քամիները եւ սաստիկ սառնամանիքները, մեծ վնաս կը հասցնեն յուշարձաններուն: «Մեր քունը կը կորսնցնենք այն մտահոգութեամբ, որ այդ արձանները յանկարծ կրնան վնասուել: Իմ ձեռքս ըլլար, վերմակս այդ արձաններուն վրայ կը փռէի», առիթով մը ըսած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայը՝ շեշտելով, որ իրենք տարբեր առաջարկներ ստացած են՝ արձաններու պահպանման առընչուած: Ըստ նախարարին, որոշ մասնագէտներ կ՛առաջարկեն արձանները պատել քիմիական լուծոյթներով, որոնք պիտի ապահովեն արձաններու ամրութիւնը, ինչպէս նաեւ արձաններուն շուրջ ապակեայ պատ կառուցել կամ վրան տեղադրել: «Ձմրան շրջանին լերան վրայ ուժեղ քամի կը փչէ, անոր չեն դիմանար թէ՛ վրանը, եւ թէ ապակեայ պատերը: Իսկ ամուր ապակեայ պատեր կառուցելու համար անհրաժեշտ է հիմեր փորել, ինչ որ աւելի մեծ վնաս կը պատճառէ արձան- ներուն: Այդ պատճառով ալ կը մտածենք, որ յարմարագոյն տարբերակը այն է, որ արձանները ուղղաթիռով տեղափոխուին 800 մեթր աւելի ցած գտնուող Քահթայի թանգարաններէն մէկը», նշածէր Էրթուղրուլ Կիւնայը: