ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԵՒ ՀՈԼԱՆՏԱ ԵՒՍ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԸ ԳՏՆԵՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովական քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն Ուրբաթ, Յունիս 8ին մտահոգութիւն յայտնած է վերջին քանի մը օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն առնչութեամբ:
«Գերագոյն ներկայացուցիչը խիստ մտահոգուած է Յունիս 4ին, 5ին եւ 6ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերու առնչութեամբ եւ խոր մտահագութիւն յայտնած է մարդկային կորուստներու առնչութեամբ» նշուած է Քեթրին Էշթընի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրու- թեան մէջ:
Եւրոմիութեան ներկայացուցիչը զինադադարը յար-գելու եւ զսպուածութեան իր կոչին մէջ կÿըսէ թէ ինչպէս ուժի ու անոր սպառնալիքի կիրառումը, այնպէս ալ իրավիճակին անփոփոխ պահպանումը չեն նպաստեր հակամարտութեան կարգաւորման: «Այս միջադէպերը անգամ մը եւս կ՛ընդգծեն ԵԱՀԿի կողմէ առաջարկուած սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան գործընթացքի հաստատման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու յառաջընթացի անհրաժեշտութիւնը»: Ներկայացուցիչը կոչ կ՛ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, որպէս գործընկեր երկիրներ, ջանքեր գործադրել Մատրիտեան սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար, որոնք հիմք պիտի ծառայեն խաղաղութեան: «Եւրոմիութիւնը կը վերահաստատէ իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած համանախագահներու ջանքերուն», նշուած է Էշթընի հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի կանուխ, Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Ռոլան Քոպիա յայտարարած էր, թէ վերջին բախումնները դարձեալ ցոյց կու տան կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Ան աւելցուցած էր, թէ կողմերը պէտք է բանակցութիւններ վարեն սեղանի շուրջ եւ ոչ թէ զէնքերով:
ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը եւս մտահոգութիւն յայտնած է սահմանային դէպքերուն կապակցութեամբ: Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի աշխատանքները համակարգող Ուիլեըմ Լաու յոյս յայտնած է, որ ստեղծուած իրավիճակը «մեծ անկայունութիւն» չի պատճառեր, աւելցնելով, որ ՆԱԹՕ նեցուկ կը կանգնի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն:
Նաեւ, Գերմանիոյ ու Հոլանտայի կառավարութիւնները Յունիս 8ին յայտարարեցին, թէ մտահոգիչ կը գտնեն սահմանային ընդհարումները: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը յայտնած է. «Գերմանիոյ կառավարութիւնը շատ անհանգստացած է այս միջադէպերով եւ ցաւ կը յայտնէ մարդկային կորուստներուն համար: Կոչ կ՛ընենք կողմերուն, որ յարգեն զինադադարը: Գերմանիա լիովին կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հասնի խաղաղ լուծումի մը, բանակցութեանց ճամբով»:
Հոլանտա եւս իր աջակցութիւնը յայտնած է Մինսկի խմբակին բանակցութեանց, որոնք կը նպաստեն հակամարտ երկիրներու եւ տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման: «Մենք կոչ կ՛ընենք երկու երկիրներուն, ներգրաւուիլ կառուցողական երկխօսութեան մէջ եւ համաձայնութեան գալ՝ հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ», ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կարեւոր նկատած է Կովկասի մէջ կայունութեան վերահաստատումը: